Մաս 10. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտները մարզել տունէ տուն ծառայութեան մէջ
1 Երէցները որոշելէ ետք թէ Աստուածաշունչի աշակերտը որակեալ է չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու, ան կրնայ ժողովքին հետ հանրային քարոզչութեան մասնակցիլ։ (Տես՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու, էջ 79-81։) Ի՞նչպէս կրնանք աշակերտին օգնել որ տունէ տուն ծառայութեան մէջ յաջողապէս բաժին բերէ։
2 Միասնաբար նախապատրաստուիլ. Լաւ նախապատրաստութիւնը անհրաժեշտ է։ Աշակերտին ցոյց տուր թէ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին ու Պատճառաբանել գիրքին մէջ ո՛ւր կրնայ թելադրուած ներկայացումներ գտնել, եւ անոր օգնէ որ տեղական թաղամասին մէջ գործնական եղող պարզ մօտեցում մը ընտրէ։ Սկիզբէն իսկ զինք քաջալերէ որ ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածէ։—Բ. Տիմ. 4։2
3 Նոր հրատարակիչի մը համար փորձի նիստերը օգտաշատ են։ Ներկայացումը փորձ ընելու ընթացքին, աշակերտին ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ նրբանկատօրէն ձեռք առնել թաղամասին մէջ սովորական եղող ընդառաջումները։ (Կող. 4։6) Զինք վստահեցուր թէ Քրիստոնեայ քարոզիչը տանտիրոջ յարուցած բոլոր հարցումներուն պատասխանները գիտնալու պէտք չունի։ Յաճախ կարելի է ըսել թէ պրպտում պիտի ընենք, ապա վերադառնանք նիւթը աւելի քննարկելու համար։—Առ. 15։28
4 Միասնաբար քարոզել. Երբ աշակերտը առաջին անգամ տունէ տուն պիտի քարոզէ, նախ թող քեզ դիտէ մինչ նախապատրաստուած բացումը կը գործածես։ Ապա զինք պարփակէ։ Կարգ մը պարագաներուն, լաւ կ’ըլլայ որ նոր հրատարակիչը ներկայացման միայն մէկ մասը ընէ, ինչպէս՝ համար մը կարդալ ու բացատրել։ Աշակերտին անձնաւորութիւնն ու կարողութիւնները նկատի առ։ (Փիլ. 4։5, ՆԱ) Զինք գովելու մէջ առատաձեռն եղիր, մինչ քարոզչութեան զանազան երեսակներուն մէջ աստիճանաբար զինք կը մարզես։
5 Կարեւոր է որ նոր հրատարակիչին օգնես որ ծառայութեան մասնակցելու կանոնաւոր յայտագիր մը հաստատէ, եթէ կարելի է՝ շաբաթական յայտագիր։ (Փիլ. 3։16) Միասնաբար ծառայելու մասնայատուկ կարգադրութիւններ ըրէ, եւ զինք քաջալերէ որ այլ նախանձախնդիր հրատարակիչներու հետ ալ ծառայէ։ Անոնց օրինակը եւ ընկերակցութիւնը իրեն պիտի օգնեն հմտութիւններ մշակելու եւ տունէ տուն քարոզելու մէջ ուրախութիւն գտնելու։