Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
July
Երբ երիտասարդի կամ երիտասարդուհիի մը հանդիպիս, կրնաս ըսել. «Քու տարիքիդ շատեր ամուսնութեան մասին կը մտածեն։ Արդեօք այս նիւթին շուրջ ո՞ւր կրնաս վստահելի տեղեկութիւններ գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ ո՛վ ամուսնութեան ծագում տուաւ։ [Կարդա՛ Մատթէոս 19։6–ը։] Այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքներ կը նշէ, որոնք մեզի կ’օգնեն երջանիկ ամուսնութիւն մը կերտելու»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Օգոստոս 1
«Կը խորհի՞ս թէ օրին մէկը պիտի տեսնենք կառավարութիւն մը, որ մարդկութեան խնդիրները պիտի լուծէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց այսպիսի կառավարութեան մը մասին աղօթել, ինչպէս Մատթէոս 6։9, 10–ը ցոյց կու տայ։ [Կարդա՛։] Այս պարբերաթերթը կը նկարագրէ մարդկութեան համար Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւնները»։
Aug.
«Բոլորս ալ կ’ուզենք առողջապահական լաւ խնամք ստանալ։ Գիտէի՞ր թէ ներկայիս շատ մը բժիշկներ արեան ներարկում ընելու կը վարանին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ պատճառը։ Անիկա նաեւ Աստուածաշունչի միջոցաւ կը բացատրէ թէ Աստուած արիւնը ինչո՛ւ թանկարժէք կը նկատէ»։ Կարդա՛ Ղեւտացւոց 17։11–ը։