Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Օգոստոս էջ 13-17
  • Վճռած եմ ձեռքերս չթուլցնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վճռած եմ ձեռքերս չթուլցնել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԾՆՈՂՔՍ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՍ–ՔՈՅՐԵՐՍ
  • ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԱՅ
  • ԴԱՍԵՐ ՍՈՐՎԵՑԱՅ
  • ՔԵՊԷՔԻ ՊԱՅՔԱՐԸ
  • ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՄԱՐԶԵԼ՝ ԻՐԵՆՑ ԼԵԶՈՒՆ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ
  • ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
  • ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԿՈՂԱԿԻՑԻՍ ՀԵՏ ԾԱՌԱՅԵԼ
  • ՈՒՐԻՇ ԱՓՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԵՑԻՆՔ
  • Եհովային ծառայութեան մէջ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Շատ դասեր սորվեցանք մեր Մեծ Ուսուցիչէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Լաւ օրինակներէն սորվելով առատապէս օրհնուեցայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Օգոստոս էջ 13-17

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Վճռած եմ ձեռքերս չթուլցնել

Կը պատմէ Մաքսիմ Տանիլէյքօ

«ՊԱՊ», «ՀԱՅՐԻԿ», «ԱՄՄՕ»։ Երիտասարդ բեթէլականներէն շատեր այսպէս կանչած են զիս։ Եւ 89 տարեկան ըլլալով, կ’ախորժիմ ասկէ։ Կը սեպեմ որ այս ջերմ արտայայտութիւնները՝ 72 տարուան լիաժամ ծառայութեանս վարձատրութիւններէն մէկն են, որ Եհովայէն ստացած եմ։ Եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ իմ ունեցած փորձառութիւններուս հիման վրայ կրնամ այդ երիտասարդները վստահեցնելով ըսել. ‘Ձեր գործին վարձք կայ, եթէ ձեռքերնիդ չթուլնան’ (Բ. Մն. 15։7)։

ԾՆՈՂՔՍ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՍ–ՔՈՅՐԵՐՍ

Մաքսիմ Տանիլէյքօ

Ծնողքս Ուքրանիայէն գաղթեցին Քանատա եւ հաստատուեցան Մանիթոպա նահանգին Ռոսպըրն գիւղաքաղաքին մէջ։ Սիրալիր մայրս ունեցաւ 8 տղայ եւ 8 աղջիկ,– երկուորեակներ չկան,– եւ ես 14–րդն էի։ Հայրս Սուրբ Գիրքը կը սիրէր եւ ամէն կիրակի առտու անկէ կը կարդար մեզի։ Սակայն իր կարծիքով, կրօնքը դրամ շահելու միջոց է, եւ շատ անգամ կատակով կ’ըսէր. «Արդեօք Յիսուսին ո՞վ կը վճարէր, որպէսզի քարոզէր եւ սորվեցնէր»։

Եղբայրներէս չորսը եւ քոյրերէս չորսը յետագային ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ Քոյրս Ռոզ մինչեւ իր մահը ռահվիրայութիւն ըրաւ։ Ան իր վերջին օրերուն՝ ամէն անձ կը քաջալերէր, որ Աստուծոյ Խօսքին ականջ տայ, ըսելով. «Կ’ուզեմ քեզ տեսնել նոր աշխարհին մէջ»։ Մեծ եղբայրներէս մէկը՝ Թետ, սկիզբը դժոխքի մասին կը քարոզէր։ Ամէն կիրակի առտու, ռատիոյէն կը քարոզէր ու մարդոց խստօրէն կ’ըսէր, որ մեղաւորները յաւիտեան պիտի այրին դժոխքին չմարող կրակին մէջ։ Բայց յետագային, ան Եհովային հաւատարիմ եւ նախանձախնդիր ծառան եղաւ։

ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԱՅ

Օր մը, յունիս 1944–ին, դպրոցէն տուն եկայ եւ Գալիք համաշխարհային բարեփոխութիւնըa անունով գրքոյկ մը տեսայ ճաշասեղանին վրայ։ Առաջին էջը կարդացի, ապա՝ երկրորդ էջը եւ ետքը չկրցայ գրքոյկը ձեռքէս ձգել։ Ամբողջ գրքոյկը կարդալէ ետք, որոշումս առի. կ’ուզեմ Յիսուսին պէս Եհովային ծառայել։

Այդ գրքոյկը ինչպէ՞ս հասաւ մեր սեղանը։ Եղբայրս Սթիվ ըսաւ որ գիրքեր եւ գրքոյկներ «ծախող» երկու տղամարդեր եկան մեզի։ Ան ըսաւ. «Այս գրքոյկը գնեցի, քանի որ գինը միայն 5 սէնթ է»։ Յաջորդ կիրակի, այդ մարդիկը վերադարձան, եւ ըսին որ Եհովայի վկայ են եւ թէ Սուրբ Գիրքը գործածելով կը պատասխանեն մարդոց հարցումներուն։ Սիրեցինք այս գաղափարը, քանի որ մեր ծնողքը մեր պզտիկութենէն մեզի սորվեցուցած է Աստուծոյ Խօսքը յարգել։ Երկու անհատները նաեւ ըսին, որ Վկաները մօտ ատենէն համաժողով պիտի ունենան Ուինիբէկի մէջ, ուր քոյրս՝ Էլսին կ’ապրէր։ Որոշեցի համաժողովին երթալ։

Հեծիկով 320 քմ. կտրելով գացի Ուինիբէկ, սակայն ճամբան կեցայ Քելուուտ գիւղաքաղաքը, ուր կ’ապրէին այն երկու Վկաները, որոնք մեր տունը եկած էին։ Հոն ժողովի գացի եւ տեսայ թէ ի՛նչ ըսել է ժողովք։ Նաեւ անդրադարձայ որ ամէն տղամարդ, կին եւ պատանի պէտք է դռնէ դուռ քարոզէ, ինչպէս Յիսուս կը քարոզէր։

Ուինիբէկի մէջ, տեսնուեցայ եղբօրս՝ Ճէքին հետ, որ հիւսիսային Օնթարիոյէն եկած էր համաժողովին ներկայ ըլլալու։ Համաժողովին առաջին օրը, եղբայր մը յայտարարեց որ մկրտութիւն պիտի ըլլայ։ Ճէքը եւ ես որոշեցինք այդ համաժողովին մկրտուիլ։ Երկուքս մտքերնիս դրինք որ մեր մկրտութենէն ետք՝ կարելի եղածին չափ շուտ պիտի սկսինք ռահվիրայութեան։ Ճէք համաժողովէն անմիջապէս ետք ռահվիրայ եղաւ։ Իսկ ես 16 տարեկան ըլլալով պէտք էր դպրոց վերադառնայի, բայց յաջորդ տարին ես ալ կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։

ԴԱՍԵՐ ՍՈՐՎԵՑԱՅ

Սթէն Նիքըլսընի հետ սկսայ ռահվիրայութիւն ընել Սուրըսի մէջ, որ Մանիթոպա նահանգին մէջ գիւղաքաղաք մըն է։ Շատ չանցած, անդրադարձայ որ ռահվիրայութիւնը միշտ դիւրին չէ։ Եղան ատեններ, որ մեր դրամը շատ պակսեցաւ, բայց շարունակեցի՛նք քարոզել։ Անգամ մը, լման օրը քարոզելէ ետք տուն գացինք եւ մեր գրպանը ո՛չ մէկ դրամ կար, իսկ մենք շատ անօթի էինք։ Որչա՜փ զարմացանք երբ մեր դուռին առջեւ տեսանք ուտելիքներով լեցուն մեծ տոպրակ մը։ Մինչեւ օրս չենք գիտեր որ տոպրակը դնողը ո՛վ էր։ Այդ գիշեր թագաւորներու պէս ճաշեցինք։ Ի՜նչ ուրախ էինք որ ‘մեր ձեռքերը չէինք թուլցուցած’։ Այդ ամսուան վերջաւորութեան, որեւէ ժամանակէ աւելի գիրցած էի։

Քանի մը ամիս ետք, նշանակուեցանք Կիլպըրթ Փլէյնզ, որ Սուրըսէն դէպի հիւսիս շուրջ 240 քմ. հեռու է։ Այդ օրերուն, ամէն ժողովք ամպիոնին վրայ ունէր ցուցակ մը, որ կը ցուցնէր ժողովքին դաշտի ծառայութեան ամսական գործունէութիւնը։ Ամիս մը, գործունէութիւնը պակսեցաւ, եւ ես ժողովքին դասախօսութիւն մը տուի, շեշտելով որ եղբայրներն ու քոյրերը պէտք է աւելի ջանք թափեն։ Ժողովէն ետք, տարեց ռահվիրայ քոյր մը, որուն ամուսինը ճշմարտութեան մէջ չէր, արցունքոտ աչքերով ինծի ըսաւ. «Ջանք թափեցի՛, բայց չկրցայ աւելին ընել»։ Կարգը ինծի եկաւ լալու, եւ իրմէ ներողութիւն խնդրեցի։

Ինչպէս որ իմ պարագայիս էր, կրակոտ երիտասարդ եղբայրները շատ դիւրութեամբ կրնան սխալիլ եւ ետքը յուսախաբ զգալ իրենց անձով։ Բայց տեսած եմ որ ամէնէն լաւ բանն է, որ սխալէդ սորվիս եւ միշտ սորվածդ յիշես, փոխանակ ‘ձեռքերդ թուլցնելու’։ Հաւատարիմ ծառայութիւնը շարունակելը կը վարձատրուի։

ՔԵՊԷՔԻ ՊԱՅՔԱՐԸ

21 տարեկանիս Գաղաադի դպրոցին 14–րդ դասարանը գացի, եւ փետրուար 1950–ին աւարտեցի։ Ասիկա ինծի համար մե՜ծ առանձնաշնորհում էր։ Դասընկերներուս գրեթէ քառորդը ղրկուեցան Քանատայի Քեպէք նահանգը, ուր ֆրանսերէն կը խօսուի, եւ Վկաներուն դէմ կրօնական հսկայ հալածանք կար։ Նշանակուեցայ Վալ–տՕր գիւղաքաղաքը։ Օր մը, խումբով գացինք մօտակայ Վալ–Սենվիլ գիւղին մէջ քարոզելու։ Այդտեղի քահանան սպառնաց որ եթէ գիւղը շուտով չձգենք–չերթանք, ծեծ պիտի ուտենք։ Այդ պատճառով դատ բացի քահանային վրայ եւ ան տուգանքի ենթարկուեցաւ։

Այդ դէպքը եւ ատոր պէս շատ մը ուրիշներ պատահեցան «Քեպէքի պայքար»ին ընթացքին, որ Եհովայի վկաները կը մղէին՝ պաշտամունքի ազատութիւն վայելելու համար։ Քեպէք նահանգը Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիին զօրաւոր ազդեցութեան տակ էր աւելի քան 300 տարի։ Կղերականները եւ անոնց քաղաքական դաշնակիցները կը հալածէին Եհովայի վկաները։ Դժուարութիւններէ անցանք եւ թիւով քիչ էինք, բայց ‘մեր ձեռքերը չթուլցուցինք’։ Քեպէքի մէջ ազնուասիրտ անհատներ մտիկ կ’ընէին մեզի։ Առանձնաշնորհումը ունեցայ որ շատերու հետ սերտեմ, որոնք ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ Ուսումնասիրութիւններէս մէկը՝ տասը հոգինոց ընտանիք մըն էր։ Ամբողջ ընտանիքը սկսաւ Եհովային ծառայել։ Անոնց քաջութիւնը ուրիշները մղեց որ կաթողիկէ եկեղեցին ձգեն։ Այսպէս շարունակեցինք քարոզել եւ ի վերջոյ յաղթական դուրս եկանք։

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՄԱՐԶԵԼ՝ ԻՐԵՆՑ ԼԵԶՈՒՆ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ

1956–ին, նշանակուեցայ Հայիթի։ Այդտեղի նոր միսիոնարները դժուարութիւն կ’ունենային ֆրանսերէն սորվելու, բայց մարդիկ մտիկ կ’ընէին իրենց։ Միսիոնար Սթէնլի Պօկըս ըսաւ. «Կը հիանայինք թէ մարդիկ ինչպէ՛ս իրենց ամէն կարելին կ’ընէին, որպէսզի մեզի օգնէին արտայայտուելու»։ Ես առաւելութիւն ունէի որ ֆրանսերէն սորված էի Քեպէքի մէջ, բայց ետքը նկատեցինք որ տեղացի եղբայրներուն մեծամասնութիւնը միայն հայիթեան գրեոլերէն կը խօսէին։ Ուրեմն, որպէս միսիոնար ազդու ըլլալու համար, պէտք էր տեղական լեզուն սորվէինք։ Այդպէս ալ ըրինք եւ մեր ջանքերը վարձատրուեցան։

Որպէսզի եղբայրներուն աւելի օգնենք, Կառավարիչ մարմինէն հաւանութիւն ստացանք, որ Դիտարան–ը եւ ուրիշ հրատարակութիւններ հայիթեան գրեոլերէնի թարգմանենք։ Ժողովներուն ներկայ եղողներուն թիւը շատ շուտով բարձրացաւ ամբողջ երկրին մէջ։ 1950–ին, Հայիթիին մէջ 99 հրատարակիչներ կային, բայց 1960–ին՝ այդ թիւը եղած էր աւելի քան 800 հրատարակիչ։ Այդ ժամանակ, նշանակուած էի Բեթէլին մէջ ծառայելու։ 1961–ին, առանձնաշնորհումը ունեցայ որ ուրիշներու հետ վարեմ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը։ Կրցանք մարզում տալ 40 տեսուչներու եւ մասնաւոր ռահվիրաներու։ Յունուար 1962–ին, համաժողովին մէջ տեղացի որակեալ եղբայրները քաջալերեցինք, որ իրենց ծառայութիւնը աւելցնեն, եւ անոնցմէ ոմանք նշանակուեցան որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Ասիկա տեղին էր, քանի որ հակառակութիւնը սկսելու վրայ էր։

23 յունուար 1962–ին, համաժողովէն անմիջապէս ետք, ոստիկանութիւնը մասնաճիւղին մէջ ձերբակալեց զիս եւ միսիոնար Էնտրու ՏԱմիգոն, եւ գրաւեց Զարթի՛ր–ի 8 յունուար 1962 թիւին օրինակները (ֆրանսերէնով)։ Ինչո՞ւ։ Զարթի՛ր–ը մէջբերած էր ֆրանսերէն լրագիրներուն ըսածը, թէ Հայիթիին մէջ մարդիկ ոգեհարցութեամբ (վուտու) կը զբաղին։ Ոմանք այդ խօսքը չսիրեցին եւ ըսին որ մե՛նք այդ յօդուածը գրած էինք մասնաճիւղին մէջ։ Քանի մը շաբաթ ետք, միսիոնարները երկրէն դուրս դրուեցանb։ Բայց տեղացի մարզուած եղբայրները հոյակապ կերպով շարունակեցին գործը։ Այսօր, ես իրենց պէս կ’ուրախանամ, որ տոկացին եւ հոգեւորապէս յառաջդիմեցին։ Անոնք նոյնիսկ ունեցան Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հայիթեան գրեոլերէն լեզուով, ինչ որ այդ ժամանակ միայն երազ էր մեզի համար։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայիթիին մէջ ծառայելէ ետք, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւն նշանակուեցայ որպէս միսիոնար։ Յետագային, առանձնաշնորհում ունեցայ որ հոն ծառայեմ որպէս շրջագայող տեսուչ եւ ետքը որպէս մասնաճիւղի տեսուչ։

Այդ օրերուն, շատ մը Թագաւորութեան սրահներ վերջին ծայր պարզ էին։ Սորվեցայ ինչպէ՛ս յարդ հաւաքել եւ առաստաղ շինել։ Անցորդներուն համար հետաքրքրական էր թէ ինչպէ՛ս այս գործին հետ գլուխ կ’ելլէի։ Ըրածս նաեւ եղբայրները քաջալերեց որ աւելի ջանք թափեն իրենց Թագաւորութեան սրահները շինելու եւ նորոգելու։ Կրօնական առաջնորդները մեր վրայ կը խնդային, քանի որ իրենց եկեղեցիներուն առաստաղները թիթեղէ էին, իսկ մերինները՝ ո՛չ։ Մենք առանց վախնալու շարունակեցինք հաւաքուիլ մեր պարզ եւ յարդէ առաստաղով Թագաւորութեան սրահներուն մէջ։ Անոնք ծաղրանքը կեցուցին երբ զօրաւոր փոթորիկ մը զարկաւ Պանկի, որ մայրաքաղաքն է։ Փոթորիկը եկեղեցիի մը թիթեղէ առաստաղը տեղէն հանելով նետեց մայր ճամբուն վրայ, մինչ մեր Թագաւորութեան սրահներուն առաստաղները եղածին պէս մնացին։ Ետքը, ճիփ–ճիշդ հինգ ամսուան մէջ նոր մասնաճիւղ մը եւ միսիոնարական տուն մը շինեցինք, որպէսզի Թագաւորութեան գործը աւելի լաւ վերահսկուիc։

ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԿՈՂԱԿԻՑԻՍ ՀԵՏ ԾԱՌԱՅԵԼ

Մաքսիմ եւ Հէփի Տանիլէյքօ՝ իրենց հարսանիքի օրը

Մեր հարսանիքի օրը

1976–ին, մեր գործը արգիլումի տակ եղաւ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ, եւ ես նշանակուեցայ Նճամենա, որ քովի երկրին՝ Չատին մայրաքաղաքն է։ Բայց լաւ կողմը այն էր, որ ծանօթացայ Հէփի անունով նախանձախնդիր քրոջ մը, որ Գամերունէն եկած էր եւ մասնաւոր ռահվիրայ էր։ Ամուսնացանք 1 ապրիլ 1978–ին։ Նոյն ամիսը քաղաքացիական պատերազմ սկսաւ եւ շատերու պէս փախանք երկրին հարաւը։ Երբ կռիւը վերջացաւ, վերադարձանք ու տեսանք որ մեր տունը եղած է զինեալ խումբի մը կեդրոնատեղին։ Ո՛չ թէ միայն հրատարակութիւնները անհետացած էին, հապա նաեւ Հէփիին հարսանիքի հագուստը եւ մեզի եկած նուէրները։ Բայց կարեւոր բանը այն է թէ մենք իրար չէինք կորսնցուցած։ ‘Մեր ձեռքերը չթուլցուցինք’ եւ դէպի առջեւ նայեցանք։

Շուրջ երկու տարի ետք, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ արգիլումը վերցուեցաւ, եւ մենք վերադարձանք ու շրջագայական գործին մէջ ծառայեցինք։ Մեր տունը վան մըն էր, որ ունէր գոցուելիք անկողին մը, 200 լիդրնոց ջուրի տակառ մը, կազով աշխատող սառնարան մը եւ կազի կտուց մը։ Տեղէ տեղ երթալը դժուար էր։ Անգամ մը, ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպեցանք առնուազն 117 անցարգելներու։

Շատ անգամ, տաքութիւնը կը հասնէր 50 աստիճանի։ Երբեմն համաժողովներուն դժուար կ’ըլլար մկրտութեան համար ջուր ապահովելը։ Եղբայրները չորցած գետերուն յատակը կը փորէին եւ քիչ–քիչ ջուր կը հաւաքէին մկրտութեան համար, որ ընդհանրապէս տակառի մը մէջ կ’ըլլար։

ՈՒՐԻՇ ԱՓՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԵՑԻՆՔ

1980–ին նշանակուեցանք Նիկերիա։ Հոն երկուքուկէս տարի ձեռք տուինք նոր մասնաճիւղի շինարարութեան պատրաստութիւններուն։ Եղբայրները երկու յարկանի մթերանոց մը գնած էին, որ պէտք էր քակուէր եւ մասնաճիւղին վայրին մէջ կազմուէր։ Առտու մը, կառոյցին վերերը մագլցեցայ որպէսզի քակելու մէջ օգնեմ։ Կէսօրուայ մօտ, սկսայ վար իջնել ճիշդ ինչպէս որ վեր ելած էի։ Բայց քանի որ շատ մը բաներ քակուած էին, ոտքս տեղ չգտնելով վար ինկայ։ Վիճակս լուրջ կ’երեւէր, բայց երբ բժիշկը էքս–ճառագայթներով նկարեց եւ զիս քննեց, Հէփիին ըսաւ. «Հոգ մի՛ ըներ. . . մէկ–երկու շաբաթէն լաւ կ’ըլլայ»։

