Ո՛վ Ծնողներ, Ձեր Զաւակներուն Մէջ Օգտակար Սովորութիւններ Զետեղեցէք
1 Օգտակար սովորութիւնները ժառանգական չեն, ոչ ալ դիպուածով ձեռք կը ձգուին։ Ասկէ զատ, զաւակներուն մէջ օգտակար սովորութիւններ զետեղելը ժամանակ կ’առնէ։ «Զետեղել» կը նշանակէ «աստիճանաբար տեղաւորել» կամ «կաթիլ–կաթիլ հոսեցնել»։ Յարատեւութիւն կը պահանջէ որ ծնողներ իրենց զաւակները ‘Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը մեծցնեն’։—Եփ. 6։4
2 Մանկութենէն Սկսեցէք. Մանուկները սորվելու եւ նոր բաներ ընելու հոյակապ կարողութիւն ունին։ Թէեւ չափահասներ նոր լեզու մը սորվիլը յաճախ դժուար կը գտնեն, սակայն, նախադպրոցական տարիքի երախաներ միաժամանակ երկու կամ երեք լեզու կրնան սորվիլ։ Երբեք մի՛ խորհիք թէ ձեր զաւակը օգտակար սովորութիւններ զարգացնելու համար տակաւին շատ փոքր է։ Եթէ Աստուածաշունչի ճշմարտութեամբ դաստիարակելը կանուխ սկսուի եւ շարունակուի, երբ երախան մի քանի տարեկան ըլլայ, անոր ուղեղը լեցուած պիտի ըլլայ այն գիտութեամբ, որ ‘զինք իմաստուն պիտի ընէ փրկուելու համար’։—Բ. Տիմ. 3։15
3 Դաշտի Ծառայութիւնը Սովորութիւն Դարձուցէք. Երախայի մը կազմաւորման տարիներուն անոր մէջ զետեղելիք օգտակար սովորութիւն մըն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի կանոնաւոր քարոզչութիւնը։ Ծնողներէն շատեր կը սկսին ասիկա ընել, իրենց զաւակները տունէ տուն ծառայութեան տանելով, երբ անոնք տակաւին մանուկ են։ Երբ ծնողներ վկայութեան գործին կանոնաւորաբար մասնակցին, ասիկա զաւակներուն կ’օգնէ որ ծառայութեան հանդէպ գնահատութիւն եւ նախանձախնդրութիւն զարգացնեն։ Ծնողներ կրնան զաւակներուն ցոյց տալ թէ դաշտի ծառայութեան տարբեր մարզերուն մէջ ի՛նչպէս կրնան վկայութիւն տալ։
4 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին արձանագրուիլն ալ կ’օգնէ զաւակներուն։ Անոնց ուսումնասիրելու վարժութիւն եւ հասկնալով կարդալ կը սորվեցնէ։ Անոնք Աստուածաշունչին մասին խօսիլ, վերայցելութիւններ ընել, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել կը սորվին։ Այսպիսի մարզում մը կրնայ զանոնք խթանել որ ռահվիրաներ ըլլան եւ ծառայութեան մասնայատուկ առանձնաշնորհումներու ձգտին։ Պէթէլականներէն ու միսիոնարներէն շատեր խանդաղատանքով կը յիշեն Աստուածպետական Դպրոցին մէջ իրենց ունեցած առաջին ելոյթները, եւ դպրոցը կը նկատեն որպէս կարգադրութիւն մը, որ իրենց մէջ օգտակար սովորութիւններ զարգացնելու նպաստեց։
5 Բոլորս ալ Մեծ Բրուտին՝ Եհովայի ձեռքերուն մէջ կաւի նման ենք։ (Եսայ. 64։8) Անիկա ո՛րքան կակուղ ըլլայ, ա՛յնքան դիւրին ձեւ կ’առնէ։ Ո՛րքան չոր ըլլայ, ա՛յնքան աւելի դժուար կ’ըլլայ։ Նոյն է պարագան մարդոց հետ։ Երբ մատղաշ են, աւելի դիւրաթեք կ’ըլլան. իսկ ո՛րքան աւելի փոքր ըլլան, ա՛յնքան աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին։ Մատղաշ տարիները կազմաւորման տարիներ են, երբ անոնք պիտի ձեւաւորուին որպէս բարի, կա՛մ որպէս չար։ Որպէս հոգածու ծնողներ, կանուխէն սկսեցէք ձեր զաւակներուն մէջ քրիստոնէական ծառայութեան օգտակար սովորութիւններ զետեղել։