«Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» Նահանգային Համաժողովին Ձեր Սորված Բաները կը Կիրարկէ՞ք
1 Այս տարուան նահանգային համաժողովին ներկայ եղող ոեւէ անհատ կրնար տեսնել թէ Եհովայի ժողովուրդը մտադրած է Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանողներ ըլլալու իր յանձնարարութիւնը կատարել։ (Մատթ. 28։19, 20) Երբ տուն վերադարձաք, ո՞ր մասնայատուկ հրահանգները վճռած էիք կիրարկել ձեր անձնական կեանքին եւ դաշտի ծառայութեան մէջ։
2 Ներշնչեալ Գրութիւնները Օգտակար Են Սորվեցնելու. Առաջին օրուան բնաբանը աչքառու դարձուց Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։ Գլխաւոր դասախօսութիւնը ցոյց տուաւ թէ «Լիովին Պատրաստուած՝ Որպէս Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» ըլլալու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեծ համարում ունենանք, զայն յարգենք մարդկային որեւէ կարծիքէ կամ սովորութենէ աւելի, եւ հաւատարմօրէն զայն գործածենք։ Նաեւ ամէն օր պէտք է աղօթենք որ սուրբ հոգին մեզի օգնէ մեր քարոզչութեան մէջ եւ ջանանք անոր գլխաւոր պտուղը՝ սէրը՝ մշակել։ Եւ թոյլ պէտք է տանք որ Եհովայի երկրային կազմակերպութիւնը մեզ մարզէ որպէս քարոզիչ, ժողովքային բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին։
3 «Մենք Մեզի Սորվեցնենք՝ Մինչ Ուրիշներուն կը Սորվեցնենք» խորագրով Ուրբաթ օրուան յօդուածաշարքը բացատրեց թէ պէտք է օրինակելի ըլլանք (1) քրիստոնէական բարոյականութեան բոլոր մարզերուն մէջ Աստուծոյ օրէնքներուն կառչելով, (2) ուսումնասիրութեան լաւ վարժութիւններ պահպանելով, եւ (3) սրտի ու մտքի այն կեցուածքներէն ու վիճակներէն ձերբազատուելով, որոնք Սատանան կրնայ շահագործել։ Անկէ ետք, մեր ընտանիքները պոռնկագրութեան համաշխարհային պատուհասէն պաշտպանելու համար գործնական կերպեր սորվեցանք։ Ծնողներուն յորդոր տրուեցաւ որ օրինակ հանդիսանան, սեռային տեսարանի մը վրայ նոյնիսկ ակնարկ մը նետելէ խուսափելով, եւ իրենց զաւակներուն Ինթըրնէթ գործածելը ու հեռատեսիլ դիտելը հսկեն։ Ուրբաթ օրուան յայտագրէն ո՞ր կէտերը սկսաք կիրարկել։
4 Օրուան վերջին դասախօսութիւնը Եհովայի լոյսը արժեւորելու, Աստուծոյ հաւատարիմ օծեալ դասակարգին մօտիկ մնալու, եւ Եհովայի ժողովուրդին խաղաղութեան նպաստելու մեր վճռակամութիւնը զօրացուց։ Կարդացի՞ք նոր լոյս տեսած գրականութիւնը՝ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Բ.–ը։
5 Ուրիշներուն Սորվեցնելու Կարող. Երկրորդ օրուան բնաբանին համարն էր Բ. Տիմոթէոս 2։2–ը։ Մինչ Շաբաթ առտուան յօդուածաշարքը մտիկ կ’ընէիք, նկատի առի՞ք այն թելադրութիւնները որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կրնանք (1) արժանի եղողները փնտռել, (2) անոնց հետաքրքրութիւնը մշակել, եւ (3) անոնց սորվեցնել որ Քրիստոսի պատուիրածները պահեն։ Ձեր սորվածները կը կիրարկէ՞ք. տանտէրներուն առնուազն մէկ կէտ ցոյց տալ Սուրբ Գրութիւններէն եւ յաջորդ այցելութեան համար գետին պատրաստել։
