Հարցումի Տուփ
◼ Թագաւորութեան Սրահին մաքրութեան համար ո՞վ պատասխանատու է։
Մաքուր եւ գրաւիչ Թագաւորութեան Սրահ մը մեր քարոզած պատգամին հանդէպ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ։ (Համեմատել՝ Ա. Պետրոս 2։12) Սրահը մաքուր ու կոկիկ պահելը կենսական է, եւ ամէն անհատ կրնայ բաժին բերել ասոր մէջ։ Պէտք չէ ակնկալենք որ ամբողջ բեռը միայն քանի մը հոգի կրէ։ Սովորաբար, մաքրութիւնը կը կարգադրուի Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան խումբերու համաձայն, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին կամ իր օգնականին առաջնորդութեամբ։ Սրահներու մէջ, ուր մէկէ աւելի ժողովքներ կը հաւաքուին, երէցները հարցերը այնպէս մը պիտի կազմակերպեն որ բոլոր ժողովքները զայն մաքուր պահելու մէջ բաժին բերեն։
Այս պատասխանատուութեան հոգ տանելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։ Թագաւորութեան Սրահը մաքրելու կանոնաւոր յայտագիր մը պէտք է ըլլայ։ Մաքրութեան համար գործածուելիք նիւթերն ու իրերը ձեռնհաս պէտք է ըլլան։ Ցանկ մը պէտք պատրաստուի ու ցուցատախտակի մը վրայ դրուի, որպէսզի մաքրողները ուղղութեան համար անոր դիմեն։ Երկու տարբեր ցանկեր կրնան պատրաստուիլ. մէկը՝ սովորական թեթեւ մաքրութիւն՝ իւրաքանչիւր ժողովէ ետք, իսկ միւսը՝ շաբաթական ընդհանուր մաքրութիւն։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչը շաբաթական ընդհանուր մաքրութիւնը պէտք է այնպիսի օրուան ու ժամուան մը դնէ, որ բոլոր նշանակուած անհատներուն յարմար ըլլայ։ Կանոնաւոր ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի նաեւ մարգագետնին, պարտէզին, ծաղիկներուն եւ թուփերուն։ Մայթերը եւ կառատունը մաքուր պէտք է ըլլան։ Ամէն տարի գարնանային մաքրութիւն պէտք է ըլլայ, թերեւս Յիշատակատօնէն քիչ մը առաջ։ Ասիկա կրնայ պարփակել՝ պատուհանները, պատերը եւ գորգը մաքրել ու վարագոյրները լուալ։
Անշուշտ, բոլորս ալ կրնանք բեռը թեթեւցնել, սրահէն ներս կամ դուրս ծամոց կամ աղբ չնետելով։ Կրնանք արտաքնոցը մաքրել իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք, զայն յաջորդ գործածողին համար մաքուր ձգելով։ Զգոյշ եղէք որ կահկարասիին վնաս չհասնի։ Ուշադրութիւն ընծայեցէք գորգի բիծերուն, վնասուած աթոռներուն, ջրմուղային խնդիրներուն, այրած լամբերուն, եւայլն, եւ այս հարցերը շուտով տեղեկացուցէք Թագաւորութեան Սրահին հոգ տանող եղբօր։
Բոլորս ալ կ’ուզենք մեզի ինկած բաժինը ընել։ Ասիկա պաշտամունքի տունը հաճելի կը դարձնէ եւ մեզ կը զատորոշէ որպէս Եհովա Աստուածը պատուող մաքուր ժողովուրդ մը։—Ա. Պետ. 1։16