Բացում
ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Երբ աղէտ մը հարուածէ կամ երբ մարդիկ չարչարուին եւ մեռնին, թերեւս հարց տանք. Աստուած կը տեսնէ՞ կամ հետաքրքրուա՞ծ է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ.
«Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է» (Ա. Պետրոս 3։12)։
Դիտարան–ի այս թիւը ցոյց կու տայ, որ Աստուած ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ հիմա եւ ինչպէ՛ս մօտ օրէն մարդոց չարչարանքին վերջ պիտի դնէ։