Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/03 էջ 8
  • Աստուծոյ Խօսքը Ճշմարտութիւն Է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքը Ճշմարտութիւն Է
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Աստուծոյ խօսքը զօրեղ է’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Աստուծոյ Խօսքը կը ջատագովե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Շարունակէ ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 5/03 էջ 8

Աստուծոյ Խօսքը Ճշմարտութիւն Է

1. Աստուածաշունչը ի՞նչ կարեւոր տեղեկութիւններ կը բովանդակէ։

1 Սաղմոսերգուն գրեց. «Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է»։ (Սաղմ. 119։160) Իր ներշնչեալ Խօսքին միջոցաւ, Եհովա կեանքի ամենակարեւոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ կը հայթայթէ։ Ան տառապող անհատներուն մխիթարութիւն եւ յոյս կը մատուցանէ։ Ան նաեւ մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք իրեն մօտենալ։ Երախտապարտ կին մը ըսաւ. «Աստուածաշունչէն ճշմարտութիւնը սորվիլը կը նմանի այն պարագային, երբ մէկը մթագին ու մռայլ տեղ մը կը ձգէ եւ կոկիկ, պայծառ ու հաճելի սենեակ մը կը մտնէ»։ Կը ջանա՞ք ամէն առիթով Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը բաժնել։

2. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս մարդոց կեանքը կը բարելաւէ։

2 Փոխելու Զօրութիւն եւ Համաշխարհային Գրաւչութիւն. Սուրբ գրային ճշմարտութիւնը սրտերուն դպչելու եւ կեանքեր փոխելու զօրութիւնը ունի։ (Եբր. 4։12) Ռոզա անունով երիտասարդուհի մը պոռնկութեան միջամուխ եղած էր, ինչպէս նաեւ խմիչքի ու թմրեցուցիչի մոլի դարձած էր։ Ան կը պատմէ. «Օր մը, երբ չափազանց յուսահատ էի, Վկայ ամոլ մը ինծի բացատրեց թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ մեր խնդիրները լուծենք։ Սկսայ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել, զոր գրաւիչ գտայ։ Ամիս մը չանցած, քաջութիւն հաւաքեցի բարոյապէս մաքուր կենցաղ մը սկսելու։ Կեանքի մէջ նպատակ մը ունենալով, այլեւս խմիչքին կամ թմրեցուցիչին օգնութեան կարիքը չունէի։ Իսկ քանի որ շատ կը փափաքէի Եհովայի բարեկամը ըլլալ, վճռեցի իր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքին գործնական իմաստութիւնը չըլլար, վստահ եմ որ շատոնց անձնասպան եղած կ’ըլլայի»։—Սաղմ. 119։92

3. Ինչո՞ւ պէտք չէ ետ կենանք Աստուածաշունչի պատգամը ուրիշներու հետ բաժնելէ։

3 Ներկայ շատ մը գրքերուն հակառակը, Աստուածաշունչը «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» եղող մարդոց սրտին կը դպչի։ (Յայտ. 7։9) Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Հետեւաբար, երբեք պէտք չէ եզրակացնենք թէ անհատ մը բարի լուրին պիտի չընդառաջէ, պարզապէս իր ենթահողին պատճառաւ։ Փոխարէն, Թագաւորութեան պատգամը բոլորին հետ բաժնեցէք, ուղղակի Աստուածաշունչը գործածելով՝ երբ կարելի է։

4. Վկայութիւն մը տալու ատեն ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը գործածել։

4 Շեշտը Համարներուն Վրայ Դրէք. Ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածելու բազմաթիւ պատեհութիւններ կան։ Առաջին հանդիպումին, փորձեցէք համար մը գործածել։ Յաջորդ հանդիպումին, ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը գործածելու ատեն, ձեր բացման խօսքերուն մէջ ուշադրութեամբ ընտրուած համար մը կարդացէք։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ամէն անգամ մէկ կամ երկու համարներ կարդացէք, տանտիրոջ օգնելու որ աստիճանաբար ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէ։ Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք, քննարկումը բանալի համարներու վրայ հիմնեցէք։ Երբ պաշտօնական ծառայութեան չէք մասնակցիր, ձեռքի տակ Աստուածաշունչ մը ունեցէք, որպէսզի զայն գործածէք երբ անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւններ ծագին։—Բ. Տիմ. 2։15

5. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք Աստուածաշունչը գործածել մեր ծառայութեան մէջ։

5 Թող որ ուրիշներուն օգնենք որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան խթանիչ զօրութենէն օգտուին, մեր ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածելով ամէն յարմար առիթով։—Ա. Թես. 2։13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել