Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/03 էջ 1
  • ‘Լուսաւորներու Պէս Փայլինք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Լուսաւորներու Պէս Փայլինք’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Լուսաւորներու պէս փայլող պատանիներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Մեր Լոյսը Շարունակաբար Փայլեցնենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • ‘Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • ‘Լոյսդ թող փայլի’ Եհովային փառքին համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 4/03 էջ 1

‘Լուսաւորներու Պէս Փայլինք’

1 Իրերու ներկայ դրութեան հոգեւոր ու բարոյական խաւարին մէջ, ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ շուրջ վեց միլիոն երկրպագուներ ‘լուսաւորներու պէս կը փայլին’, 234 երկիրներու մէջ։ (Փիլ. 2։15) Ասիկա մեզ շուտով կը զատորոշէ ուրիշներէն։ Եհովայէ ծագում առած ճշմարտութեան թանկարժէք լոյսը ի՞նչպէս կ’արտացոլացնենք։—Բ. Կորն. 3։18

2 Մեր Արարքներով. Մարդիկ շուտով կը նկատեն մեր վարքը։ (Ա. Պետ. 2։12) Կին մը նկատեց թէ Վկայ գործակից մը ազնիւ ու ձեռնտու էր, ինչպէս նաեւ պիղծ լեզու չէր գործածեր, ո՛չ ալ աղտոտ կատակներուն կը խնդար։ Երբ ուրիշներ փորձեցին այս Վկան բարկացնել, իր ներկայութեան ռամիկ լեզու գործածելով, ան հանդարտ բայց հաստատ մնաց շիտակի կողքին։ Ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ այս կնոջ վրայ։ Ան կը մտաբերէ. «Անոր վարքը ա՛յնքան տպաւորեց զիս, որ սկսայ Աստուածաշունչին մասին հարցումներ հարցնել։ Սկսայ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել եւ հետագային մկրտուեցայ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Անոր վարքն էր որ զիս համոզեց Եհովայի Վկաներուն հաւատալիքները քննելու»։

3 Հեղինակութեան հանդէպ մեր կեցուածքը, աշխարհային սովորութիւններու նկատմամբ մեր տեսակէտը եւ մեր շինիչ խօսակցութիւնը, պատճառ կ’ըլլան որ Եհովայի Վկաները զատորոշուին որպէս Աստուածաշունչի վեհ չափանիշներուն համաձայն ապրող ժողովուրդ մը։ Այսպիսի բարի գործեր կրնան Եհովայի փառք բերել եւ ուրիշները իր պաշտամունքին հրապուրել։

4 Մեր Խօսքերով. Անշուշտ, անոնք որոնք մեր լաւ վարքը կը տեսնեն, թերեւս չգիտնան թէ ինչո՛ւ տարբեր ենք, բացի եթէ մեր հաւատալիքներուն մասին խօսինք անոնց։ Ձեր գործակիցներն ու դասընկերները գիտե՞ն թէ դուք Եհովայի Վկայ մըն էք։ Պատեհութիւններ կը փնտռէ՞ք սովորական խօսակցութիւն մը վկայութեան մը վերածելու համար։ Վճռա՞ծ էք իւրաքանչիւր յարմար առիթին ձեր ‘լոյսը փայլեցնել մարդոց առջեւ’։—Մատթ. 5։14-16, ԱՎ

5 Որպէս լոյս կրողներ մեր յանձնարարութիւնը կատարելը, անձնազոհութեան հոգի կը պահանջէ։ Անձնուէր վերաբերմունք մը մեզ պիտի մղէ նուազ կարեւոր բաներէ հրաժարելու, որպէսզի մեր կրցածին չափ աւելի բաժին բերենք քարոզելու եւ աշակերտելու փրկարար գործին մէջ։—Բ. Կորն. 12։15

6 Մեր արարքներով ու խօսքերով, շարունակենք լուսաւորներու պէս փայլիլ։ Եթէ ասիկա ընենք, ուրիշներ կրնան մղուիլ որ մեզի հետ Եհովան փառաւորեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել