Ուրիշներուն օգնէ Աստուծոյ բարեկամները ըլլալու
1 Ներկայիս բոլոր ազգերէն մարդիկ Եհովայի ճամբաները կը սորվին։ (Եսայ. 2։2, 3) Սակայն անոնք Եհովան պէտք է սիրեն, որպէսզի կարենան ‘համբերութեամբ պտուղ տալ’։ (Ղուկ. 8։15. Մար. 12։30) Առանց այդ սիրոյն, անոնք վնասակար ազդեցութիւններուն դէմ դնելու զօրութիւն կամ շիտակը ընելու քաջութիւն պիտի չունենան։ Անոնց մէջ Եհովայի յատկութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն կերտելը, կերպ մըն է անոնց օգնելու որ իրեն հետ լաւ յարաբերութիւն մշակեն։ Զիրենք քաջալերէ որ Եհովայի մօտեցիր գրքին տեղեկութիւնները խորապէս նկատի առնեն։
2 Քու օրինակդ. Քու արարքներդ կրնան Աստուածաշունչի աշակերտներուն սրտին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ։ Երբ տեսնեն թէ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ մեծապէս կ’արժեւորես եւ թէ անիկա ի՛նչպէս կեանքիդ կ’ազդէ, անոնք պիտի մղուին այսպիսի անձնական յարաբերութիւն մը մշակելու։ (Ղուկ. 6։40) Արդարեւ, յաճախ մեր օրինակը աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի ուրիշներու վրայ, քան՝ մեր ըսածը։
3 Գլխաւոր կերպ մը՝ որով ծնողներ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն Եհովան սիրել, իրենց օրինակն է։ (Բ. Օր. 6։4-9) Ամոլ մը որ կը փափաքէր իրենց զաւակները ճշմարտութեան մէջ մեծցնել, յաջող ծնողներէ խրատներ հայցեց։ Ամուսինը ըսաւ. «Ամէն ոք նոյն կէտը շեշտեց՝ ծնողական օրինակը»։ Արդ, իրենց լման կենցաղով, ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն կենդանի օրինակ հանդիսանալ՝ թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Աստուծոյ բարեկամ»ը ըլլալ։—Յակ. 2։23
4 Սրտագին աղօթք. Կրնաս ուրիշներուն նաեւ օգնել որ Եհովայի հետ բարեկամութիւն մշակեն՝ անոնց սորվեցնելով որ սրտանց աղօթեն։ Կրնաս անոնց ուշադրութեան յանձնել տիպար աղօթքը եւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած սրտագին աղօթքները։ (Մատթ. 6։9, 10) Աղօթքներուդ միջոցով կրնաս զաւակներուդ եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն սորվեցնել աղօթելու կերպը։ Անոնք քու անկեղծ արտայայտութիւններդ լսելով, Եհովայի հանդէպ խոր զգացումներդ պիտի նկատեն։ Զանոնք քաջալերէ որ փորձութեան ներքեւ ‘ստէպ աղօթքի կենան’։ (Հռովմ. 12։12) Նեղութեան ժամանակներուն Եհովայի օգնութիւնը շօշափելով, անոնք իրեն պիտի վստահին ու զինք սիրեն որպէս իսկական բարեկամ։—Սաղմ. 34։8. Փիլ. 4։6, 7