Եհովայի Արդարութիւնը Ընդօրինակէ
1 «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը»։ (Սաղմ. 37։28) Ուստի, թէեւ ան վճռած է այս անարդար աշխարհը կործանել, սակայն կարգադրած է որ նա՛խ ազդարարութիւն տրուի։ (Մար. 13։10) Ասիկա մարդոց պատեհութիւն կու տայ որ զղջան ու փրկուին։ (Բ. Պետ. 3։9) Կը ջանա՞նք Եհովայի արդարութիւնը ընդօրինակել։ Մարդկային ընտանիքին թշուառութիւնն ու տառապանքը մեզ կը մղէ՞ որ ուրիշներու հետ Թագաւորութեան յոյսը բաժնենք։ (Առ. 3։27) Արդարութիւն սիրելը մեզ պիտի դրդէ քարոզչութեան մէջ գործօն բաժին բերելու։
2 Անաչառութեամբ Քարոզէ. Աստուծոյ նպատակը ամէն անհատի անաչառօրէն ծանուցանելով, ‘իրաւունք կ’ընենք’։ (Միք. 6։8) Դրսերեւոյթին հիման վրայ ուրիշները նախադատելու մեր անկատար հակումին պէտք է դէմ դնենք։ (Յակ. 2։1-4, 9) Եհովա «կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Աստուծոյ ճշմարտութեան խօսքը կրնայ մարդոց կեանքին մէջ աչքառու փոփոխութիւններ պատճառել։ (Եբր. 4։12) Այս իրողութեան գիտակցիլը կրնայ մեզ մղել որ վստահութեամբ անհատներու մօտենանք, նոյնիսկ անոնց՝ որ անցեալին մերժեցին ականջ տալ։
3 Խանութի մը մէջ աշխատող քրոջ մը որոշ չափով վախ կը պատճառէր՝ կանոնաւորաբար գնում ընողի մը ֆիզիքական երեւոյթը։ Այսուհանդերձ յարմար առիթով, ան փորձեց անոր վկայել Աստուծոյ խոստացած Դրախտին մասին։ Ան կոպտօրէն պատասխանեց թէ հեքիաթներու չի հաւատար եւ թէ ինք հիփփի ու թմրամոլ մըն է։ Բայց քոյրը ձեռնթափ չեղաւ։ Օր մը ան հարցուց քրոջ տեսակէտը իր երկար մազերուն նկատմամբ, ուստի քոյրը փափկանկատօրէն բացատրեց թէ Աստուածաշունչը այս հարցին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ։ (Ա. Կորն. 11։14) Յաջորդ օրը քոյրը անակնկալի եկաւ, զինք տեսնելով ածիլուած ու մազերը կտրուած։ Ան ուզեց Աստուածաշունչը սերտել, ուստի եղբայր մը ուրախութեամբ սկսաւ իրեն հետ ուսումնասիրել։ Ան յառաջդիմեց ու նուիրումի եւ մկրտութեան քայլը առաւ։ Այս մարդուն նման, ներկայիս Եհովայի ծառայողներէն շատեր երախտապարտ են Թագաւորութեան պատգամը իրենց բերող անհատներուն անաչառ ու յարատեւ ջանքերուն համար։
4 Եհովա մօտ ատենէն երկրէն անարդարութիւնը արմատահան պիտի ընէ։ (Բ. Պետ. 3։10, 13) Մնացեալ սահմանափակ ժամանակամիջոցին, թող Եհովայի արդարութիւնը ընդօրինակենք, բոլորին պատեհութիւն տալով որ Սատանայի անարդար աշխարհին մօտալուտ կործանումէն ազատին։—Ա. Յովհ. 2։17