Օգնութիւն Խնդրեցէ՛ք
1 Բ. Տիմոթէոս 3։1–ի մէջ (Անթիլիաս) ներշնչեալ «դժուար» բառը, պատշաճօրէն կը նկարագրէ մեր տագնապալից ժամանակները։ Հետեւաբար, ի՞նչ կրնաք ընել երբ հոգեւոր գետնի վրայ դժուար մարտահրաւէրներու հանդիպիք, որոնք դիմագրաւելու անատակ կը զգաք դուք ձեզ։
2 Ժողովքի հոգեւորապէս հասուն մէկ անդամին հետ խօսելու մասին կը մտածէ՞ք։ Անհատ մը ամչնալուն պատճառաւ կրնայ վարանիլ, չուզելով ինքզինք պարտադրել, կամ՝ կը խորհի թէ ոեւէ մէկը իրապէս չի կրնար օգնել։ Անշուշտ, պէտք է ջանանք մեր անձնական պատասխանատուութիւններուն հոգ տանիլ մեր լաւագոյնը ընելով, սակայն միշտ ազատ պէտք է զգանք օգնութիւն խնդրելու, երբ մեր հոգեւոր բարօրութիւնը խնդրոյ առարկայ է։—Գաղ. 6։2, 5
3 Ուրկէ՞ Սկսիլ. Կրնաք ձեր գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին մօտենալ եւ անկէ խնդրել դաշտի ծառայութեան մէջ միասին աշխատիլ։ Ասիկա ձեզի պատեհութիւնը պիտի տայ որ իրեն հետ խօսիք հոգեւորապէս աճելու ձեր փափաքին մասին։ Եթէ ան օգնական ծառայ մըն է, իրեն յայտնեցէք որ հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունիք եւ ան իր կարգին երէցներէն պիտի խնդրէ որ ձեզի օգնութիւն մատուցանեն։ Կամ կրնաք երէցներէն ոեւէ մէկուն խօսիլ, ձեզ մտահոգող հարցերու շուրջ։
4 Ի՞նչպիսի օգնութեան կարիքը ունիք։ Բա՞ն մը կայ որ ձեր եռանդը նուազեցուցած է։ Առանձի՞ն ծնող մըն էք, որ կը փորձէք ձեր զաւակները ժողովքին մօտիկ պահել։ Տարե՞ց մըն էք, որ օգնութեան կարիքը ունիք։ Կամ՝ կարգ մը խնդիրնե՞ր ունիք որ ձեզ կը յուսալքեն։ Այս տագնապալից ժամանակներուն հետ գլուխ ելլելը կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն ո՛չ՝ անկարելի։ Օգնութիւնը մատչելի է։
5 Երէցները Ի՛նչպէս կ’Օգնեն. Երէցները անկեղծօրէն հոգ կը տանին։ Անոնք ձեր մտահոգութիւններուն մտիկ պիտի ընեն։ Եթէ ուրիշ հրատարակիչներ նոյնանման խոչընդոտներ կը դիմագրաւեն, երէցները ասիկա ի մտի պիտի ունենան մինչ ժողովքը կը հովուեն ու անոր կը սորվեցնեն։ «Հօտին օրինակ ըլլալով», անոնք ձեր կողքին ուրախութեամբ աշխատելու պատրաստ են։ (Ա. Պետ. 5։3) Այս փորձառու եղբայրներուն մտիկ ընելը, մինչ անոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն մասին կը պատճառաբանեն, կրնայ ձեր ծառայութիւնը բարելաւել եւ ձեր անձնական կեանքին մէջ ձեզի օգտակար դառնալ։—Բ. Տիմ. 3։16, 17
6 Յիսուս մեզի շնորհած է բազմաթիւ «տղամարդոցմէ բաղկացած պարգեւներ»։ (Եփ. 4։8, ՆԱ, ստորանիշ) Ասիկա կը նշանակէ թէ երէցները ձեր տրամադրութեան տակ են։ Անոնք պատրաստ են ձեզի օգնելու։ Անոնք, արդարեւ ‘ձերն են’։ (Ա. Կորն. 3։21-23) Ուստի փոխանակ քաշուելու, խօսեցէ՛ք։ Ձեզի պէտք եղած օգնութիւնը խնդրեցէ՛ք։