«Ուրկէ՞ Կրնամ Ժամանակ Գտնել»
1 Ասիկա մեզմէ շատերուն գանգատն է, քանի որ մեր կեանքը գործունէութիւններով լեցուն է։ Ըսուած է թէ ժամանակը մեր ստացուածքներուն թէ՛ ամենէն արժէքաւորը եւ թէ ամենէն վաղանցիկն է։ Հետեւաբար, ուրկէ՞ կրնանք ժամանակ գտնել ի՛րապէս կարեւոր եղող բաներու, ինչպէս՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար։—Փիլ. 1։10
2 Բանալին յաւելեալ ժամանակ փնտռել չէ, այլ՝ որոշել թէ մեր ունեցած ժամանակը ի՛նչպէս կ’ուզենք գործածել։ Բոլորս ալ շաբաթը 168 ժամ ունինք, որոնցմէ շուրջ 100 ժամը թերեւս կը յատկացուի քնանալու եւ աշխատելու։ Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք մնացեալ ժամանակը գործածել լաւագոյնս օգտուելու համար։ Եփեսացիս 5։15-17–ն կը յանձնարարէ որ զգուշութեամբ քալենք ‘ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առնենք, եւ իմանանք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը’։ Ասիկա ցոյց կու տայ ամէն պատեհութիւն լիովին օգտագործելու կարիքը, ընելու համար այն բաները, զորս Եհովա կ’ըսէ թէ կենսական են։
3 Յիսուս մեր օրերը Նոյի օրերուն հետ բաղդատեց։ (Ղուկ. 17։26, 27) Այն ատենուան մարդիկը զբաղած էին ամէնօրեայ գործունէութիւններով։ Սակայն, Նոյ ժամանակ տրամադրեց վիթխարի տապան մը շինելու եւ քարոզելու համար։ (Եբր. 11։7. Բ. Պետ. 2։5) Ի՞նչպէս։ Աստուծոյ կամքը առաջին տեղը դնելով եւ անոր հնազանդելով՝ ամէն բան «ճիշդ այդպէս ընելով»։—Ծննդ. 6։22, ՆԱ
4 Ի՞նչ Բան Առաջին Տեղը Պէտք Է Գրաւէ. Յիսուս ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ»։ (Մատթ. 4։4) Ամէն շաբաթ, «ատենին [հոգեւոր] ուտելիք» կը ստանանք։ (Ղուկ. 12։42) Ասիկա կը պահանջէ կանոնաւոր, անձնական ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան յայտագիր մը, որպէսզի այս բոլորը իւրացնենք, եթէ կ’ուզենք անոնցմէ իրապէս օգտուիլ։ Հոգեւոր կերակուրին հանդէպ երախտագիտութենէ մղուած, զայն ֆասթ ֆուտ–ի նման չենք ճաշակեր, արագօրէն ու մակերեսային կերպով անոր վրայէն անցնելով, այնպէս ինչպէս անհատ մը բառացի ճաշ մը հապճեպով կ’ուտէ։ Փոխարէն, պատշաճ գնահատութիւնը մեզ կը մղէ որ հոգեւոր բաները ուսումնասիրելու եւ անոնցմէ հաճոյք առնելու համար բաւարար ժամանակ յատկացնենք։
5 Հոգեւոր սնունդ ստանալը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ (Յովհ. 17։3) Անիկա մեր առօրեայ յայտագրին մէջ առաջնակարգ տեղը գրաւելու արժանի է։ Ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալու եւ քրիստոնէական ժողովներուն համար պատրաստուելու ժամանակ կրնա՞նք գտնել։ Այո՛, կրնանք։ Այն ատեն, Աստուծոյ կամքը գիտնալուն եւ զայն ընելուն շնորհիւ ‘շատ վարձք’ պիտի ստանանք։—Սաղմ. 19։7-11