Եհովայի Խօսքը Նկատի Առէք Ամէ՛ն Օր
1 Իւրաքանչիւր օր ձեր հաւատքին համար նոր մարտահրաւէրներ կը ներկայացնէ։ Թերեւս աշխարհային բարեկամ մը ձեր վրայ յարատեւ ճնշում կը բանեցնէ որ իր հետ ժամադրուիք։ Ձեր ուսուցիչը կ’ուզէ որ աշխարհային ասպարէզ մը հետապնդէք, կամ ձեր գործատէրը կ’ուզէ որ երկար ժամեր աշխատիք։ Կրնայ ըլլալ որ ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը աստիճանաբար կը վատթարանայ։ Թէեւ որեւէ ատեն այսպիսի փորձութիւններու դիմաց կրնաք գտնուիլ, սակայն առանձին չէք։ Եհովա պատրաստ է ձեզի հարկ եղած իմաստութիւնը տալու, որպէսզի անոնց հետ գլուխ ելլէք։ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին մէջի սուրբ գրային համարը եւ մեկնաբանութիւնները նկատի առնելը, կանոնաւորաբար Եհովայի Խօսքով կերակրուելու միջոցներէն մէկն է։ Այս կարգադրութիւնը կ’օգտագործէ՞ք։
2 Օգնութիւն Մատչելի Է. Եսայեայ 30։20–ը (ՆԱ) Եհովան կը բնութագրէ որպէս «Մեծ Ուսուցիչ»ը, որու Աստուծոյ ժողովուրդը կրնայ դիմել օգնութեան համար։ Ան ձեր հաւատքին դէմ եղած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար հարկ եղած օգնութիւնը կը հայթայթէ։ Ի՞նչպէս։ Յաջորդ համարը կը բացատրէ. «Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ Ներկայիս, Եհովա իր «խօսք»ը կը ղրկէ Աստուածաշունչին եւ ‘հաւատարիմ ծառային’ միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45) Դիտարան–ի նախկին յօդուածներուն մէջ արդէն, քրիստոնէական կենցաղի գրեթէ ամէն երեսակի մասին իմաստուն խրատներ տրուած են։ Աստուածաշունչը Քննենք գրքոյկին մէջ մէջբերուածները վերաքաղ ընելը, կ’օգնէ որ գիտութեան պաշար մը ունենաք, որ ամէն տեսակ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար անզուգական է։—Եսայ. 48։17
3 Անոր Համար Ժամանակ Յայտագրեցէք. Հակառակ անոր որ առաւօտները շատ զբաղած կ’ըլլար, մայր մը նպատակ դրաւ որ մինչ նախաճաշ կ’ընէին, իր տղուն հետ համարը կարդար ու անոր մեկնաբանութիւնները նկատի առնէր։ Ամէն առաւօտ դպրոց չմեկնած, տղուն լսած վերջին բանը այս խօսքերն ու աղօթքը կ’ըլլային։ Ասոնք զօրացուցին զինք որ սեռային առաջարկներու դէմ դնէ, ազգայնականութեան հարցին մէջ զիջում չընէ, եւ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն խիզախ վկայութիւն տայ։ Թէեւ դպրոցին մէջ միակ Վկան էր, բայց երբեք առանձին չզգաց։
4 Ուղղութեան եւ առաջնորդութեան համար Եհովայի ու իր Խօսքին դիմեցէք։ Եթէ այդպէս ընէք, ան ձեզի համար իրական պիտի ըլլայ, վստահելի բարեկամի մը նման։ Անոր դիմեցէք ամէ՛ն օր։ Աշխարհի մէջ գտնուող միլիոնաւոր ուրիշներու կողքին, որոնք ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կը քննեն, կը մաղթենք որ ձեր աչքերն ալ ‘ձեր Մեծ Ուսուցիչը տեսնեն’։