Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Ներկայիս Եհովային հետ քալելով ի՞նչ գործնական օգուտներ կը քաղէք։ Ի՞նչպէս կրնաք թոյլ չտալ որ ոչ–աստուածպետական հետապնդումներ Թագաւորութեան շահերուն տեղը առնելով, ձեր կեանքին մէջ առաջին տեղը գրաւեն։ (Մատթ. 6։33) Սխալը որպէս շիտակ ներկայացնող այս աշխարհին մէջ, շիտակը սխալէն զանազանելու դժուարութիւն ունի՞ք։ (Եբր. 5։14) Այս հարցերը նկատի պիտի առնուին՝ «Աստուծոյ Ճամբաներուն Մէջ Քալելով Հիմա՛ Օգուտներ Քաղեցէք» բնաբանով շրջանային համաժողովին, 1999–ի Սեպտեմբերէն սկսեալ։—Սաղմ. 128։1
Այս շրջանային համաժողովի Շաբաթ օրուան նոր երեսակը պիտի ըլլայ Ծառայութեան տիպար Ժողովի մը ներկայացումը։ Ձեր շրջանային տեսուչը ժողովքները տեղեակ պիտի պահէ եղած ծրագրէն, որպէսզի բոլորն ալ կարենան պատրաստուած գալ եւ յայտագիրը լիովին վայելել։
«Ո՛վ Ռահվիրաներ, Նայեցէք որ Զգուշութեամբ Քալէք» բնաբանով բաժինը մեզի ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք իմաստութիւն եւ բանաւորութիւն ի գործ դնել, որպէսզի ռահվիրայական ծառայութեան համար բարեպատեհ ժամանակը ծախու առնենք։ (Եփ. 5։15-17) «Շիտակ Երեւցող Ճամբաներէն Զգուշացէ՛ք» նիւթը մեզի պիտի սորվեցնէ ինչպէս վստահ ըլլալ թէ ի՛նչ բան Աստուծոյ ընդունելի է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ «Կատարուած Մարգարէութիւնը Ի՛նչպէս կ’Ազդէ Մեզի» բնաբանով դասախօսութիւնը պիտի օգնէ որ մեր մտքերն ու սրտերը Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սիրով լեցուին։ «Աստուծոյ Ճամբաները Որքա՛ն Օգտակար Են» բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը, պիտի շեշտէ այն գործնական օգուտները որոնք ձեռք կը ձգուին, երբ Եհովայի արդար պահանջներուն համաձայն կը քալենք։
Կը փափաքի՞ք ջուրի մկրտութեամբ հանրապէս ցոյց տալ որ կ’ուզէք Աստուծոյ ճամբաներուն մէջ քալել, որպէս իր նուիրուած ծառաներէն մէկը։ Ուրեմն, վերակացու տեսուչին հետ խօսեցէք, որպէսզի անհրաժեշտ եղող կարգադրութիւնները ըլլան։
Վճռեցէք այս ժամանակայարմար շրջանային համաժողովը չփախցնել։ Երկու օրուան լման յայտագրին ներկայ եղէք, քանի որ՝ «երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն»։—Սաղմ. 128։1