Ծառաներու Մարզումի Դպրոց—Գործունէութեան Առաջնորդող Մեծ Դուռ
1 Երեմիա մարգարէին միջոցով Եհովա նախագուշակեց. «[Ժողովուրդիս] վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն. անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրին ու պիտի չպակսին»։ (Երեմ. 23։4) Ներկայիս բոլոր ազգերուն մէջ այսպիսի հովուական գործ մը տեղի կ’ունենայ։ Ասիկա կը կատարուի տասնեակ հազարաւոր երէցներու կողմէ։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց անձերը յօժարակամ նուիրած են Եհովայի ծառայութեան։ (Սաղմ. 110։3) Այս խոնարհ եղբայրները Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքներուն համար ի՜նչ օրհնութիւն մըն են։ Մինչ հոգեւոր հաւաքումը կը շարունակուի, տակաւին կարիք կայ որ որակեալ տղամարդիկ իրենց անձը տրամադրեն իրենց եղբայրներուն ծառայութեան։
2 Ամուրի երէցներ ու օգնական ծառաներ յաւելեալ պատասխանատուութիւններու համար մարզելու հոյակապ կարգադրութիւն մըն է՝ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը, որ 1987–ին հաստատուեցաւ։ Մինչեւ օրս դպրոցը ունեցած է 999 դասարան, մարզելով շուրջ 140 երկիրներէ եկող աւելի քան 22,000 աշակերտ։ Այս եղբայրներուն համար, դպրոցը գործունէութեան առաջնորդող ‘մեծ դուռ մը’ եղած է։—Ա. Կորն. 16։9
3 Դպրոցին Նպատակը. Ծառաներու Մարզումի Դպրոցին նպատակն է որակեալ տղամարդիկ մարզել, որ պատասխանատուութիւններ ստանձնեն կազմակերպութեան մէջ, ո՛ւր որ կարիք կայ։ Դպրոցը կը սրէ անոնց կարողութիւնը որ աւետարանչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնեն, հօտը հովուելու մասնակցին ու ժողովքին մէջ ուսուցանեն։ Շրջանաւարտ աշակերտներէն ոմանք իբր մասնաւոր ռահվիրայ կամ շրջանային տեսուչ կը նշանակուին իրենց հայրենիքին մէջ կամ արտասահման։ Ուրիշներ նշանակում կը ստանան իրենց հայրենիքի ժողովքներուն մէջ ծառայելու, կամ հո՛ն ուր աւելի կարիք կայ մասնաճիւղի թաղամասին մէջ։
4 8 շաբաթ տեւող դասընթացքով, աշակերտները խորապէս Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն։ Անոնք ուշադրութեամբ նկատի կ’առնեն բազմաթիւ աստուածաշնչական ուսուցումներ, հովուական պատասխանատուութիւններ եւ քրիստոնէական կեանքին մէջ ի՛նչպէս խնդիրներ ձեռք առնել։ Անոնք նաեւ կը սորվին թէ Սուրբ Գրութիւնները ի՛նչ կ’ուսուցանեն վարչական, դատական ու կազմակերպչական հարցերու մասին։ Անոնք հանրային դասախօսութիւն տալու մէջ մասնագիտական մարզում կը ստանան եւ անհատական գետնի վրայ իրենց օգնութիւն կը տրուի որ հոգեւորապէս ա՛լ աւելի յառաջդիմեն։
5 Պահանջներ. Հասկնալի է որ դպրոցը յաճախելու համար խիստ պահանջներ կան։ Խնդրարկուները առնուազն երկու յաջորդական տարիներ ծառայած պէտք է ըլլան իբր երէց կամ օգնական ծառայ։ Բոլորը ամուրի եւ 23-50 տարեկան պէտք է ըլլան։ Խնդրարկուները դպրոցին մէջ գործածուած լեզուն պէտք է կարենան կարդալ, գրել ու սահուն խօսիլ, նաեւ՝ առողջ պէտք է ըլլան եւ կարիք չունենան մասնայատուկ խնամքի կամ սննդականոնի։ Կանոնաւոր ռահվիրաները կը նախընտրուին։
6 Խնդրարկուները պէտք է յօժար ու կարող ըլլան ծառայելու հո՛ն ուր իրենց կարիք կայ։ Ասիկա կը պահանջէ Եսայի մարգարէին հոգին ունենալ, որ սրտանց ինքզինք ներկայացուց մասնայատուկ գործ մը կատարելու համար, ըսելով. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (Եսայ. 6։8) Ան նաեւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան խոնարհութիւն ցուցաբերեց։ Խնդրարկուները իրենց եղբայրներուն հանդէպ սէրէ եւ անոնց ծառայելու փափաքէ մղուած պէտք է ըլլան, եւ ո՛չ թէ՝ կարկառուն կամ մասնայատուկ դիրք ձեռք ձգելու ցանկութեամբ։ Այս հոյակապ մարզումը ստանալէ ետք, շրջանաւարտներէն կ’ակնկալուի որ իրենց սորվածը գործադրեն, ուրիշներուն օգտին համար։—Ղուկ. 12։48
7 Օգուտները. Խտացուած մարզումի 8 շաբաթներու ընթացքին, շրջանաւարտները ‘կը սնանին հաւատքին խօսքերով եւ բարի վարդապետութիւնով’։ (Ա. Տիմ. 4։6) Ասիկա զիրենք կը զինէ որ իրենց նշանակուած ժողովքներուն ու շրջաններուն մէջ ուրիշներու աջակցին ու զանոնք քաջալերեն։ Շրջանաւարտները իրենց նշանակուած վայրերուն մէջ դեր խաղցած են որ դաշտի ծառայութիւնը աւելնայ, ռահվիրայական ծառայութիւնը քաջալերուի՝ մանաւանդ պատանիներուն մէջ, եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ընկերակցող նորեկներուն հանդէպ աւելի մօտէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի։
8 23-50 տարեկան ամուրի երէց կամ օգնական ծառա՞յ մըն ես։ Ինչո՞ւ չմտածես Ծառաներու Մարզումի Դպրոցին մասնակցիլ։ Եթէ երիտասարդ եղբայր մըն ես, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ երկարատեւ նպատակակէտերու մասին կը խորհրդածէ, ինչո՞ւ կեանքդ պարզ ու զբաղումներէ զերծ չպահես, որպէսզի կարենաս գործունէութեան առաջնորդող այս ‘մեծ դռնէն’ մտնել։ Անիկա կրնայ քեզի շատ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն տալ։ Արդարեւ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը օրհնութիւն մը եղած է ո՛չ միայն շրջանաւարտներուն, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքներուն, համայն աշխարհի մէջ։
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Անոնք Մարզումէն Ի՛նչպէս Օգտուեցան
«Մարզումը իսկապէս բարելաւեց ծառայութիւնս եւ իմաստութեամբ հովուելու կարողութիւնս, Սուրբ Գրութիւնները գործածելով»։
«Դպրոցը ինծի օգնեց որ ա՛լ աւելի ինքնավստահութեամբ կատարեմ պատասխանատուութիւններս ժողովքին մէջ»։
«Անիկա կեանքիս գրեթէ բոլոր երեսակներուն մէջ փոփոխութիւն մտցուց, ի ներառեալ տեսակէտս աստուածպետութեան ու Աստուծոյ կազմակերպութեան հանդէպ»։
«Ստացած մարզումս ինծի օգնեց գիտակցելու որ իմ անձս պէտք է մատչելի դարձնեմ ծառայելու հո՛ն ուր աւելի կարիք կայ»։