Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/00 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մաս 7. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Աղօթելու համար՝ հաւատարմութեամբ բարձրացնենք մեր ձեռքերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Աղօթելու առանձնաշնորհումդ գանձ սեպէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Աղօթքներդ քու մասիդ ի՞նչ կը յայտնեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 6/00 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Ժողովքային հանդիպումներուն ո՞վ պէտք է աղօթէ։

Ժողովքային աղօթքը մեր պաշտամունքին կենսական մէկ մասն է։ Եհովայի առջեւ ուրիշները ներկայացնելը թանկագին առանձնաշնորհում մը եւ ծանր պատասխանատուութիւն մըն է։ Անոր կարեւորութեան ի տես, երէցները լաւ դատողութիւն պէտք է գործածեն, երբ կ’որոշեն թէ ո՛ր եղբայրները ժողովներուն աղօթք մատուցանելու որակելի են։ Ժողովքը ներկայացնող մկրտուած եղբայրները պէտք է հասուն Քրիստոնեայ ծառաներ ըլլան, որոնք ճանչցուած են որպէս օրինակելի անհատներ եւ ժողովքին յարգանքը կը վայելեն։ Անոնց ակնածալի եւ յարգալից աղօթքները Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը պէտք է արտացոլացնեն։ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1986–ի համարին մէջ, «Հանրային Աղօթքներ Մատուցանել Խոնարհ Սրտով մը» յօդուածը կարեւոր սկզբունքներ կ’ընդգծէ, որոնք մասնաւորաբար օգտակար են անոնց համար որոնք ժողովքին ի նպաստ հանրապէս կ’աղօթեն։

Երէցները աղօթք մատուցանելու համար պիտի չընտրեն եղբայր մը, որ ճանչցուած է իր կասկածելի կամ թեթեւամիտ վարքին համար։ Պէտք չէ ընտրուի եղբայր մը որ հակումը ունի դժգոհելու կամ հանրային աղօթքը անձնական խնդիրներ ծանուցանելու որպէս միջոց գործածելու։ (Ա. Տիմ. 2։8) Նոյնիսկ եթէ պատանի եղբայր մը մկրտուած ըլլայ, երէցները պէտք է որոշեն թէ ան ժողովքին ի նպաստ աղօթելու հոգեւոր հասունութիւնը ունի թէ ոչ։—Գործք 16։1, 2

Երբեմն, դաշտի ծառայութեան ժողովներուն անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ որ մկրտուած քոյր մը աղօթէ, եթէ խումբը ներկայացնող որակելի եղբայր մը ներկայ չէ։ Քոյրը պէտք է պատշաճ կերպով գլուխը ծածկէ։ Եթէ հաւանականութիւնը կայ որ դաշտի ծառայութեան որոշ մէկ ժողովին, որակելի եղբայր մը ներկայ պիտի չըլլայ, երէցները պէտք է որակելի քոյր մը նշանակեն առաջնորդութիւնը առնելու համար։

Սովորութիւն է որ Հանրային Ժողովին ատենապետը ինք ներկայացնէ բացման աղօթքը։ Սակայն, ժողովքային հանդիպումներուն, ուր մէկէ աւելի որակելի եղբայրներ կան, ժողովը սկսող կամ վերջին բաժինը ունեցող եղբօրմէն զատ ուրիշ եղբայր մը կրնայ բացման կամ փակման աղօթքը մատուցանել։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, ժողովքային հանդիպումի մը ընթացքին աղօթելու համար նշանակուած եղբայրը պէտք է նախապէս տեղեակ ըլլայ ասկէ, որպէսզի կարենայ իր ըսելիքին մասին մտածել։ Ապա ան կրնայ վայելուչ, անկեղծ աղօթք մը ներկայացնել, որ այդ մասնայատուկ ժողովին կը պատշաճի։

Այսպիսի աղօթքներ երկար պէտք չէ ըլլան։ Երբ եղբայր մը հանրային աղօթք մը մատուցանէ, սովորաբար իր աղօթքը աւելի լաւ կը հասկցուի եթէ կայնի, բաւարար ձայնածաւալ գործածէ եւ յստակօրէն խօսի։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ բոլոր ներկաները աղօթքը լսեն եւ վերջաւորութեան սրտանց «Ամէն» ըսեն։—Ա. Մնաց. 16։36. Ա. Կորն. 14։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել