Օրն ի Բուն Եհովայի Հանդէպ Վախ Ունենանք
1 «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է»։ (Սաղմ. 111։10) Անիկա կը մղէ մեզ բարի գործեր գործելու եւ կ’օգնէ չարէն հեռանալու։ (Առ. 16։6) Այս վախը մեր Ստեղծիչին հանդէպ խոր ակնածանք է, որ կը մղէ մեզ որ խուսափինք զինք տհաճեցնելէ եւ իրեն անհնազանդ ըլլալէ։ Անիկա յատկութիւն մըն է որ պէտք է մշակենք եւ օրն ի բուն ցուցաբերենք։—Առ. 8։13
2 Ամէն օր, Սատանայի աշխարհի հոգին մեր վրայ մեծ ճնշում կը բանեցնէ, մեզ իր չար ճամբաներուն համակերպեցնելու համար։ (Եփ. 6։11, 12) Մեր անկատար մարմինը մեղաւոր է եւ չարին հանդէպ բնածին հակում ունի։ (Գաղ. 5։17) Ուստի, Եհովայի պատուիրաններուն հնազանդելու, ուրախ ըլլալու եւ կեանք ձեռք ձգելու համար, օրն ի բուն Իրեն հանդէպ վախ պէտք է ունենանք։—Բ. Օր. 10։12, 13
3 Եբրայեցիս 10։24, 25–ի մէջ, մեզի յորդոր կը տրուի միասնաբար հաւաքուելու, որպէսզի զիրար ա՛լ «աւելի» քաջալերենք այս ժամանակներուն ընթացքին։ Այս վերջին օրերէն վերապրելու համար կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուիլը կենսական է։ Աստուած տհաճեցնելու մեր վախը կը մղէ մեզ ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ անոնց նպատակը մեծապէս արժեւորելու։ Աստուծմէ վախցող անհատները, քրիստոնէական ժողովներուն մէջ մասնակցիլը սրբազան առանձնաշնորհում մը կը նկատեն։
4 Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու պատուիրանքին հնազանդիլը, Աստուծոյ հանդէպ մեր վախը ցուցաբերելու ուրիշ կերպ մըն է։ (Մատթ. 28։19, 20. Գործք 10։42) Մեր քարոզչութեան գլխաւոր նպատակակէտերէն մէկն է, ուրիշներու օգնել որ Եհովայի հանդէպ վախ մշակեն եւ իր կամքին ենթարկուին։ Ասիկա կ’իրագործենք վերայցելութիւններ ընելով, ջանալով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, ապա ուրիշներուն Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները սորվեցնելով։ Այս կերպով Եհովայի հանդէպ մեր վախը եւ դրացիի հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք։—Մատթ. 22։37-39
5 Աստուծմէ չվախցող անհատները հոգեւոր բաներու հանդէպ գնահատանք չեն զարգացներ, եւ աշխարհի մահացու օդին՝ կամ մտավիճակին՝ անձնատուր կ’ըլլան։ (Եփ. 2։2) Թող որ հաստատօրէն վճռենք ‘Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանել, աստուածպաշտութեամբ եւ ակնածութեամբ’։ (Եբր. 12։28, ՆԱ) Այս կերպով, օրն ի բուն Եհովայի հանդէպ վախ ունեցողներուն վայելած օրհնութիւնները պիտի քաղենք։