Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
ԴԻՏԱՐԱՆ Նոյեմբեր 15
«Լսած ենք այս արտայայտութիւնը՝ ‘Յիսուս մեզի համար մեռաւ’։ [Մէջբերեցէք Յովհաննու 3։16–ը] Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ մէկ մարդու մահը ի՛նչպէս կրնայ բոլորս փրկել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը պարզ պատասխան մը կու տայ։ Այս յօդուածը՝ ‘Յիսուս Ի՞նչպէս կը Փրկէ’, յստակօրէն կը բացատրէ ասիկա»։
Awake! Nov. 22
«Արդեօք մարդիկ իրենց լաւագոյնը կ’ընե՞ն միջավայրը պաշտպանելու համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Շատեր հարց կու տան թէ երկրի վրայ կեանքի այս նուրբ հաւասարակշռութիւնը յաւիտեան պիտի մնա՞յ։ Բարեբախտաբար, Աստուած խորապէս հետաքրքրուած է։ [Կարդացէք Նէեմեայ 9։6] Զարթի՛ր–ը ցոյց կու տայ թէ երկրի վրայ կեանքին ի՛նչ վերապահուած է»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Դեկտեմբեր 1
«Տարուան այս ատենները, շատեր զբաղած կ’ըլլան նուէր տալով եւ այլ ազնիւ արարքներ ընելով։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Ոսկեղէն Կանոնը։ [Կարդացէք Մատթէոս 7։12] Կը խորհի՞ք թէ կարելի է ամբողջ տարուան ընթացքին այս կանոնին համաձայն ապրիլ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը, ‘Ոսկեղէն Կանոնը՝ Տակաւին Գործնակա՞ն Է’ նիւթին շուրջ օգտակար գաղափարներ կը հայթայթէ»։
Awake! Dec. 8
«Աստուածաշունչը կը խոստանայ թէ օրին մէկը ոչ ոք պիտի ըսէ՝ ‘Հիւանդ եմ’։ [Կարդացէք Եսայեայ 33։24] Այդ խոստումը նկատի առնելով, Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը կեդրոնանայ հիւանդութեան մը վրայ, որ միլիոնաւոր մարդոց տառապանք կը պատճառէ, ըլլան անոնք երիտասարդ թէ տարեց։ Անոր խորագիրն է՝ ‘Յոյս՝ Յօդատապէ Տառապողներու Համար’։ Վստահ եմ որ օգտակար տեղեկութիւններ պիտի գտնէք այս յօդուածներուն մէջ»։