6 Յետմիջօրէի յայտագիրը Մեծագոյն Ուսուցիչը՝ Յիսուսը՝ ընդօրինակելու կարեւորութիւնը շեշտեց։ Ի՞նչ կերպերով կը ջանաք իրեն աւելի նմանիլ։ Օրուան երկրորդ յօդուածաշարքէն ձեր սորված բաներէն, ի՞նչպէս կը խորհիք թէ կրնաք ‘Աւելի Լիարժէք Կերպով Օգտուիլ Աստուածպետական Դաստիարակութենէն’։ Ի՞նչ թելադրութիւններ կիրարկեցիք, անձնական ուսումնասիրութեան եւ ժողովներուն ընթացքին երկար ժամանակ կեդրոնացած մնալու ձեր կարողութիւնը աւելցնելու համար։
7 Անկասկած, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք նոր հայթայթումը մեզի պիտի օգնէ որ որպէս դասախօսներ եւ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչներ, մեր կարողութիւններուն մէջ աճինք։ Աւելի ուշադրութիւն պիտի ընծայուի դասախօսական այն յատկութիւններուն, որոնցմով Աստուածաշունչի ժամանակներու Աստուծոյ ծառաները յատկորոշուեցան։ Նոր դասագրքին իւրաքանչիւր դասը շրջագծեր ունի, որոնք հակիրճօրէն ցոյց կու տան թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, անիկա ինչո՛ւ կարեւոր է, եւ ի՛նչպէս ընէք։ Գրքին մէջ պարփակուած են գործնական վարժութիւններ։ Քոյրերը պիտի ունենան 29 մատուցման կերպեր, որոնցմէ պիտի ընտրեն երբ իրենց նշանակումները կը ներկայացնեն։ Ժամանակի ընթացքին, դպրոցը վարելու կերպին մէջ յայտարարուած փոփոխութիւնները տեղի պիտի ունենան։ Ուսումնասիրելու եւ պատրաստելու լաւ սովորութիւն մը ունի՞ք, որպէսզի ամէն շաբաթ լիովին օգտուիք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն։
8 Ժամանակին Նայելով Սորվեցնող Եղէք. Եբրայեցիս 5։12–ը ներկաներուն միտքը պատրաստեց Կիրակի օրուան համար։ «Մաղաքիայի Մարգարէութիւնը Մեզ կը Պատրաստէ Եհովայի Օրուան Համար» խորագրով առաւօտեան յօդուածաշարքը, մեզ յորդորեց որ մեր լաւագոյնը տանք Աստուծոյ, եւ ամէն տեսակ անհաւատարմութիւն ատենք, որպէսզի Եհովայի մեծ ու վախազդու օրէն վերապրինք։ «Եհովայի Հեղինակութիւնը Յարգենք» թատերախաղը, ուժգնօրէն ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպէս վաղեմի Կորխին ու իր ընկերակիցներուն հպարտութիւնը, փառամոլութիւնը, նախանձը եւ անտեղի հաւատարմութիւնը առաջնորդեցին որ անոնք ուղղակիօրէն Եհովայի դէմ ապստամբին։ Թատերախաղին յաջորդող դասախօսութիւնը շեշտեց թէ ներկայիս ընտանիքին ու ժողովքին մէջ աստուածային հեղինակութեան ենթարկուելու կարիքը կայ։ «Որո՞նք Բոլոր Ազգերուն Ճշմարտութիւնը կը Սորվեցնեն» խորագրով հանրային դասախօսութիւնը, ապացոյցներ հայթայթեց թէ Եհովայի Վկաները ասիկա կ’ընեն, ճիշդ Քրիստոնեայ Աշխարհին հակառակը, որ միայն կը դաւանի սորվեցնել Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը։
9 Բացայայտօրէն, Եհովա մեզ կը մարզէ որպէսզի իր Խօսքը աւելի լաւ ուսուցանենք։ Թող որ կիրարկենք մեր սորվածները, ‘զգուշութիւն ընելով մեր անձին ու վարդապետութեան ու միշտ ատո՛նց մէջ կենալով. քանզի այդպէս ընելով՝ մեզ ալ պիտի ապրեցնենք ու զանոնք ալ, որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն’։—Ա. Տիմ. 4։16