Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/05 էջ 1
  • Ուրիշներու պարտական ենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրիշներու պարտական ենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երբ մարդիկ տունը չեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Տունէ տուն ծառայութիւնը՝ ինչո՞ւ հիմա կարեւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՎԿԱՅԵԼԸ —ԿԵՐՊ ՄԸ ՇԱՏԵՐՈՒ ՀԱՍՆԵԼՈՒ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Բարի Լուրը Ամէնուրեք Քարոզենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 7/05 էջ 1

Ուրիշներու պարտական ենք

1 Պօղոս առաքեալ մարդոց քարոզելու պարտաւոր զգաց։ Ան գիտէր թէ Եհովա կարելի դարձուցած էր որ ամէն տեսակ մարդիկ փրկուին, Իր Որդիին թանկագին արիւնին միջոցով։ (Ա. Տիմ. 2։3-6) Հետեւաբար Պօղոս ըսաւ. «Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ»։ Ան սրտանց ու անխոնջօրէն ջանաց իր պարտքը վճարել մարդոց, բարի լուրը բաժնելով անոնց հետ։—Հռովմ. 1։14, 15

2 Պօղոսի նման, այսօր Քրիստոնեաները կը ջանան ամէն առիթով բարի լուրը իրենց դրացիներուն հետ բաժնել։ Որովհետեւ «մեծ նեղութիւն»ը արագօրէն կը մօտենայ, հրատապ է որ պարկեշտամիտ անհատները գտնենք։ Մարդոց հանդէպ հարազատ սէրէ մղուած, թող այս փրկարար գործին մէջ ժրաջան ըլլանք։—Մատթ. 24։21. Եզեկ. 33։8

3 Մեր պարտքը վճարել. Դռնէ դուռ քարոզելը մարդոց հասնելու գլխաւոր կերպն է։ Այն թաղամասերուն մէջ, ուր մարդիկ յաճախ տունը չեն գտնուիր, ճշգրիտ արձանագրութիւններ պահելը եւ տարբեր ժամանակ վերադառնալը պիտի օգնեն մեզի որ աւելի շատ անհատներու հետ շփման մէջ գանք։ (Ա. Կորն. 10։33) Կրնանք նաեւ վկայել առեւտրական շրջանի մէջ, փողոցը, զբօսավայրերու ու կառատուներու մէջ, եւ հեռախօսով։ Մենք մեզի կրնանք հարց տալ. ‘Կեանքի պատգամը հաղորդելու համար, քարոզչութեան բոլո՛ր միջոցները լիովին կը գործածե՞մ’։—Մատթ. 10։11

4 Ռահվիրայ քոյր մը իր թաղամասին մէջ բոլո՛ր մարդոց հասնելու լուրջ պատասխանատուութիւն զգաց։ Տան մը պատուհաններուն լուսարգելները միշտ գոց էին, եւ ան երբեք մէկը չգտաւ հոն։ Սակայն օր մը, երբ դաշտի ծառայութեան մէջ չէր, ռահվիրան նկատեց ինքնաշարժ մը այդ տան առջեւ։ Չուզելով առիթը փախցնել, ան դրան զանգը զարկաւ։ Տղամարդ մը բացաւ դուռը, եւ առաջին խօսակցութիւնը ճամբան հարթեց որ քոյրն ու իր ամուսինը մի քանի վերայցելութիւններ ընեն։ Ի վերջոյ, անհատը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, եւ այժմ մկրտուած եղբայր է։ Ան երախտապարտ է որ այս քոյրը զգաց թէ ուրիշներուն պարտական էր եւ անոնց քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունէր։

5 Ժամանակը վերջանալու վրայ ըլլալով, հիմա՛ է ժամանակը որ մարդոց վճարենք մեր պարտքը, քարոզչութեան ջանադրութեամբ մասնակցելով։—Բ. Կորն. 6։1, 2

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել