Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ19 Մարտ էջ 29-31
  • Եհովան «ամէն» ըսելդ կ’արժեւորէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան «ամէն» ըսելդ կ’արժեւորէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ‘ԱՄԷՆ’ ԹՈՂ ԸՍԷ»
  • «ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ‘ԱՄԷՆ’ ԸՍԵԼՈՎ՝ ՏԷՐԸ ՕՐՀՆԵՑԻՆ»
  • «ԱՄԷՆ» ԸՍԵԼԴ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
  • Գիտէի՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի անզուգական դերը գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • «Գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
դ19 Մարտ էջ 29-31
Ժողովքի մը մէջ եղբայրներ ու քոյրեր իրենց գլուխը կը խոնարհեցնեն աղօթելու համար

Եհովան «ամէն» ըսելդ կ’արժեւորէ

ԵՀՈՎԱՆ մեր պաշտամունքը կ’արժեւորէ։ Իր ծառաներուն ‘մտիկ կ’ընէ ու կը լսէ’ եւ զինք փառաբանելու նոյնիսկ ամէնէն պզտիկ արարքը իր աչքէն չի վրիպիր (Մաղ. 3։16)։ Օրինակ, նկատի առ բառ մը, որ միշտ կը գործածենք. «ամէն»։ Արդեօք Եհովան այս պարզ բառը կ’արժեւորէ՞։ Այո՛։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քննենք, թէ այս բառը ի՛նչ կը նշանակէ եւ Սուրբ Գիրքին մէջ ինչպէ՛ս գործածուած է։

«ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ‘ԱՄԷՆ’ ԹՈՂ ԸՍԷ»

«Ամէն»ը եբրայերէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ «Եղիցի», «Այնպէ՛ս ըլլայ», եւ որ կարելի է նաեւ թարգմանել՝ «իսկապէս», «ստուգապէս», «ճշմարտապէս» եւ «իրաւամբ»։ Անոր եբրայերէն արմատը կը նշանակէ «հաւատարիմ ըլլալ», «վստահելի ըլլալ»։ Երբեմն կը գործածուէր օրինական հարցերու մէջ։ Երդում ընելէ ետք, անձ մը «ամէն» կ’ըսէր հաստատելու համար, թէ իր ըսածը ճշգրիտ է եւ թէ պատասխանատու է իր ըսածին համար (Թւ. 5։22)։ Հանրութեան առջեւ «ամէն» ըսելով՝ անհատը իր խօսքին տէրը ըլլալու աւելի մեծ շարժառիթ կ’ունենար (Նէ. 5։13)։

Բ. Օրինաց 27–րդ գլուխին մէջ «ամէն» բառին գործածութեան տպաւորիչ օրինակ մը կը տեսնենք։ Իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելէ ետք, պէտք էր ժողվուէին Գեբաղ լերան եւ Գարիզին լերան միջեւ, Օրէնքին ընթերցանութիւնը մտիկ ընելու համար։ Անոնք միայն լսողներ պիտի չըլլային, հապա նաեւ պիտի յայտնէին որ զայն ընդունած են։ Ասիկա ըրին «Ամէն» պատասխանելով, երբ անհնազանդութեան հետեւանքները կարդացուեցան (Բ. Օր. 27։15-26)։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ բարձր ձայն ելաւ, երբ տասնեակ հազարաւոր տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ պատասխանեցին (Յես. 8։30-35)։ Այդ իսրայէլացիները վստահաբար այդ օրը իրենց ըսած խօսքերը բնա՛ւ չմոռցան։ Եւ անոնք իրենց խոստումը պահեցին, քանի որ կը կարդանք. «Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր գործերը գիտցող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Իսրայէլ Տէրոջը ծառայութիւն ըրաւ» (Յես. 24։31)։

Յիսուսն ալ «ամէն» բառը գործածեց՝ ըսուած խօսքին ճշմարիտ ըլլալը հաստատելու, բայց այս մէկը յատուկ կերպով ըրաւ։ Փոխանակ զայն գործածելու ըսուած բանի մը առ ի պատասխան, ան իր խօսքը սկսա՛ւ ըսելով «ամէն» (որ կը թարգմանուի՝ «ճշմարիտ»), որպէսզի ցուցնէ թէ ինչ որ կ’ըսէ, ճշմարիտ է։ Ատեններ կը կրկնէր բառը, ըսելով՝ «ամէն ամէն» (որ կը թարգմանուի՝ «ճշմարտապէս» եւ «ճշմարիտ ճշմարիտ») (Մատ. 5։18. Յովհ. 1։51)։ Այդպիսով, իր ունկնդիրները վստահեցուց, որ իր խօսքերը բացարձակ ճշմարտութիւն էին։ Յիսուս կրնար այսպիսի վստահութեամբ խօսիլ, քանի որ հեղինակութիւն ստացած էր, որ Աստուծոյ բոլոր խոստումները կատարէ (Բ. Կոր. 1։20. Յայտ. 3։14)։

«ԲՈԼՈՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ‘ԱՄԷՆ’ ԸՍԵԼՈՎ՝ ՏԷՐԸ ՕՐՀՆԵՑԻՆ»

Իսրայէլացիները նաեւ «ամէն» գործածեցին Եհովային աղօթելու եւ զինք փառաբանելու ատեն (Նէ. 8։6. Սաղ. 41։13)։ Աղօթքէն ետք, մտիկ ընողները այդ բառը ըսելով՝ ցոյց կու տային, որ համաձայն են աղօթքին մէջ ըսուածներուն։ Այսպէս, բոլոր ներկաները կրնային մասնակցիլ, հոգեւոր առիթը ճոխացնելով։ Այսպէս եղաւ, երբ Դաւիթ թագաւորը ուխտի տապանակը փոխադրեց Երուսաղէմ։ Այդ առթիւ, Դաւիթի գրած յուզիչ աղօթքը երգուեցաւ, ինչպէս նկարագրուած է Ա. Մնացորդաց 16։8-36–ի մէջ։ Ներկաները ա՛յնքան ազդուեցան աղօթքին խօսքերէն, որ «բոլոր ժողովուրդը ‘Ամէն’ ըսելով՝ Տէրը օրհնեցին»։ Այո, անոնց միացեալ պատասխանը աւելցուց այդ օրուան ուրախութիւնը։

Առաջին դարու քրիստոնեաները Եհովան փառաբանելու ատեն, նոյնպէս «ամէն» գործածեցին։ Սուրբ Գիրքի գրողները յաճախ զայն պարփակեցին իրենց նամակներուն մէջ (Հռով. 1։25. 16։27. Ա. Պետ. 4։11)։ Իսկ Յայտնութիւն գիրքին մէջ նոյնիսկ նկարագրուած են հոգեղէն արարածներ, որոնք երկինքին մէջ Եհովան կը փառաբանեն, ըսելով՝ «Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜» (Յայտ. 19։1, 4)։ Նախկին քրիստոնեաները սովորաբար իրենց ժողովներուն մէջ աղօթելէ ետք «ամէն» կ’ըսէին (Ա. Կոր. 14։16)։ Սակայն այդ բառը առանց մտածելու պէտք չէր ըսէին։

«ԱՄԷՆ» ԸՍԵԼԴ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Եհովայի ծառաներուն կողմէ բառին գործածութիւնը քննելէ ետք, կրնանք տեսնել թէ ինչո՛ւ աղօթքի վերջաւորութեան «ամէն» ըսելը այդքան մեծ իմաստ ունի։ Երբ մեր անձնական աղօթքները փակենք «ամէն» ըսելով, ցոյց կու տանք որ իրապէ՛ս ըսել կ’ուզենք ինչ որ ըսինք։ Իսկ հանրային աղօթքին «ամէն» պատասխանելով, նոյնիսկ լռելեայն, կը ցուցնենք թէ համաձայն ենք ըսուածին։ Նկատէ յաւելեալ պատճառներ թէ ինչո՛ւ «ամէն» ըսելը կարեւոր է։

Ցոյց կու տայ, որ լուրջ կեցուածք ունինք մեր պաշտամունքին մէջ։ Մենք Եհովան կը պաշտենք աղօթքին ընթացքին՝ ոչ միայն վերջաւորութեան «ամէն» ըսելով, հապա նաեւ աղօթքին լաւ ուշադրութիւն ընծայելով։ Անկեղծօրէն «ամէն» ըսելու մեր փափաքը կ’օգնէ, որ ճիշդ կեցուածք ունենանք եւ աղօթքին վրայ կեդրոնացած մնանք։

