Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Aug. 22
«Եթէ երբեք դուք կամ ձեր ընտանիքին մէկ անդամը կռիւ հրահրող անհատներու հանդիպած էք, գիտէք թէ ասիկա որքա՜ն նեղացուցիչ է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կռուազաններու զոհ գացած անհատներուն գործնական թելադրութիւններ կը հայթայթէ։ Անիկա նաեւ նկատի կ’առնէ Աստուծոյ խոստումը, թէ ժամանակ մը պիտի գայ, երբ կեանքը այսպիսի խնդիրներէ բոլորովին զերծ պիտի ըլլայ»։ Կարդացէք՝ Միքիայ 4։4։
Դիտարան Սեպտեմբեր 1
«Շատեր կը խորհին թէ մարդկութեան զանազան կրօնքները պարզապէս նոյն նպատակակէտին տանող իրարմէ տարբեր ճամբաներ են։ Ուրիշներ կը հաւատան թէ միայն մէկ ճշմարիտ կրօնք կայ։ Բնաւ ասոր մասին հարց տուա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերութիւնը կը քննէ հին առակ մը, որ այս հարցումին վրայ լոյս կը սփռէ»։ Աչքառու դարձուցէք Մատթէոս 13։24-30։
Sept. 8
«Նորաձեւութեան հոսանքները ներկայիս շատ մը մարդոց կեանքին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնեն։ Ոմանք կը խորհին թէ մարդոց հագուելակերպին ու երեւոյթին վրայ չափազանց շեշտ կը դրուի։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս Զարթի՛ր պարբերաթերթը նորաձեւութեան մասին հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կը ներկայացնէ»։ Կարդացէք՝ Կողոսացիս 3։12։