Ձեր Աշակերտին Սրտին Հասէք
1 Երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ իր պատուիրած բոլոր բաները «պահեն»։ (Մատթ. 28։19, 20) Եթէ անհատ մը Քրիստոսի պատուիրանները պիտի ‘պահէ’, տեղեկութիւնը պէտք է իր սրտին հասնի։ (Սաղմ. 119։112) Ի՞նչպէս կրնաք ձեր Աստուածաշունչի աշակերտին սրտին դպչիլ։
2 Եհովայի Առաջնորդութեան Համար Աղօթեցէք. Աշակերտելը Աստուծոյ գործն է։ Անոր մէջ յաջողելու համար, Իր օրհնութիւնը պայման է, եւ ո՛չ թէ՝ մեր կարողութիւնները։ (Գործք 16։14. Ա. Կորն. 3։7) Ուստի, ուրիշներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար Եհովայի օգնութեան համար աղօթելը կենսական է։—Եսայ. 50։4
3 Աշակերտին Հաւատալիքները Հասկցէք. Երբ գիտնաք թէ մարդիկ ի՛նչ բանի կը հաւատան եւ ինչո՛ւ կը հաւատան, անիկա մեզի կրնայ ներատեսութիւն տալ գիտնալու թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոնց սրտին հասնելու համար։ Աշակերտ մը որոշ ուսուցում մը ինչո՞ւ հաճելի կը նկատէ։ Ի՞նչ բան զինք համոզեց որ անոր հաւատայ։ Այս տեղեկութիւնները կրնան օգնել որ ներատեսութեամբ խօսինք։—Գործք 17։22, 23
4 Տրամաբանական ու Սուրբ Գրային Պատճառաբանութիւն մը Ներկայացուցէք. Ճշմարտութիւնը աշակերտին համար հասկնալի պէտք է ըլլայ։ (Գործք 17։24-31) Մեր յոյսին համար արժանահաւատ պատճառ մը պէտք է տանք։ (Ա. Պետ. 3։15) Սակայն, մի՛շտ ազնուութեամբ եւ համբերութեամբ ըրէք ասիկա։
5 Մեր Ուսուցումը Օրինակներով Ազդու Դարձնենք. Օրինակները ո՛չ միայն աշակերտին համար բան մը դիւրահասկնալի կը դարձնեն, այլեւ անոնք զգացումներ կը գրգռեն։ Անոնք թէ՛ մտքին ու թէ սրտին կ’ազդեն։ Յիսուս յաճախ գործածեց զանոնք։ (Մար. 4։33, 34) Անշուշտ, ազդու ըլլալու համար, գործածուած օրինակը պէտք է խօսուած նիւթին յարմար ըլլայ եւ աշակերտին կեանքին հետ կապ ունենայ։
6 Ճշմարտութիւնը Ընդունելու Օգուտները Ցոյց Տուէք. Մարդիկ կ’ուզեն գիտնալ իրենց սորված բաները կիրարկելուն օգուտները։ Ձեր աշակերտին օգնեցէք որ տեսնէ Բ. Տիմոթէոս 3։14-17–ի մէջ յիշուած Պօղոսի խօսքերուն իմաստութիւնը։
7 Մի՛ յուսահատիք եթէ ոմանք ձեր ուսուցումին չընդառաջեն։ Բոլոր սրտերը ընդունակ չեն։ (Մատթ. 13։15) Սակայն, ոմանք հաւատացեալներ կ’ըլլա՛ն։ (Գործք 17։32-34) Կը մաղթենք որ բարի լուրով ուրիշներու սրտին հասնելու ձեր ջանքերը, աւելի շատ անհատներու օգնեն Յիսուսի պատուիրածները ընդունելու եւ զանոնք ‘պահելու’։