Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Feb. 22
«Շատեր անասուններուն մասին սորվելով կ’ուրախանան, իսկ ոմանք ընտանի անասուններ պահելով հաճոյք կ’առնեն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ ընտանի անասուն մը պահելուն կարգ մը խնդիրները։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ Աստուծոյ տուած խոստումը, թէ ժամանակ մը պիտի գայ երբ բոլոր անասունները իրարու եւ մարդոց հետ խաղաղութեամբ պիտի բնակին»։ Կարդացէք Եսայեայ 11։6-9։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մարտ 1
«Շատեր խռոված են կրօնքի անունով կատարուած գէշ բաներուն պատճառով։ Ոմանք կը խորհին թէ մարդկութեան խնդիրներուն արմատը կրօնքն է։ Ասոր մասին երբեք հարց տուա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Յայտնութիւն 18։24] Այս պարբերաթերթը կը քննէ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին մասին ի՛նչ կ’ըսէ»։
Mar. 8
«Ատեն մը, շատեր հիւլէական պատերազմի վախով կ’ապրէին։ Կը խորհի՞ք թէ ներկայիս հիւլէական պատերազմ ծագելու հաւանականութիւն կայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննէ մեզ մտահոգող ընթացիկ զարգացումները։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ Աստուածաշունչը կը խոստանայ աշխարհ մը, ուր վախը անցեալին պատկանող բան մը պիտի ըլլայ»։ Կարդացէք Սոփոնեայ 3։13–ը։