Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/04 էջ 1
  • Եհովա Իրեն Վստահողներուն կ’Օգնէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա Իրեն Վստահողներուն կ’Օգնէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրնա՛ս եղբայրներուդ վստահիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովայի հանդէպ ձեր վստահութիւնը զօրացուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Եհովային վստահէ՛ մինչ վախճանը կը մօտենայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 6/04 էջ 1

Եհովա Իրեն Վստահողներուն կ’Օգնէ

1 Շատեր դրամը, հեղինակութիւնը եւ մարդկային կարողութիւնը յաջողութեան բանալիներ կը նկատեն։ (Սաղմ. 12։4. 33։16, 17. 49։6) Սակայն Եհովայէ վախցողները եւ իրեն վստահողները Աստուածաշունչի երաշխիքը ունին թէ ‘Ան է իրենց օգնութիւնը ու ասպարը’։ (Սաղմ. 115։11) Նկատի առնենք երկու մարզ, որոնց մէջ Եհովայի հանդէպ վստահութիւն պէտք է ցուցաբերենք։

2 Որպէս Քրիստոնեայ Քարոզիչներ. Երբոր ժողովքին մէջ նշանակումներ ձեռք կ’առնենք կամ դաշտի ծառայութեան մէջ կ’ուսուցանենք, մեր Աստուծոյն պէտք է վստահինք։ Նկատի առ Յիսուսի օրինակը։ Աստուծոյ Որդին ըլլալով հանդերձ, ան իր իմաստութեան կամ կարողութեան չվստահեցաւ, այլ իր երկնաւոր Հօր լիովին ապաւինեցաւ։ (Յովհ. 12։49. 14։10) Որքա՜ն աւելի մե՛նք պէտք է ընենք նոյնը։ (Առ. 3։5-7) Միայն Եհովայի օրհնութեամբ մեր խոնարհ ջանքերը զինք պիտի պատուեն եւ ուրիշներու օգտեն։—Սաղմ. 127։1, 2

3 Եհովայի մեր ապաւինիլը կ’ապացուցանենք, իր առաջնորդութեան եւ իր սուրբ հոգիին օգնութեան համար աղօթելով։ (Սաղմ. 105։4. Ղուկ. 11։13) Ասկէ զատ, Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց կու տանք, մեր ուսուցումը հիմնելով իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ։ Անոր պատգամը մարդոց սիրտին խօսելու եւ կեանք փոխակերպելու զօրութիւնը ունի։ (Եբր. 4։12) Երբ ‘Աստուծոյ տուած կարողութեամբ ծառայենք’, Եհովա կը փառաւորուի։—Ա. Պետ. 4։11, Անթիլիաս

4 Խնդիրներ Ձեռք Առնել. Նաեւ օգնութեան համար Եհովայի պէտք է դիմենք, երբ ճնշումներ ու խնդիրներ դիմագրաւենք։ (Սաղմ. 46։1) Օրինակ, գործատէր մը թերեւս կը վարանի մեզի արձակուրդ տալու որ համաժողովին ներկայ գտնուինք, կամ՝ թերեւս մեր ընտանեկան կեանքին մէջ դժուար պարագայ մը կը դիմագրաւենք։ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց կու տանք, սրտանց աղօթելով եւ իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցով իր հայթայթած ուղղութիւնը կիրարկելով։ (Սաղմ. 62։8. 119։143, 173) Ասիկա ընելով, Եհովայի ծառաները իր օգնութիւնը կը վայելեն իրենց կեանքին մէջ։—Սաղմ. 37։5. 118։13, 16

5 Եհովա ինք կը հաւաստիացնէ մեզ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ այն մարդը՝ որ Տէրոջ կը վստահի, որուն ապահովութիւնը Տէրն է»։ (Երեմ. 17։7, ԱՎ) Թող որ իրեն վստահինք մեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ։—Սաղմ. 146։5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել