«Ձեր Սիրտը Լայնցուցէք»
1. Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։
1 Քրիստոնէական եղբայրութեան մէջ, իւրաքանչիւրս ժողովքին ջերմութեան նպաստելու պատասխանատուութիւն ունինք։ (Ա. Պետ. 1։22. 2։17) Այս ջերմութիւնը յառաջ կու գայ, երբ իրարու հանդէպ մեր սիրտը ‘լայնցնենք’։ (Բ. Կորն. 6։12, 13, ԱՎ) Ինչո՞ւ կարեւոր է մեր եղբայրներն ու քոյրերը մօտէն ճանչնալ։
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է հաւատակիցներուն հետ բարեկամութիւններ մշակել։
2 Բարեկամութիւնները կ’Ամրապնդուին. Մեր հաւատակիցները մօտէն ճանչնալով, կը սկսինք աւելի լիովին գնահատել անոնց հաւատքը, համբերութիւնը եւ միւս լաւ յատկութիւնները։ Անոնց թերութիւնները աւելի չնչին կը թուին մեզի, եւ բարեկամական կապերը կ’ամրապնդուին։ Իրար մօտէն ճանչնալով, աւելի ի վիճակի կ’ըլլանք իրար կերտելու ու մխիթարելու։ (Ա. Թես. 5։11) Սատանայի աշխարհին վնասակար ազդեցութիւններուն դէմ դնելու համար, կրնանք իրարու «զօրացուցիչ սատար» ըլլալ։ (Կող. 4։11, ՆԱ) Այս դժուարին վերջին օրերուն ի տես, որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովայի ժողովուրդին մէջ լաւ բարեկամներ ունինք։—Առ. 18։24
3. Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն զօրացուցիչ սատար ըլլալ։
3 Երբ խիստ փորձութիւններ դիմագրաւենք, սերտ բարեկամները կրնան զօրութեան ու մխիթարութեան իւրայատուկ աղբիւր մը ըլլալ։ (Առ. 17։17) Անարժանաւորութեան զգացումին դէմ պայքարող Քրիստոնեայ քոյր մը կը մտաբերէ. «Բարեկամներ կային, որոնք դրական կողմերուս մասին կը խօսէին, ինծի օգնելով որ ժխտական մտածումներս յաղթահարեմ»։ Այսպիսի բարեկամներ Եհովայէ օրհնութիւն մըն են։—Առ. 27։9, ՆԱ
4. Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքի անդամները մօտէն ճանչնալ։
4 Ուրիշներով Հետաքրքրուեցէ՛ք. Ի՞նչպէս կրնանք մեր հաւատակիցներուն հանդէպ մեր սիրտը լայնցնել։ Քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ուրիշները բարեւելէ զատ, ջանացէք անոնց հետ իմաստալից խօսակցութիւն ունենալ։ Առանց անոնց անձնական գործերուն խառնուելու, անոնց հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցէք։ (Փիլ. 2։4. Ա. Պետ. 4։15) Այլ կերպ մըն է՝ զիրենք ճաշի հրաւիրել։ (Ղուկ. 14։12-14) Կամ կրնաք անոնց հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ (Ղուկ. 10։1) Նախաքայլը առնելով որ մեր եղբայրները մօտէն ճանչնանք, ժողովքին մէջ միութիւնը կը յառաջացնենք։—Կող. 3։14
5. Ի՞նչ կերպով կրնանք աւելի բարեկամութիւններ հաստատել։
5 Հակում ունի՞նք որ մեր սերտ ընկերակիցները ըլլան միայն անոնք որ մեզի տարեկից են կամ նոյն հետաքրքրութիւնները ունին։ Թոյլ պէտք չէ տանք որ այս ազդակները ժողովքին մէջ մեր մշակած բարեկամութիւնները սահմանափակեն։ Դաւիթ ու Յովնաթան, նաեւ Հռութ ու Նոեմի բարեկամական ամուր կապեր զարգացուցին, հակառակ տարիքի ու ենթահողի տարբերութեան։ (Հռութ. 4։15. Ա. Թագ. 18։1) Կրնա՞ք աւելի անհատներու հետ բարեկամութիւն հաստատել։ Ասիկա անսպասելի օրհնութիւններ կը բերէ։
6. Մեր եղբայրներուն հանդէպ մեր սիրտը լայնցնելուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։
6 Ուրիշներու հանդէպ մեր սիրտը լայնցնելով, իրար կը զօրացնենք ու ժողովքին մէջ խաղաղութիւնը կը յառաջացնենք։ Ասկէ զատ, Եհովա մեզ կ’օրհնէ, քանի որ մեր եղբայրները կը սիրենք։ (Սաղմ. 41։1, 2. Եբր. 6։10) Արդ, թող ձեր նպատակակէտը ըլլայ կարելի եղածին չափ շատ հաւատակիցներ մօտէն ճանչնալ։