Նոր Գրքոյկը Բաշխելու Մասնայատուկ Արշաւ
1 Աշխարհի վիճակները ներկայիս շատերը կը նեղեն, բայց քիչեր գիտեն պատճառը, գալիք բաները, եւ ի՛նչ ընել մօտալուտ դատաստանէն վերապրելու համար։ (Եզեկ. 9։4) Մեր ժամանակներուն նշանակութիւնը անոնց ուշադրութեան յանձնելու համար, Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 18–էն մինչեւ Կիրակի Նոյեմբեր 14, Արթո՛ւն Կեցէք նոր գրքոյկը պիտի բաշխենք։
2 Գրքոյկը կրնանք ներկայացնել, երբ տունէ տուն ծառայենք, վերայցելենք, անպաշտօն կերպով վկայենք, փողոցը կամ առեւտրական թաղամասի մէջ քարոզենք։ Սակայն Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը անխտրաբար պէտք չէ բաշխուի։ Գրքոյկը պիտի տանք միայն անոնց որ կը փափաքին գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ աշխարհի իրադարձութիւններուն նշանակութեան մասին։ Իսկ եթէ անհատը չնչին հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ պատգամին հանդէպ, կրնանք իրեն թերթիկ մը ներկայացնել։
3 Անհատին ուշադրութիւնը կրնաս գրաւել, ըսելով.
◼ «Բազմաթիւ անհատներու մտահոգութիւն կը պատճառեն ընթացիկ լուրջ խնդիրներն ու ահռելի դէպքերը։ [Հանրածանօթ օրինակ մը նշէ։] Գիտէի՞ր որ այսպիսի բաներ Աստուածաշունչին մէջ նախագուշակուած են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ նշած օրինակիդ յարմարող համար մը, ինչպէս՝ Մատթէոս 24։3, 7, 8. Ղուկաս 21։7, 10, 11. կամ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5։] Աստուածաշունչը կը յայտնէ մեր ժամանակներուն նշանակութիւնը եւ մարդկութեան դիմագրաւելիք բաները։ Կ’ուզե՞ս աւելին գիտնալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Գրքոյկը ներկայացուր եթէ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տայ։] Գրքոյկը ձրիաբար մատչելի է։ Եթէ կը փափաքիս մեր համաշխարհային գործին ի նպաստ համեստ նուիրատուութիւն մը ընել, սիրով կ’ընդունինք զայն»։
4 Կամ կրնաս սա մօտեցումը ազդու գտնել.
◼ «Ներկայիս շատեր կը վշտանան ահռելի իրադարձութիւններու կամ անձնական ծանր կորուստի մը պատճառով։ Ոմանք հարց կու տան թէ Աստուած ինչո՛ւ չի միջամտեր, այսպիսի բաներ արգիլելու համար։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ որ Աստուած շուտով գործի պիտի լծուի մարդկութեան տառապանքը վերցնելու համար։ Նկատի առ թէ Աստուած մարդկութեան ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի շնորհէ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11–ը։] Կ’ուզե՞ս աւելին գիտնալ»։ Վերոյիշեալ եզրափակութիւնը գործածէ։
5 Ջանա՛ գրքոյկը ընդունող իւրաքանչիւր անհատի անունն ու հասցէն առնել, եւ հետաքրքրութիւնը մշակելու համար վերայցելութեան կարգադրութիւն ըրէ։ Ասոր վերաբերեալ թելադրութիւններ պիտի ներկայացուին Նոյեմբեր 2004–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։ Եթէ անհատը առաջին հանդիպումին շատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, կրնաս անմիջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, գործածելով Արթո՛ւն Կեցէք գրքոյկը կամ այլ գրականութիւն մը, ինչպէս՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։
6 Նոր գրքոյկը մատչելի պիտի ըլլայ՝ այս յօդուածը նկատի առնուելէ ետք Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Կը թելադրենք որ հրատարակիչներն ու ռահվիրաները սկիզբը առնեն այն քանակը որ կրնան բաշխել արշաւին առաջին քանի մը օրերուն ընթացքին։ Եհովայի օրհնութեամբ այս մասնայատուկ արշաւը իրեն փառք պիտի բերէ եւ ամէնուրեք պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգտակար պիտի ըլլայ։—Սաղմ. 90։17