Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
Jan. 22
«Երբ առողջապահական խնդիրներ դիմագրաւենք, բոլորս կը գնահատենք այն բժիշկը որ մեր զգացումները նկատի կ’առնէ։ Բայց կը խորհի՞ս որ հիւանդներէն շատեր կը մտածեն իրենց բժիշկին զգացումներուն մասին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ բժիշկներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ բժշկութեան»։ Կարդա՛ Եսայեայ 33։24–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Փետրուար 1
«Մեր բոլորին փափաքն է որ թէ՛ մենք եւ թէ մեր զաւակները աւելի լաւ կեանք մը ապրինք, բայց շատեր կը հաւատան թէ չեն կրնար բան մը փոխել։ Կը խորհի՞ս որ կրնանք մեր ապագային որոշ ուղղութիւն տալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչէն ցոյց կու տայ թէ մենք անկարող չենք, այլ՝ մեր ապագան կախեալ է մեր ներկայ ընտրութիւններէն»։ Կարդա՛ Բ. Օրինաց 30։19–ն։
Feb. 8
«Ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլելը ներկայիս մեր դիմագրաւած մեծագոյն մէկ մարտահրաւէրն է, այդպէս չէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն նախագուշակեց այս պարագան։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1–ը։] Այս պարբերաթերթը գործնական թելադրութիւններ կը հայթայթէ, որոնք կրնան քեզի եւ ընտանիքիդ օգնել ընկճուածութեան հետ գլուխ ելլելու»։