Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ19 թիւ 1 էջ 3
  • Կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կը ճանչնա՞ս երկնաւոր հայրդ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
դհ19 թիւ 1 էջ 3
Տղամարդ մը գեղեցիկ տեսարան մը տեսնելով կը հիանայ

Կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ

Շատեր կ’ըսեն որ Աստուծոյ կը հաւատան։ Բայց եթէ հարցնես թէ ո՛վ է Աստուած, տարբեր պատասխաններ կ’առնես։ Կարգ մը մարդոց համար, Աստուած խիստ դատաւոր մըն է, որ միայն կ’ուզէ մարդիկը պատժել իրենց սխալ գործերուն համար։ Ուրիշներու կարծիքով, ան մարդիկը միշտ կը սիրէ եւ կը ներէ, ինչ որ ալ ընեն։ Իսկ ոմանք կը հաւատան, որ Աստուած մեզմէ շա՜տ հեռու է եւ մեզմով չէ հետաքրքրուած։ Այսպիսի տարբեր–տարբեր գաղափարներու առջեւ գտնուելով, շատեր կը զգան որ անկարելի է Աստուած ճանչնալ։

Կարեւո՞ր է որ Աստուած ճանչնաս։ Այո՛, քանի որ եթէ Աստուած մօտէն ճանչնաս, կեանքդ կրնայ աւելի իմաստ եւ նպատակ ունենալ (Գործք 17։26-28)։ Որքա՛ն աւելի Աստուծոյ մօտենաս, այնքա՛ն աւելի քեզ պիտի սիրէ եւ օգնէ (Յակոբոս 4։8)։ Եւ ի վերջոյ, Աստուծոյ մասին գիտութիւն առնելով կրնաս անվերջ կեանք ունենալ (Յովհաննէս 17։3)։

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուած ճանչնալ։ Մտածէ մտերիմ բարեկամի մը մասին,– այսինքն մէկը որ լաւ կը ճանչնաս։ Ինչպէ՞ս բարեկամներ դարձաք։ Հաւանաբար գիտցար անոր անունը, բնաւորութիւնը, ի՛նչ կը սիրէ–ի՛նչ չի սիրեր, կեանքին մէջ ի՛նչ բաներ ըրած է, ի՛նչ կը ծրագրէ ընել ապագային եւ այլն։ Մէկ խօսքով, իր մասին տեղեկութիւններ առիր։

Նմանապէս, կրնանք Աստուած ճանչնալ, երբ նկատի առնենք այս հարցումները.

  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է

  • ԱՆ Ի՞ՆՉ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ

  • ԱՆ Ի՞ՆՉ ԸՐԱԾ Է

  • ԱՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ

  • ԱՍՏՈՒԱԾ ՃԱՆՉՆԱԼՈՎ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՍ

Այս պարբերաթերթը այս հարցումներուն պատասխանը Աստուածաշունչէն կու տայ։ Յաջորդ յօդուածները քեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ Աստուծոյ մասին սորվիս եւ թէ գիտնաս որ ինչպէ՛ս պիտի օգտուիս, երբ իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենաս։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել