Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/02 էջ 1
  • Թագաւորութեան Պատգամը Ծանուցանենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թագաւորութեան Պատգամը Ծանուցանենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Թագաւորութիւն մը որ «պիտի չաւրուի»
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 12/02 էջ 1

Թագաւորութեան Պատգամը Ծանուցանենք

1 «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ (Ղուկ. 4։44) Այս խօսքերով, Յիսուս բնորոշեց իր ծառայութեան բնաբանը. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ներկայիս մեր քարոզած պատգամն ալ Թագաւորութեան վրայ կը կեդրոնանայ, ինչպէս Մատթէոս 24։14–ի մէջ նախագուշակուած էր. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ Մարդիկ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ո՞ր ճշմարտութիւնները լսելու կարիքը ունին։

2 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայիս երկնքէն կ’իշխէ եւ շուտով պիտի փոխարինէ մարդկային բոլոր իշխանութիւնները։ Բանսարկուն արդէն իսկ երկնքէն դուրս վռնտուած է եւ իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը իր վերջին օրերուն մէջ մտած է։ (Յայտ. 12։10, 12) Սատանայի հին դրութիւնը ամբողջովին պիտի կործանի, սակայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չխախտի։ Անիկա յաւիտեան պիտի մնայ։—Դան. 2։44. Եբր. 12։28

3 Թագաւորութիւնը բոլոր հնազանդ մարդոց օգտակար փափաքները պիտի գոհացնէ։ Անիկա պատերազմին, ոճիրին, հարստահարութեան եւ աղքատութեան պատճառած տառապանքները պիտի վերցնէ։ (Սաղմ. 46։8, 9. 72։12-14) Բոլորին համար առատ ուտելիք մատչելի պիտի ըլլայ։ (Սաղմ. 72։16. Եսայ. 25։6) Հիւանդութիւններն ու անկարողութիւնները անցեալին պատկանող բաներ պիտի ըլլան։ (Եսայ. 33։24. 35։5, 6) Մինչ մարդկութիւնը կատարելութեան կը հասնի, երկիրը դրախտի մը պիտի վերածուի, եւ մարդիկ իրարու հետ համերաշխութեամբ պիտի ապրին։—Եսայ. 11։6-9

4 Մեր ներկայ կենցաղով ցոյց կու տանք թէ կ’ուզենք Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալ։ Թագաւորութեան պատգամը պէտք է ազդէ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, ի ներառեալ մեր նպատակակէտերուն ու նախապատուութիւններուն։ Օրինակ, թէեւ մեր ընտանիքին կարիքներուն հոգ տանելու պարտականութիւնը ունինք, սակայն չենք կրնար թոյլ տալ որ նիւթական մտահոգութիւնները Թագաւորութեան շահերը խեղդեն։ (Մատթ. 13։22. Ա. Տիմ. 5։8) Փոխարէն, Յիսուսի խրատին պէտք է հետեւինք. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ [կեանքի նիւթական անհրաժեշտութիւնները] ձեզի պիտի տրուին»։—Մատթ. 6։33

5 Խիստ կարեւոր է որ մարդիկ Թագաւորութեան պատգամը լսեն եւ անոր համաձայն գործի լծուին, մինչ տակաւին ժամանակ կայ։ Թող որ անոնց օգնենք ասիկա ընելու, զիրենք ‘համոզելով Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով’։—Գործք 19։8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել