Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Nov. 22
«Կը խորհի՞ք թէ օր մը գիտութիւնը վերջ պիտի դնէ հիւանդութեան։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս Զարթի՛ր պարբերաթերթը կը քննէ գիտութեան իրագործած կարգ մը յառաջդիմութիւնները։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ միայն Ստեղծիչը զօրութիւն ունի հիւանդութիւնն ու մահը բնաջնջելու»։ Կարդացէք Սաղմոս 146։3-5, եւ պարբերաթերթերը ներկայացուցէք։
ԴԻՏԱՐԱՆ Դեկտեմբեր 1
«Ոմանք հարց տուած են թէ Աստուած պաշտելու համար եկեղեցիներու եւ տաճարներու կարիքը ունի՞նք։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այս նիւթին մասին։ [Կարդացէք Գործք Առաքելոց 17։24] Ուստի, պաշտամունքի վայրերը ի՞նչ նպատակի պէտք է ծառայեն։ Այս պարբերաթերթը սուրբ գրային պատասխան մը կու տայ այս հարցումին»։
Awake! Dec. 8
«Ահաբեկչական սպառնալիքներու պատճառաւ, շատեր օդանաւով ճամբորդելուն ապահով ըլլալը հարցականի տակ կը դնեն։ Այս նիւթը ձեզ կը հետաքրքրէ՞։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը նշէ թէ ամէն ոք կրնայ չարիքի հանդիպիլ։ [Կարդալ՝ Ժողովողի 9։11] Սակայն, այս Զարթի՛ր պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչպէս կրնաք աւելի ապահով ու հանգիստ ըլլալ, երբ օդանաւով կը ճամբորդէք»։