Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ հարցումներ ուղղելով եւ մտիկ ընելով
1 Մարդոցմէ շատեր իրենց տեսակէտները արտայայտելով հաճոյք կը զգան, բայց չեն սիրեր որ մէկը իրենց գլուխին քարոզ կարդայ կամ հարցաքննէ։ Ուստի որպէս Քրիստոնեայ ծառաներ, պէտք է սորվինք թէ ի՛նչպէս կրնանք հմտութեամբ հարցումներ ուղղել, որպէսզի մարդիկ արտայայտուին։—Առ. 20։5
2 Մեր հարցումները անհատին միտքը պէտք է գրգռեն, եւ ո՛չ թէ զինք վհատեցնեն։ Եղբայր մը երբ տունէ տուն կը քարոզէ, կը հարցնէ. «Կը խորհի՞ս թէ օրին մէկը մարդիկ իրարու հետ արժանապատուութեամբ ու յարգանքով պիտի վարուին»։ Պատասխանին համաձայն, ան կ’ըսէ. «Քու կարծիքով, ասիկա իրագործելու համար ի՞նչ կը պահանջուի», կամ՝ «Ինչո՞ւ այսպէս կը խորհիս»։ Ուրիշ եղբայր մը երբ անպաշտօն կերպով եւ հանրային վայրերու մէջ կը վկայէ, երախաներ ունեցող անհատներու կը հարցնէ. «Ծնողութեան ո՞ր երեսակէն շատ կ’ախորժիս»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Ի՞նչ է մեծագոյն մտահոգութիւնդ»։ Նկատէ թէ այս հարցումները մարդոց թոյլ կու տան որ իրենց տեսակէտները արտայայտեն, առանց զիրենք նեղ կացութեան մատնելու։ Անշուշտ մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց պէտք է յարմարցնենք մեր նիւթն ու հարցումներուն ոճը։
3 Մարդիկը մղել որ արտայայտուին. Երբ մարդիկ պատրաստ են իրենց միտքը արտայայտելու, համբերութեամբ մտիկ ըրէ առանց անհարկիօրէն ընդմիջելու։ (Յակ. 1։19) Քաղցրութեամբ ընդունէ անոնց մեկնաբանութիւնները։ (Կող. 4։6) Պարզապէս կրնաս ըսել. «Ըսածդ հետաքրքրական է։ Շնորհակալ եմ որ ինծի ըսիր»։ Անկեղծօրէն զանոնք գովէ։ Ազնուօրէն յաւելեալ հարցումներ ուղղէ, երեւան հանելու համար թէ ի՛նչ կը խորհին եւ ինչո՛ւ։ Հասարակաց գետին փնտռէ։ Եթէ համար մը անոնց ուշադրութեան պիտի յանձնես, կրնաս ըսել. «Բնաւ այս կարելիութեան մասին մտածա՞ծ ես»։ Խօսքիդ վրայ պնդող կամ վիճաբանող մի՛ ըլլար։—Բ. Տիմ. 2։24, 25
4 Մեր մտիկ ընելուն կերպը մեծապէս կ’որոշէ թէ ուրիշներ ի՛նչպէս պիտի ընդառաջեն մեր հարցումներուն։ Մարդիկ կրնա՛ն զատորոշել թէ լրջօրէն մտիկ կ’ընե՛նք կամ ոչ։ Ճամբորդող տեսուչ մը դիտել տուաւ. «Համբերութեամբ մարդոց մտիկ ընելու կամեցողութիւն ցոյց տալով, կրնաս իսկապէս զանոնք հրապուրել ու ջերմ հետաքրքրութիւն դրսեւորել»։ Ուրիշներու մտիկ ընելը զիրենք կը պատուէ եւ կրնայ զիրենք մղել որ մեր ներկայացուցած բարի լուրը մտիկ ընեն։—Հռովմ. 12։10