Գրքոյկները Արժէքաւոր Գործիքներ Են Ծառայութեան Համար
1 Հմուտ արհեստաւորը սովորաբար կը կրէ զանազան գործիքներ, իւրաքանչիւրը պատրաստուած է մասնայատուկ գործի մը համար։ Որպէս Թագաւորութեան հրատարակողներ, զանազան գրքոյկներ ունինք մեզի օգնելու որ հմտութեամբ գոհացում տանք այն մարդոց հոգեւոր կարիքներուն որոնց կը քարոզենք։ (Առ. 22։29) Տան մը մէջ թերեւս հանդիպինք յուսալքուած անհատի մը։ Ուրիշ տան մը մէջ տանտէրը կը տենչայ պարկեշտ կառավարութեան մը, մինչ ուրիշ անհատ մը հարց կու տայ թէ կեանքը որեւէ նպատակ ունի՞։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գրքոյկները գործածել այս մարդոց օգնելու։
2 Խօսակցութիւն մը սկսելու համար որ կ’առաջնորդէ «Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի» գրքոյկը (Արաբ.) ներկայացնելու վերայցելութեան ատեն, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Կարգ մը անհատներ որոնք կը նկատեն տառապանքն ու անարդարութիւնը աշխարհին մէջ, կը մղուին Աստուած մեղադրելու այդ բոլորին համար։ Անոնք կը պատճառաբնեն թէ քանի որ Աստուած ամենակալ է, ան մեր տառապանքին վերջ մը պիտի դնէր եթէ իրապէս կը հոգար մեզի։ Ի՞նչ կը խորհիք ասոր մասին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Սաղմոս 72։12-14 ցոյց կու տայ որ Աստուած արդարեւ կը հոգայ մեզի։ Տառապանքն ու անարդարութիւնը իր սխալը չեն։ Ան խոստացած է որ յանցագործները շուտով մէջտեղէն պիտի վերցուին»։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, կրնաք խօսակցութիւնը շարունակել յիշելով կարգ մը կէտեր Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկին 27–րդ էջին 22–րդ պարբերութենէն։ Ապա կրնաք խոստանալ որ յաջորդ այցելութեան զանիկա բերէք ձեր հետ։
3 Եթէ պիտի գործածէք «Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը» գրքոյկը (Արաբ.) վերայցելութեան ատեն, կրնաք այս կերպով սկսիլ.
◼ «Ուշ կամ կանուխ, գրեթէ ամէն անհատ հարց կու տայ կեանքին նպատակին մասին։ Անիկա պարզապէս 70 կամ 80 տարի ապրի՞լ է եւ ետքը գերեզման երթալ, թէ ոչ կեանքը նշանակութիւն մը ունի։ Ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Հոս Սաղմոս 37։29–ին մէջ, կը տեսնենք Աստուծոյ գեղեցիկ նպատակը մարդուն ու երկրին նկատմամբ»։ Համարը կարդալէ ետք, խոստացէք գրքոյկը բերել ձեր յաջորդ այցելութեան։
4 «Ահա» գրքոյկը վերայցելութեան ատեն կրնանք գործածել հարցնելով.
◼ «Ըստ ձեր կարծիքին, ի՞նչ բանի կարիքը կայ որպէսզի երկիրը դրախտի նման ըլլայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մարդկային կառավարութիւնները կը խոստանան նոր համաշխարհային բարեկարգութիւն մը բերել։ Սակայն, Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուած ‘ամէն բաները նոր պիտի ընէ’։ [Կարդացէք Յայտնութիւն 21։3, 4։] Աստուածաշունչը կրնայ ձեզի օգնել որ գիտնաք թէ ի՛նչ պէտք է ընէք որպէսզի այդ նոր աշխարհին մէջ ապրիք»։ Եթէ բաւարար հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կրնաք խոստանալ որ յաջորդ այցելութեան գրքոյկը ձեր հետ բերէք։
5 «Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք» գրքոյկը (Արաբ.) վերայցելութեան ատեն առաջարկելու նպատակով, կրնաք այս մօտեցումը գործածել.
◼ «Շատ մը մարդիկ կը խորհին որ պէտք է երկինք երթան որպէսզի յաւիտենական կեանքը վայելեն, բայց ի՞նչ կը խորհիք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու մասին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ յաւիտենական կեանքը կարելի է, եւ մեզի կ’ըսէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ նպատակակէտին հասնիլ»։ Յովհաննու 17։3–ը կարդացէք։ Ապա կարգադրութիւն ըրէք վերայցելութեան մը համար, խոստանալով գրքոյկը բերել յաւելեալ խօսակցութեան մը համար։
6 Գրքոյկները այժմէական նիւթեր ցցուն կ’ընեն, մարդոց հարցումներուն կը պատասխանեն եւ կը սփոփեն։ Այս գործիքները հմտութեամբ գործածելով, կրնանք անկեղծ անհատներու օգնել որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան»։—Ա. Տիմ. 2։4