Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ19 թիւ 2 էջ 8-9
  • Երբ կողակիցը անհաւատարիմ գտնուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ կողակիցը անհաւատարիմ գտնուի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՀԱՄԱՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ
  • Ինչպէ՞ս մխիթարուիլ նեղութեան ժամանակ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • 3 Խնդիրներուն դիմանալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Ընտանիքի մասին մտահոգուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ինչպէ՛ս յաղթահարել անապահովութեան զգացումը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
դհ19 թիւ 2 էջ 8-9
Կին մը կ’աղօթէ

Երբ կողակիցը անհաւատարիմ գտնուի

«Ուզեցի մեռնիլ, երբ ամուսինս ըսաւ որ զիս պիտի ձգէ աւելի երիտասարդ կնոջ մը համար։ Եղածը շա՜տ անարդար էր, մանաւանդ յիշելով այն բոլոր զոհողութիւնները որ իրեն համար ըրած էի» (Մարիա, Սպանիա)։

«Երբ կինս անակնկալօրէն զիս ձգեց, զգացի որ բան մը մեռաւ մէջս։ Մեր երազները, յոյսերը եւ ծրագիրները ջուրը ինկան։ Կային օրեր, երբ կը կարծէի թէ վերջապէս հանգստացայ, բայց յանկարծ նորէն խոր յուսահատութիւն կը զգայի» (Պիլ, Սպանիա)։

ԱՆՀԱՏ մը ջախջախուած կը զգայ երբ իր կողակիցը իրեն դաւաճանէ։ Ճիշդ է թէ ոմանք տեսած են որ կրնա՛ն ներել իրենց զղջացած կողակիցին եւ ջանալ իրենց փոխյարաբերութիւնը բարելաւելa։ Բայց զոյգը ամուսնացած մնայ կամ ոչ, դաւաճանութեան մասին գիտցող կողակիցը միշտ մեծապէս կը տառապի։ Այսպիսի անհատներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զգացական վէրքին հետ գլուխ ելլել։

ՀԱՄԱՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

Հակառակ իրենց խոր ցաւին, շատ մը անմեղ կողակիցներ մխիթարութիւն գտած են Սուրբ Գիրքին մէջ։ Անոնք սորված են որ Աստուած կը տեսնէ իրենց արցունքները եւ իրենց ցաւը կը զգայ (Մաղաքիա 2։13-16)։

«Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղմոս 94։19)։

Պիլ կը նշէ. «Երբ այդ համարը կարդացի, երեւակայեցի թէ Եհովա Աստուած կարեկից հօր մը պէս քնքշութեամբ ցաւս կը մեղմացնէ»։

«Հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլաս» (Սաղմոս 18։25, ՆԱ)։

Ամիսներով ամուսինին կողմէ դաւաճանուած Գարմէնը կ’ըսէ. «Ամուսինս ինծի հաւատարիմ չէր, բայց վստահ էի որ Եհովան հաւատարիմ պիտի գտնուէր ինծի հանդէպ։ Ան զիս յուսախաբ պիտի չընէր»։

«Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով. . . ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։

«Այս համարները կրկին անգամ կարդացի», կ’ըսէ Սաշան։ «Աւելի եւ աւելի աղօթելով, Աստուած ինծի խաղաղութիւն տուաւ»։

Վերոնշեալ բոլոր անհատները երբեմն ուզեցին յանձնուիլ։ Բայց Եհովա Աստուծոյ վստահեցան եւ Սուրբ Գիրքը կարդալով զօրացան։ Պիլ կ’ըսէ. «Հաւատքս պատճառ դարձաւ որ կեանքս իմաստ ունենայ, երբ այնպէս թուեցաւ թէ ամէն բան քանդուած է։ Ճիշդ է որ ժամանակ մը ‘մահուան շուքի ձորին մէջ’ քալեցի, բայց Աստուած ինծի հետ էր» (Սաղմոս 23։4)։

a Գիտնալու համար թէ պէտք է ներել կամ ոչ, տե՛ս «Երբ կողակիցը անհաւատարիմ է» բնաբանով յօդուածաշարքը, Զարթի՛ր–ի 22 ապրիլ 1999 թիւին մէջ (անգլերէն)։

Տոկալու համար ի՞նչ կրնաս ընել

Քաջալերական համարներու վրայ խոկա՛։

Պիլ կ’ըսէ. «Յոբ եւ Սաղմոսաց գիրքերը կարդացի, եւ ընդգծեցի իւրաքանչիւր հատուած որ իմ պարագաս կը յիշեցնէր։ Անդրադարձայ որ Սուրբ Գիրքի գրողները իմ ունեցած ցաւս ու մտահոգութիւնս ունէին»։

Զբաղումի մը մէջ մխիթարութիւն գտիր։

Հաճելի երաժշտութիւնը կրնայ քեզի օգնել։ Գարմէն կը նշէ. «Երբ գիշերը քունս փախչէր, երաժշտութիւն մտիկ կ’ընէի, եւ ատիկա զիս շատ կը մխիթարէր»։ Ոմանք մխիթարութիւն կը գտնեն երբ իրենց ներքին աշխարհը կ’արտայայտեն՝ գծելով, նկարելով կամ ձեռային գործեր ընելով։ Այս տեսակ զբաղումներ կրնան բուժիչ ըլլալ, ճնշումը թեթեւցնելով եւ հանդարտութիւն տալով։

Զգացումներդ արտայայտէ։

Տանիէլ կ’ըսէ. «Ես չէի վարժուած զգացումներուս մասին խօսելու, բայց լաւ բարեկամներ ունէի եւ ամէն օր իրենց հետ կը խօսէի։ Բոլոր զգացումներս անոնց կ’ըսէի թէ՛ նամակ գրելով եւ թէ խօսելով. եւ ատիկա ինծի իրապէս օգնեց»։ Սաշան կ’ըսէ. «Ընտանիքիս օգնութիւնը շատ կարեւոր էր ինծի համար։ Մայրս միշտ պատրաստ էր ինծի օգտակար դառնալու։ Երբ ուզէի խօսիլ, միշտ ժամանակ կու տար մտիկ ընելու։ Հայրս ալ ինծի ապահով ու սիրուած զգացուց եւ օգնեց որ ապաքինելու համար ժամանակս առնեմ»։

Շարունակ աղօթէ։

Գարմէնը կ’ըսէ. «Շարունակ կ’աղօթէի։ Զգացի որ Աստուած ինծի մօտիկ է. զիս կը լսէ եւ կ’օգնէ։ Այս ահռելի ժամանակին Աստուծոյ աւելի՛ մօտեցայ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել