Ուրիշներու Հետ Բաժնեկցինք Անոնց Կարիքներուն Համաձայն
1 Եհովա մեր հոգեւոր կարիքները լեցնելու համար հայթայթումներ կ’ընէ հաւատարիմ «ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթ. 24։45–47) Այս հայթայթումներէն շատերը գրքեր, Աստուածաշունչեր, Դիտարանի ու Զարթի՛րի տարեկան հատորներ, պատկերիզներ, ձայներիզներ, ու Աստուածաշունչի հետազօտութեան յատուկ համակարգիչի սկաւառակներ են։ Ի՛նչ որ Եհովա կը հայթայթէ միշտ բաւարար է, առանց վատնումի։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ իրարու հետ բաժնեկցինք, որպէսզի բոլորն ալ հաւասարապէս օգտուին։
2 Այս բոլոր հայթայթումներուն արտադրութիւնը նիւթական ահագին գումարներու կը նայի։ Այս ծախսերը կը հոգացուին համաշխարհային եղբայրակցութեան կողմէ։ Ասիկա յատկապէս ճշմարիտ է մանաւանդ այն ժամանակէն սկսեալ երբ կազմակերպութիւնը գրականութիւնները ձրիօրէն բաշխելու կարգադրութիւնը հաստատեց, ծախսերը հոգալու համար բոլորովին կախեալ ըլլալով յօժարակամ նուիրատուութիւններէ։ Ասկէ զատ, մասնաճիւղերէն շատեր այս հայթայթումները Ընկերութենէն կը ստանան աժան գնով, որպէսզի եղբայրները կարող ըլլան ժողովներու եւ ծառայութեան գործին համար իրենց պէտք եղածը ունենան նոյնիսկ եթէ սահմանափակ նիւթական եկամուտ ունին։
3 Ի՛նչպէս Կրնանք Օգնել. Պօղոսի խրատին կրնանք ընդառաջել ուրիշներուն հետ բաժնեկցելով անոնց «պէտքերուն» համաձայն։ (Հռովմ. 12։13) Երբ աշխարհածաւալ գործին նիւթական նուիրատուութիւններ կ’ընենք, մեր ունեցածը ուղղակիօրէն կը բաժնեկցինք աշխարհի ամէն կողմը եղող մեր եղբայրներուն հետ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, ոմանք որոշած են ամէն ամիս որոշ գումար մը մէկ կողմ դնել համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւն ընելու, ճիշդ ինչպէս որ կ’ընեն Թագաւորութեան Սրահին ծախսերուն համար։ Անոնք կը գիտակցին որ այս հիմնադրամները կը գործածուին ոչ միայն գրականութիւններու արտադրութեան համար, այլ, գործին մնացեալ երեսակներուն համար ալ։ Երեւակայեցէք մեր համաշխարհային եղբայրակցութեան վայելելիք հոյակապ օգուտները եթէ աւելի շատ անհատներ այս կերպով իրենց ունեցածը կանոնաւորաբար բաժնեկցին։
4 Ասկէ զատ, կրնանք անոնց հետ բաժնեկցիլ երբ մեզի դիւրամատչելի եղած իրերը միշտ խնայողութեամբ կ’ապսպրենք։ Երբ միմիայն իրապէս մեզի պէտք եղածները ապսպրենք, ասիկա թոյլ կու տայ որ տարբեր վայրերու մէջ գտնուող եղբայրներ ստանան այն հոգեւոր հայթայթումները զորս անոնք ալ կարիքը ունին հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու, ինչպէս նաեւ իրենց շրջանին մէջ բարի լուրի քարոզչութիւնը յառաջ տանելու համար։—Եբր. 13։16
5 Յատկապէս ասիկա ի մտի պէտք է ունենանք, երբ այնպիսի իրեր կ’ապսպրենք, որոնք Ընկերութեան վրայ սուղի կը նստին։ Ասիկա կը պարփակէ պատկերիզներ, CD-ROM–ներ, տեղեկատուական մեծ գրքեր, տարեկան հատորներ, ու ձայներիզներու բաժանորդագրութիւններ։ Փոխանակ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին համար ասոնցմէ մէկական հատ ապսպրելու, արդեօք բոլոր ընտանիքը կրնա՞յ բաւականանալ պարզապէս մէկ օրինակով։ Եթէ մեր առածները նուազեցնենք, ասիկա թոյլ պիտի տայ որ ուրիշներ ալ ստանան մեր վայելած նոյն լաւ բաները։—Փիլ. 2։4
6 Դաշտին մէջ մեր տեղաւորած գրականութիւններուն ծախսին մէկ մասը թերեւս ծածկուի Թագաւորութեան Սրահին մէջ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին ի նպաստ եղած նուիրատուութեամբ, ըլլայ ատիկա մեր կողմէ, կամ զանոնք ընդունող հետաքրքրուած անհատներուն կողմէ։ Սակայն, երբ հարցը հրատարակութիւններուն գայ, զորս կ’ապսպրենք մե՛ր անհատական գործածութեան համար, մէջը ըլլալով երգարանները, Տարեգիրքերը, ոսկեզօծ Աստուածաշունչերը, եւայլն, չենք կրնար ակնկալել որ մեր կարիքներուն համար դրսեցիները հոգան։ Եհովայի նուիրուած ծառաներն են այս նիւթական օժանդակութեան գլխաւոր աղբիւրը։ Ասիկա ի մտի ունենալով, շատ հրատարակիչներ մօտաւորապէս կը հաշուեն թէ այս իրերը որքան կ’արժեն շուկայի մէջ, ապա ըստ այնմ նուիրատուութիւն կ’ընեն։ Օրինակի համար, կաշիէ կողքով, ոսկեզօծ Աստուածաշունչ մը դիւրութեամբ կ’արժէ 20 տոլար կամ աւելի, տեղեկատուական գիրք մը կրնայ արժել 40 տոլար եւ աւելի, պատի գունաւոր օրացոյց մը կրնայ ծախուիլ առնուազն 5 տոլարի, սկաւառակի վրայ արձանագրուած համայնագիտարան մը կ’արժէ 50–100 տոլար կամ աւելի, նուագի յատուկ սկաւառակները սովորաբար կ’արժեն մօտ 20 տոլար, ու կարգ մը պատկերիզներ կը ծախուին ասկէ շատ աւելի սուղ գիներով։ Եթէ այս ծախսերը ծածկելու համար բաւարար նուիրատուութիւններ չըլլան, ասիկա ի վերջոյ պատճառ պիտի ըլլայ որ կազմակերպութիւնը չկարենայ իրագործել ի՛նչ որ կը փափաքի ընել աշխարհածաւալ գործը ընդլայնելու համար։
7 Յիսուս յայտարարեց որ իր ճշմարիտ աշակերտները յստակօրէն պիտի բնորոշուին իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սիրով։ (Յովհ. 13։34, 35) Նիւթական գետնի վրայ տալու մէջ մեր առատաձեռնութիւնը եւ ուրիշներուն հետ անոնց պէտքերուն համաձայն բաժնեկցելու մեր անձնուրացութիւնը իրապէս ընտիր կերպեր են ապացուցանելու, որ մենք ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ենք։