Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Ծառայութեան նոր տարուան համար միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանը սուրբ գրային հաստատ հիմ մը ունի. «Աստուծոյ Հնազանդեցէք՝ Սատանային Հակառա՛կ Կեցէք»։ (Յակ. 4։7) Ներկայ դժուար ժամանակներուն համար ասիկա հաստատ ուղղութիւն մըն է։ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդիլը մեզ ուղղակի Սատանայի հետ դէմ յանդիման կը բերէ։ Այս յայտագիրը մեզի պիտի սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Սատանայի հաւատք քանդող՝ չարամիտ ծրագիրներուն դէմ հաստատ կենալ։ Այս համաժողովին մեր ստանալիք կարգ մը հոգեւոր գոհարները ի՞նչ են։
Շրջանային տեսուչը ցոյց պիտի տայ թէ «Որպէս Ընտանիքի Անդամներ Աստուածային Հնազանդութիւն Ցուցաբերել»ը ի՛նչպէս կը զօրացնէ ընտանիքները, որպէսզի աշխարհի ճնշումներուն տոկան։ Այցելու դասախօսին այդ օրուան առաջին դասախօսութիւնը՝ «Ի՛նչ կը Նշանակէ Սատանային Հակառակ Կենալ», պիտի բացատրէ թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս հաստատ քայլեր պէտք է առնենք, մեր հոգեւորականութիւնը քանդելու Սատանայի նպատակներուն դէմ դնելու համար։ Երկու նիւթեր պատրաստուած են յատկապէս պատանիները ի մտի ունենալով. անոնք ալ պէտք է Բանսարկուին հնարքներէն զգուշանան։ Քրիստոնեաներէն շատեր, որոնք այժմ չափահաս են, պատանեկութեան շրջանին մերժած են աշխարհի ցանկութիւններուն տեղի տալ։ Պիտի ուրախանանք անձնապէս լսելով իրենց անհատական փորձառութիւններէն ոմանք։
Մարդկային ընկերութեան բոլոր անդամներէն պահանջուած է հեղինակութիւններուն հնազանդիլ։ Ուստի, այցելու դասախօսին դասախօսութիւնը աչքառու պիտի դարձնէ չորս մարզեր, ուր մեր աստուածային հնազանդութիւնը բացայայտ պէտք է ըլլայ. (1) կառավարութիւններուն հանդէպ, (2) ժողովքին մէջ, (3) աշխարհիկ գործին մէջ, եւ (4) ընտանեկան շրջանակէն ներս։ Ի՜նչ գործնական յայտագիր մը։
Անոնք որոնք այս միօրեայ մասնաւոր համաժողովին կը փափաքին մկրտուիլ, պէտք է վերակացու տեսուչը տեղեակ պահեն, կարելի եղածին չափ շուտ։ Բոլորս ալ պէտք է թուականը նշենք մեր օրացոյցին վրայ եւ ծրագրենք համաժողովի լման յայտագրին ներկայ գտնուիլ։ Մեր ձեռք ձգելիք օրհնութիւնները յաւիտենական պիտի ըլլան, մինչ յաւէտ Եհովայի կը հնազանդինք։