Մեզ կը միացնէ որպէս հաւատակիցներ։ Հանրային աղօթքի ընթացքին, ժողովքի բոլոր անդամները նոյն պատգամը մտիկ ընելով կը միանան (Գործք 1։14. 12։5)։ Երբ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միաձայն կը պատասխանենք, ա՛լ աւելի միացած կ’ըլլանք։ Երբ միասնաբար «ամէն» կ’ըսենք՝ ըլլայ լսելի կերպով կամ լռելեայն, մեր աղօթքը կրնայ Եհովան մղել մեր խնդրանքը կատարելու։

Քոյր մը իր գլուխը կը խոնարհեցնէ, մինչ հեռաձայնով ժողովին մէջ մատուցուած աղօթքը մտիկ կ’ընէ

«Ամէն» ըսելով Եհովան կը փառաբանենք

Եհովան կը փառաբանենք։ Եհովան կը նկատէ ամէն բան որ կ’ընենք մեր պաշտամունքին մէջ, որքան ալ չնչին երեւի (Ղուկ. 21։2, 3)։ Ան կը տեսնէ մեր շարժառիթը եւ թէ ի՛նչ կայ մեր սիրտին մէջ։ Նոյնիսկ եթէ ժողովի յայտագիրը հեռաձայնով մտիկ կ’ընես, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի նկատէ խոնարհաբար «ամէն» ըսելդ։ Այսպէս, ժողովքի անդամներուն հետ Եհովան կը փառաբանես։

Թերեւս թուի թէ մեր «ամէն»ը շատ արժէքաւոր չէ, բայց պէտք չէ այդպէս մտածենք։ Ըստ Սուրբ Գիրքի համայնագիտարանի մը, «այս մէկ բառը գործածելով» Աստուծոյ ծառաները կրնան արտայայտել «իրենց սրտին մէջ եղած վստահութիւնը, զօրաւոր հաւանութիւնը եւ վառ յոյսը»։ Թող որ մեր ըսած իւրաքանչիւր «ամէն»ը Եհովան հաճեցնէ (Սաղ. 19։14)։

ԱՐԴԵՕՔ ՄԻ՞ՇՏ ՊԷՏՔ Է «ԱՄԷՆ» ԸՍԵՍ

«Ամէն» բառը կարեւոր բառ է։ Սակայն ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ աղօթողը բան մը սխալ կերպով արտայայտէ։ Ասիկա արգե՞լք է որ «ամէն» ըսենք։ Պայման չէ։ Ի վերջոյ, Եհովան գիտէ, որ բոլորս երբեմն սխալ բաներ կ’ըսենք, եւ ատոնց աչք կը խփէ։ Ուստի, փոխանակ քննադատող ըլլալու, եթէ կեդրոնանանք աղօթողին գաղափարներուն վրայ, կրնանք զգալ որ տակաւին տեղին է «ամէն» ըսել։

Անդին, եթէ աղօթողը անհաւատ մըն է, «ամէն» չենք ըսեր ո՛չ լսելի կերպով, ոչ ալ լռելեայն։ Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ներկայ ենք աշխարհիկ առիթի մը եւ անհատէ մը կը խնդրուի աղօթել, կամ եթէ մեր ընտանիքին գլուխը Եհովայի վկայ չէ եւ կ’ուզէ աղօթքով ընտանիքը ներկայացնել։

Եթէ նման պարագայի մը մէջ գտնուինք, կրնանք լուռ եւ յարգալից մնալ։ Աղօթքին չենք մասնակցիր՝ «ամէն» ըսելով կամ ուրիշներու ձեռքը բռնելով։ Թերեւս ուզենք անձնական աղօթք մը ըսել մեր մտքին մէջ, բայց լսելի կերպով «ամէն» չենք ըսեր, որպէսզի տպաւորութիւն չձգենք թէ անոնց հետ կ’աղօթենք։ Եթէ խումբը ոտքի ելլէ, մեզի կ’իյնայ որոշել թէ կ’ուզե՛նք ոտքի ելլել կամ ոչ։ Ոտքի ելլելը կամ մեր գլուխը ծռելը ինքնին պաշտամունքի արարք չէ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ի՛նք պիտի որոշէ այսպիսի պարագայի մէջ ի՛նչ ընել, եւ ո՛չ մէկը պէտք է քննադատէ առնուած որոշումը։

Վերը նշուած պարագաները աւելի կը ցուցնեն, որ մեր «ամէն» ըսելը կարեւոր է Եհովայի համար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել