Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Վախ բառին իմաստներէն մէկն է՝ «խոր յարգանք եւ երկիւղ, յատկապէս Աստուծոյ հանդէպ»։ Ասիկա կը նկարագրէ այն առողջ վախը որու կ’ակնարկեն Սուրբ Գրութիւնները՝ որպէս «իմաստութեան սկիզբը»։ (Սաղմ. 111։10) Ասոր հակառակը, մեր շուրջ գտնուող Սատանայի աշխարհը կլանուած է ուրիշ վախով մը։ Ի՞նչպէս կրնանք այդ վատառողջ զգացումէն խուսափիլ, մինչ Եհովայի հանդէպ երկիւղալի վախ մը կը մշակենք։ 2002 ծառայութեան տարուան համար շրջանային համաժողովի նոր յայտագիրը այս հարցումին պատասխանը կը հայթայթէ։ Անոր բնաբանն է՝ «Աստուծմէ Վախցէք ու Փառք Տուէք Անոր»։ (Յայտ. 14։7) Պիտի հասկնանք թէ ի՛նչպէս շատ մը կերպերով Եհովայի վախը կ’օգնէ մեզի անհատապէս եւ որպէս կազմակերպութիւն։
Թէեւ վախը մտահոգութիւն կամ քաջութեան պակաս, նաեւ՝ դժուար պարագաներ դիմագրաւելու դժկամութիւն կրնայ նշանակել, սակայն Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան»։ (Սաղմ. 128։1) Համաժողովի յայտագիրը մեզի ցոյց պիտի տայ թէ ճշմարիտ պաշտամունքի մարտահրաւէրները ի՛նչպէս կրնանք յաջողապէս դիմագրաւել։ Պիտի տեսնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք նորեկներուն օգնել որ աստուածային այսպիսի առողջ վախ մշակեն, որ իր կարգին պիտի մղէ զիրենք որ փափաքին իրեն ծառայել իրենց բոլոր սրտով, անձով, մտքով եւ զօրութեամբ։ (Մար. 12։30) Առաջին օրը կ’աւարտի նահանգային տեսուչին դասախօսութեամբ՝ «Ձեր Սիրած Անհատներուն Ա՛լ Աւելի Մօտեցէք» բնաբանով։ Անիկա պիտի բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Եհովայէն, մեր ընտանիքէն եւ մեր Քրիստոնեայ եղբայրներէն մեզի հեռացնելու Բանսարկուին ջանքերուն նկատմամբ արթուն ըլլալ։
Երկրորդ օրը չորս մասերէ բաղկացած յօդուածաշարք մը կայ, որու բնաբանն է՝ «Եհովայէն Վախցէք, եւ Ոչ թէ՝ Մարդոցմէ»։ Անիկա պիտի բացատրէ թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս պէտք է յաղթահարենք որեւէ վախ, որ մեզ ետ կը պահէ մեր ծառայութիւնը լիովին կատարելէ, կամ մեր ուղղամտութիւնն ու բարի խղճմտանքը պահպանելէ՝ դպրոցին եւ գործատեղիին մէջ։ «Աստուծմէ Վախցէք ու Իր Պատուիրանները Պահեցէք» բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը հիմնուած է Յայտնութիւն 14–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած դէպքերու շարքաւորման վրայ։ Շրջանային համաժողովը պիտի աւարտի՝ «Շարունակե՛նք Եհովայի Վախովը Քալել» բնաբանով քաջալերական դասախօսութեամբ մը։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը, Ծառայութեան տիպար Ժողովը, մկրտութեան դասախօսութիւնը, եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը յայտագրին միւս աչքառու մասերն են, որոնք պիտի չուզէիք փախցնել։ Աստուածաշունչի ձեր աշակերտները հրաւիրեցէք որ ձեզի հետ ներկայ գտնուին։ Մկրտուիլ ուզողները պէտք է վերակացու տեսուչին հետ խօսին, որքան կարելի է շուտ։ Բոլորս ալ պիտի փափաքինք Եհովայի հանդէպ մեր առողջ վախը ցոյց տալ եւ զինք փառաբանել, այս արտակարգ յայտագրին որեւէ մասը չփախցնելով։