Աւելի Լաւ Բանի Մը Մասին Բարի Լուր Յայտարարել
1 117 տարիներէ ի վեր Դիտարանը ծառայած է որպէս ջատագով մը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան։ Ներկայիս, իւրաքանչիւր համարէն 18,950,000 օրինակներ կը տպուին 125 լեզուներով։ Զարթի՛րն ալ երկար ժամանակէ ի վեր կը պաշտպանէ Աստուծոյ Խօսքը, եւ ներկայիս 15,730,000 օրինակներ 80 լեզուներով կը հրատարակուին։—Բաղդատել Կողոսացիս 1։23։
2 Պարբերաթերթերը Հոգեւոր Կարիք մը կը Լեցնեն. Դիտարանն ու Զարթի՛րը պարկեշտ սիրտ ունեցող միլիոնաւոր անհատներու օգտակար դարձած են, անոնց օգնելով որ իրենց հոգեւոր կարիքը լեցնեն։ Հաւատք կերտող յօդուածներ կը հրատարակուին։ Օրինակի համար, Դիտարան 1 Մայիս 1996–ի համարով, Եհովայի եւ իր Խօսքին վստահելու մասին ուսումնասիրեցինք։ Դիտարան 1 Յունիս 1996–ի համարը մեզ քաջալերեց որ Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած մնանք ու անոր սպասենք։ Որքա՜ն ոգեւորիչ էր Սոփոնիայի մարգարէութեան մանրամասն քննարկումը։ Դիտարանի միեւնոյն համարով նկատի առինք Քրիստոնէական հաւատարմութեան մասին հաւատք զօրացնող յօդուածները։ Իսկ 1 Օգոստոս 1996–ի համարը շեշտեց Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալու եւ ուսումնասիրելու արժէքը։ Այս յօդուածները ծառայած են Աստուծոյ Խօսքին մեր հասկացողութիւնը խորացնելու, եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցուցած են։
3 Ասկէ զատ, այս պարբերաթերթերը այժմէական, գործնական յօդուածներ կը բովանդակեն բարեպաշտ վարքի, Քրիստոնէական առաքինութիւններու եւ կենսական կարեւորութիւն ունեցող ուրիշ նիւթերու մասին։ Անոնք մեր կեանքին ազդող իսկական հարցերը լրջօրէն կը քննարկեն։ Որպէս արդիւնք, ներկայիս բարձրորակ կեանք մը կը վայելենք, մինչ կը սպասենք որ Աստուծոյ խոստումները աւելի լաւ բանի մը մասին կատարուին։—Եսայ. 48։17. Ա. Տիմ. 6։19
4 Զարթի՛րի իւրաքանչիւր համարին 4–րդ էջին վրայ յիշուած խօսքերը հակիրճօրէն վերաքաղ ընելը մեզի ընտիր պատճառներ կը հայթայթէ որ այս պարբերաթերթը յանձնարարենք որպէս ընթերցուելիք հոյակապ հրատարակութիւն մը ամէն մարդոց համար, երիտասարդ թէ տարեց։ Հոն կը կարդանք. «Զարթի՛րը ամբողջ ընտանիքին լուսաւորման համար է։ Անիկա ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս այժմու խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել։ Անիկա լուրեր կը տեղեկագրէ, զանազան մարդոց մասին կը խօսի, կրօնքն ու գիտութիւնը կը քննէ։ Սակայն անիկա ասկէ աւելին ալ կ’ընէ։ Անիկա խորերը թափանցելով կը մատնանշէ ընթացիկ դէպքերուն իսկական իմաստը, բայց անիկա քաղաքական գետնի վրայ միշտ չէզոք կը մնայ ու ցեղ մը ուրիշ ցեղէ գերադաս չի համարեր։ Ամենէն կարեւորը, այս պարբերաթերթը վստահութիւն կը կերտէ Ստեղծիչին խոստումին վրայ թէ խաղաղ ու ապահով նոր աշխարհ մը շուտով պիտի փոխարինէ ներկայ իրերու ամբարիշտ, անօրէն դրութիւնը»։
5 Պարբերաթերթերը Ուրիշներու Բաժնենք. Դիտարանն ու Զարթի՛րը ցրուելու մէջ առատաձեռն ըլլանք։ (Բաղդատել Ա. Տիմոթէոս 6։18։) Ձեր հետ օրինակներ ունեցէք, որպէսզի կարենաք զանոնք ներկայացնել ամէն անհատի որ կը հանդիպիք։ (Ժող. 11։6) Բոլորս ալ, ի ներառեալ պատանի ու նորեկ հրատարակիչները, կրնանք այս ամիս մեր լման մասնակցութիւնը բերել պարբերաթերթերը ցրուելու մէջ, գործածելով հակիրճ ներկայացումներ որոնք ընթացիկ թիւերուն այժմէական յօդուածներուն վրայ հիմնուած են։ Անոնց բովանդակութեան քաջածանօթ եղէք, եւ անկեղծութեամբ ու համոզումով զանոնք ներկայացուցէք։
6 Դիտարանն ու Զարթի՛րը ամէն անհատի հարկ եղած տեղեկութիւնները կը բովանդակեն։ Զանոնք ցրուելը լաւագոյն կերպերէն մէկն է ուրիշներուն օգնելու որ տեղեակ ըլլան այն բարի լուրէն թէ շուտով աւելի լաւ բան մը պիտի գայ։