Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/06 էջ 1
  • ‘Թող հետեւի ինծի’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Թող հետեւի ինծի’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՞ւ անձնազոհ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Յիսուսը ընդօրինակէ՝ ուրիշներուն ծառայելով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Շարունակաբար Յիսուսի Հետեւիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 5/06 էջ 1

‘Թող հետեւի ինծի’

1 Շատեր քմահաճ կեանք մը կը վարեն, բայց յաճախ ապերջանիկ են։ Ասոր հակառակը, Յիսուս անձնուրաց տալը յանձնարարեց, որ իսկական երջանկութիւն կը բերէ։ (Գործք 20։35) Ան ըսաւ. «Ո՛վ որ ուզէ գալ իմ ետեւէս, թող ուրանայ ինքզինք, . . . ու հետեւի ինծի»։ (Մար. 8։34, ԱՎ) Ասիկա ատեն–ատեն որոշ հաճոյքներ մերժելէ աւելին կը պարփակէ։ Անիկա կը նշանակէ՝ ամէն օր ապրիլ Եհովան հաճեցնելու համար եւ ո՛չ թէ՝ մենք մեզ։—Հռովմ. 14։8. 15։3

2 Նկատի առ Պօղոս առաքեալի օրինակը։ «Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար», Պօղոս անձնական ձգտումներու հետամուտ ըլլալէ ետ կեցաւ եւ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու նուիրուեցաւ։ (Փիլ. 3։7, 8) Ան ըսաւ. «Ես մեծ հաճոյքով պիտի ծախսեմ եւ ծախսուիմ ալ» ուրիշներուն ծառայութեան համար։ (Բ. Կորն. 12։15, ԱՎ) Լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Ժամանակս, կորովս, կարողութիւններս ու նիւթական միջոցներս ի՞նչպէս կը գործածեմ։ Կը ջանամ անձնական շահե՞րս յառաջացնել, թէ Եհովան հաճեցնել’։

3 Տալու պատեհութիւններ. Աստուծոյ ժողովուրդը ամէն տարի աւելի քան մէկ միլիառ ժամ կը տրամադրէ Թագաւորութեան քարոզչութեան փրկաբեր գործին։ Ժողովքին մէջ, թէ՛ երիտասարդներ եւ թէ տարեցներ, ուրիշներուն օգուտ բերող նշանակումներու հոգ կը տանին։ Նաեւ շատ աշխատանք կը տարուի համաժողովներու առնչութեամբ եւ ճշմարիտ պաշտամունքի վերաբերեալ կառոյցներ շինելու եւ նորոգելու համար։ Խորհէ նաեւ Հիւանդանոցներու Հետ Հաղորդակցող Յանձնախումբի եւ Հիւանդներու Այցելող Խմբակի մէջ ծառայողներուն հայթայթած սիրալիր օգնութեան մասին։ Այս բոլոր անձնազոհ ջանքերը մեր քրիստոնէական եղբայրութեան համար օրհնութիւն մըն են։—Սաղմ. 110։3

4 Երբ աղէտ մը հարուածէ կամ ստիպողական վիճակ մը ծագի, զանազան կերպերով օգնելու առիթներ կը ստեղծուին։ Բայց յաճախ կրնանք զատորոշել թէ հաւատակից մը օգնութեան կամ քաջալերութեան կարիք ունի։ (Առ. 17։17) Յօժարութեամբ ջանալով ուրիշներուն ծառայել եւ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանիլ, Յիսուսի օրինակին կը հետեւինք։ (Փիլ. 2։5-8) Թող յարատեւաբար ասիկա ընենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել