Ետ Մի՛ Կենաք
1 Երբ դռնէ դուռ քարոզչութեան երթալու կը պատրաստուինք, մեր դիմագրաւած ամենադժուար դուռը՝ մեր դուռը կրնայ ըլլալ։ Անատակութեան զգացումներ կրնան մեզ ետ պահել ճշմարտութիւնը «բոլոր տեսակի մարդոց» խօսելու համար տունէն դուրս ելլելէ։ (Ա. Տիմ. 2։4, ՆԱ) Սակայն, բարի լուրը քարոզելու պէտք չէ վարանինք։ Ինչո՞ւ։
2 Անիկա Եհովայի Պատգամն Է. Եհովա իր խօսքը փոխանցած է Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Երբ այս պատգամը ուրիշներու տանինք, ի՛ր գաղափարները եւ ոչ թէ մե՛րը փոխանցած կ’ըլլանք։ (Հռովմ. 10։13-15) Երբ անհատներ Թագաւորութեան պատգամը մերժեն, խորքին մէջ անոնք Եհովա՛ն մերժած կ’ըլլան։ Սակայն, մենք չենք վհատիր։ Վստահ ենք որ այս պատգամը՝ աշխարհի վիճակներու փոփոխութեան տենչացողներուն եւ իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողներուն սրտին ընդառաջող լարերուն պիտի դպչի։—Եզեկ. 9։4. Մատթ. 5։3, 6
3 Եհովա Մարդիկը Իրեն կը Քաշէ. Անհատ մը որ անցեալին մեզի մտիկ ընել չէր ուզած, ներկայիս կրնայ ընդառաջել, քանի որ իր պարագաները փոխուած՝ եւ իր սրտին վիճակը կակուղցած կրնայ ըլլալ։ Այժմ Եհովա կրնայ այդ անհատին հանդէպ իր բարեացակամութիւնը արտայայտել եւ զինք իրեն ‘քաշել’։ (Յովհ. 6։44, 66) Երբ ասիկա պատահի, կ’ուզենք Եհովայի կողմէ գործածուելու ու այսպիսիները գտնելու մէջ հրեշտակային առաջնորդութեան հետեւելու պատրաստ ըլլալ։—Յայտ. 14։6
4 Աստուած Մեզի Իր Հոգին կու Տայ. Սուրբ հոգին կարելի կը դարձնէ, որ ‘համարձակութեամբ քարոզենք՝ վստահելով’ Եհովայի։ (Գործք 14։1-3, Անթիլիաս) Երբ յիշենք թէ մեր ծառայութեան մէջ այս զօրաւոր օգնութիւնը ունինք, պիտի չվարանինք ճշմարտութիւնը խօսելու՝ դրացիներու, գործակիցներու, դասընկերներու, ազգականներու, կամ ուսեալ ու հարուստ մարդոց։
5 Յիսուս Մեզի Կերպը Սորվեցուց. Յիսուս միտք գրգռող հարցումներ, իրապաշտ օրինակներ, եւ սուրբ գրային պատճառաբանութիւններ գործածեց։ Ան ճշմարտութիւնը սրտանց բացատրեց պարզ, դիմացինին սրտին խօսող կերպով մը։ Ասոնք տա՛կաւին լաւագոյն կերպերն են ներկայիս։ (Ա. Կորն. 4։17) Քարոզելու մեր պայմանները կրնան իրարմէ տարբերիլ, բայց Թագաւորութեան զօրաւոր պատգամը նոյնն է։
6 Մարդոց մասնայատուկ եւ կենսական կերպով օգնելու համար Եհովայի կողմէ գործածուելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Ուստի, ետ չկենանք։ Թող որ քաջ ըլլանք եւ թոյլ տանք որ Եհովա «խօսքին դուռը բանայ մեզի», որպէսզի բարի լուրը ուրիշներուն կարենանք խօսիլ։—Կող. 4։2-4