Դպրոց մը՝ որ մեզի կ’օգնէ գործնական կիրարկում ընելու
1 Երբ 2006–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագրին նիւթերը նկատի կ’առնենք, կը ջանանք աստուածաշնչական ուսուցումներէն օգտուիլ, զանոնք առնչելով մեր սրբազան ծառայութեան եւ առօրեայ կեանքին։ Վճռած ենք մեր սորված բաները գործադրել։—Յովհ. 13։17. Փիլ. 4։9
2 Մեկնաբանութիւններ ներկայացնել. Այս տարի ունկնդիրներուն տրամադրուած է յաւելեալ վայրկեան մը, որ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր նշեն։ Ուստի այս բաժինը ներկայացնող եղբայրը ուշադիր պիտի ըլլայ որ իր մեկնաբանութիւններուն համար միայն հինգ վայրկեան գործածէ։ Ունկնդիրներն ալ բծախնդրաբար պիտի յարգեն ժամանակաւորումը։ Առաջուընէ լաւ մտածելով, մեկնաբանողը կրնայ օգտալից տեղեկութիւններ ներկայացնել, գործածելով 30 երկվայրկեան կամ աւելի քիչ։ Ունկնդիրներուն մասնակցութեան յատկացուած հինգ վայրկեանին մէջ, մօտաւորապէս 10 անհատներ պէտք է կարենան իմաստալից մեկնաբանութիւններ ներկայացնել։
3 Ուսուցանող դասախօսութիւններ. Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերը եւ հրահանգիչ ուղերձը պէտք է կեդրոնանան նիւթին արժէքին վրայ, զայն մեր ծառայութեան ու առօրեայ կեանքին այլ երեսակներուն կիրարկելով։ Դասախօսը ունկնդիրներուն մէջ գործի լծուելու փափաք արթնցնելէ աւելին պէտք է ընէ։ Ան նշելու է թէ ի՛նչ քայլ պէտք է առնուի, ի՛նչպէս կարելի է զայն կատարել եւ ի՛նչ օգուտներ յառաջ կու գան։ Ան կրնայ ըսել. «Այս համարը հետեւեալ կերպով մեզի ուղղութիւն կու տայ», կամ՝ «Այս համարները հետեւեալ կերպով կրնանք ծառայութեան մէջ գործածել»։ Տեղական կարիքները ի մտի ունենալով, երէցներն ու օգնական ծառաները պէտք է ջանան նիւթին գործնական կիրարկումը կարելի եղածին չափ մասնայատուկ կերպով ընել։
4 Գործնական կիրարկում ընելու համար, աստուածաշնչական օրինակներ մէջբերելը կրնայ յատկապէս ազդու ըլլալ։ Աստուածաշնչական օրինակին ակնարկելէ ետք, դասախօսը կրնայ ըսել. «Թերեւս դուն ալ նոյնանման պարագայի մը ներքեւ գտնուիս»։ Ան վստահ պէտք է ըլլայ թէ աստուածաշնչական օրինակին կիրարկումը ներդաշնակ է բնաբանին, ամբողջ Աստուածաշունչին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակած տեղեկութիւններուն հետ։—Մատթ. 24։45
5 Իմաստութիւնը՝ գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը յաջողապէս գործածելու կարողութիւնն է։ «Գլխաւոր բանը իմաստութիւնն է»։ (Առ. 4։7, ԱՎ) Մինչ կը շարունակենք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նիւթերով գործնական իմաստութիւն ձեռք ձգել, թող նաեւ բարելաւենք զայն ուրիշներուն հաղորդելու կարողութիւնը։