Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/98 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Ի՛նչպէս Աւելի Ուրախութիւն Քաղել Ժողովներէն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Մեր ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 4/98 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Ի՞նչ կրնանք ընել մեր ժողովները աւելի ազդու դարձնելու համար։

Ոմանք հակումը կ’ունենան խորհելու թէ միա՛յն երէցները եւ օգնական ծառաները պատասխանատու են ժողովքային հանդիպումներու յաջողութեան, քանի որ անոնք կը վարեն ժողովները եւ կը ստանձնեն բաժիններուն մեծամասնութիւնը։ Իրականութեան մէջ, բոլորս ալ կրնանք անձնապէս նպաստել, որպէսզի ժողովները աւելի հետաքրքրական եւ օգտակար ըլլան։ Ժողովները աւելի ազդու ըլլալուն կրնանք նպաստել, հետեւեալ տասը կերպերով.

Նախապէս պատրաստեցէք. Երբ լաւ պատրաստենք, ժողովները կրնան հետաքրքրական ըլլալ։ Երբ բոլորս ալ ասիկա ընենք, ժողովները աւելի կենսունակ եւ շինիչ կ’ըլլան։ Կանոնաւորաբար ներկայ եղէք. Երբ ներկաներու թիւը բարձր ըլլայ, ասիկա բոլոր ներկաներուն համար քաջալերական կ’ըլլայ, ներկայ ըլլալու կարեւորութեան նկատմամբ գնահատութիւնը զօրացնելով։ Ժամանակին հասէք. Եթէ յայտագիրը չսկսած մեր տեղերը նստինք, կրնանք բացման երգեցողութեան եւ աղօթքին մասնակցիլ եւ այսպէս ժողովէն լաւագոյնս կ’օգտուինք։ Լաւ զինուած եկէք. Ժողովի ընթացքին գործածուած գրականութիւնները եւ մեր Աստուածաշունչը բերելով, կրնանք յայտագրին հետեւիլ եւ նկատի առնուած նիւթերը աւելի լաւ հասկնալ։ Զբաղումներէ խուսափեցէք. Կրնանք աւելի լաւ մտիկ ընել, եթէ առջեւի շարքերը նստինք։ Փսփսալը եւ յաճախակիօրէն արտաքնոց երթալը կրնան մեր եւ ուրիշներուն կեդրոնացումը խանգարել։ Մասնակցող մը եղէք. Երբ մեծ թիւով անհատներ իրենց ձեռքերը բարձրացնեն ու պատասխանեն, աւելի շատ անհատներ կը քաջալերուին ու կը կերտուին հաւատքի այս արտայայտութիւններով։ Հակիրճ պատասխաններ տուէք. Ասիկա կարելի կը դարձնէ որ աւելի շատ անհատներ պատեհութիւն ունենան մասնակցելու։ Մեր հակիրճ պատասխանները ուսումնասիրուած նիւթէն դուրս պէտք չէ շեղին։ Ձեր նշանակումները կատարեցէք. Որպէս Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ աշակերտներ, կամ Ծառայութեան Ժողովին մէջ մասնակցողներ, լաւ պատրաստուեցէք, նախապէս փորձ ըրէք եւ ջանացէք չբացակայիլ։ Մասնակցողներուն գովեցէք. Անոնց ըսէք թէ իրենց ջանքերը որքա՜ն գնահատելի են։ Ասիկա զիրենք կը կերտէ եւ կը մղէ որ ապագային ա՛լ աւելի լաւ ընեն։ Իրար քաջալերեցէք. Ժողովէն առաջ կամ վերջ, սրտանց իրար ողջունելը եւ շինիչ խօսակցութիւններ յառաջ տանիլը, կ’աւելցնեն այն հաճոյքը եւ օգուտները զորս կը քաղենք ժողովներուն ներկայ գտնուելով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել