Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ քաղցրաբարոյ ըլլալով
1 «Ողորմած ու գթած է Տէրը»։ (Սաղմ. 145։8) Տիեզերքի Գերիշխանը ըլլալով հանդերձ, ան անկատար մարդոց հետ քաղցրօրէն, փափկանկատօրէն եւ քաղաքավարութեամբ կը վարուի։ (Ծննդ. 13։14. 19։18-21, 29) Բարի լուրի մեր ներկայացումը կրնանք որակաւորել, մեր քաղցրաբարոյ Աստուածը ընդօրինակելով։ (Կող. 4։6) Ասիկա բարեկիրթ ու յարգալից կերպով խօսելէն աւելին կը պարփակէ։
2 Դռնէ դուռ. Եթէ տանտիրոջ այցելենք անյարմար ժամանակ մը կամ երբ չափազանց զբաղած է, լաւ կ’ըլլայ որ մեր ներկայացումը շատ կարճ կապենք կամ առաջարկենք ուրիշ ատեն վերադառնալ։ Եթէ անհատներ մերժեն հրատարակութիւն մը ընդունիլ, չենք պնդեր։ Ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլալը, մեզ պիտի մղէ նաեւ որ անոնց կալուածը յարգենք, օրինակ՝ պարտէզին կամ տան դուռը բաց չձգելով եւ մեր զաւակները մարզելով որ նոյնը ընեն։ Պէտք է վստահ ըլլանք որ տունը չեղողներուն դրան առջեւ մեր դրած հրատարակութիւնը անցորդներուն նշմարելի չէ։ Արդարեւ, բարերարութիւնը մեզ պիտի մղէ որ ուրիշներուն հետ վարուինք ա՛յնպէս, ինչպէս կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին։—Ղուկ. 6։31
3 Փողոցի քարոզչութիւն. Փողոցի քարոզչութեան ընթացքին, կրնանք քաղաքավարութիւն ցուցաբերել, անցորդներուն ճամբան չփակելով եւ խանութներու առջեւ չհաւաքուելով։ Ուրիշներու պարագաները նկատի առնելով, կը ջանանք խօսիլ անոնց հետ, որոնք կրնան մի քանի վայրկեան տրամադրել, քան՝ աճապարանօք քալող անհատներու հետ։ Երբեմն աղմուկին պատճառով կը ստիպուինք բարձրաձայն խօսիլ, բայց յարգալից կերպով եւ առանց մեր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու։—Մատթ. 12։19
4 Հեռախօսով վկայել. Ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլալը մեզ պիտի մղէ որ հեռախօսով վկայելու համար ընտրենք անաղմուկ վայր մը, իսկ քաղաքավար ըլլալով՝ մեր ինքնութիւնը իսկոյն կը բնորոշենք ու մեր նպատակը կը բացատրենք։ Հաճելի թոնով ուղղակի խօսափողին խօսիլը կ’օգնէ ուրիշներու հետ աստուածաշնչական շինիչ խօսակցութիւն ունենալու։ (Ա. Կորն. 14։8, 9) Վերոնշեալ կերպերով ազնիւ, նկատառու եւ քաղաքավար ըլլալով, մեր քաղցրաբարոյ Աստուածը՝ Եհովան կ’ընդօրինակենք։