Մաքսիմ եւ Հէփի Տանիլէյքօ համաժողովի կ’երթան

Մինչ համաժողովի կ’երթանք «հանրային փոխադրամիջոց»ով

1986–ին, Փղոսկրեայ Ափունք փոխադրուեցանք, ուր շրջագայական գործին մէջ ծառայեցինք։ Նաեւ կ’այցելէինք մօտակայ Պուրգինա Ֆասօ երկիրը։ Այդ ժամանակ միտքիս ծայրէն չէր անցներ, թէ տարիներ ետք՝ Պուրգինա Ֆասոյի մէջ պիտի ապրէինք որոշ ժամանակ մը։

Մաքսիմ Տանիլէյքօ այն վանին քով, որ իրենց տունն էր մինչ շրջագայական գործին մէջ էին

Երբ շրջագայական գործին մէջն էինք, մեր տունը վան մըն էր

Քանատան ձգած էի 1956–ին, բայց 2003–ին հոն վերադարձայ՝ 47 տարուան բացակայութենէ ետք։ Այս անգամ Հէփիին հետ էի եւ միասին ծառայեցինք Բեթէլին մէջ։ Ճիշդ է որ թուղթի վրայ քանատացի էինք, բայց կը զգայինք որ մեր տեղը Ափրիկէն է։

Մաքսիմ Տանիլէյքօ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէ

Պուրգինա Ֆասոյի մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարեմ

Ետքը, 2007–ին, երբ 79 տարեկան էի, Ափրիկէ վերադարձանք։ Նշանակուեցանք Պուրգինա Ֆասօ, ուր ծառայեցի որպէս Երկրի յանձնախումբի անդամ։ Յետագային, գրասենեակը դարձաւ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակ, Պենինի մասնաճիւղին վերահսկումին տակ։ Իսկ օգոստոս 2013–ին, Պենինի մէջ եղանք Բեթէլի ընտանիքի անդամներ։

Մաքսիմ եւ Հէփի Տանիլէյքօ Պենինի մասնաճիւղին մէջ

Հէփիին հետ, մինչ Պենինի մասնաճիւղին մէջ կը ծառայէինք

Հակառակ որ ֆիզիքական խնդիրներ ունիմ, ծառայութիւնը տակաւին շատ կը սիրեմ։ Երէցներուն եւ սիրալիր կնոջս օգնութեամբ, անցեալ երեք տարիներուն ընթացքին, ուրախութիւնը ունեցած եմ Աստուածաշունչի աշակերտներէս երկուքին մկրտութիւնը տեսնելու՝ Ժէտէօն եւ Ֆրէժիս։ Անոնք այժմ նախանձախնդրութեամբ Եհովային կը ծառայեն։

Այժմ ես ու կինս կը մնանք Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղը, ուր Բեթէլի ընտանիքը քաղցրօրէն հոգ կը տանի առողջութեանս։ Հարաւային Ափրիկէն եօթներորդ երկիրն է Ափրիկէի մէջ, ուր առանձնաշնորհումը ունեցած եմ ծառայելու։ Հոկտեմբեր 2017–ին, հիանալի օրհնութիւն մը վայելեցինք։ Կրցանք Նիւ Եորք նահանգին մէջ գտնուող Ուորուիքի կեդրոնատեղիին նուիրումին ներկայ ըլլալ։ Բնա՛ւ պիտի չմոռնանք այդ առիթը։

1994–ի Տարեգիրք–ը 255–րդ էջին վրայ կ’ըսէ. «Կը քաջալերենք բոլոր անոնք, որոնք երկար տարիներ տոկացած են գործին մէջ, ու կ’ըսենք. ‘Զօրացէ՛ք ու ձեռքերնիդ չթուլնան. վասն զի ձեր գործին վարձք կայ’ (Բ. Մն. 15։7)»։ Հէփին եւ ես վճռած ենք այս խրատին հետեւիլ եւ ուրիշներն ալ քաջալերել որ նոյնը ընեն։

a 1944–ին հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Այժմ սպառած է։

b Մանրամասնութիւնները կը գտնուին 1994–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ին մէջ, էջ 148-150 (անգլերէն)։

c Տե՛ս «Հաստատ հիմի վրայ շինել» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի 8 մայիս 1966 թիւին մէջ, էջ 27 (անգլերէն)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել