«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»
Յիսուսի մահը պիտի յիշատակուի Ապրիլ 2–ին
1. 2 Ապրիլ 2007–ն ինչո՞ւ կարեւոր թուական մըն է։
1 2 Ապրիլ 2007–ին, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ պիտի ժողվուին Յիսուսի զոհաբերական մահը յիշատակելու համար։ Յիսուս մեռաւ որպէս իր երկնաւոր Հօր գերիշխանութեան ջատագով, ապացուցանելով որ սուտ է Բանսարկուի ամբաստանութիւնը՝ թէ մարդիկ միայն անձնասէր շարժառիթներով Աստուած կը պաշտեն։ (Յոբ. 2։1-5) Տէրունական Ընթրիքը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ թէ որպէս կատարեալ ու անմեղ մարդ, Յիսուս իր մահուան միջոցաւ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք» տուաւ։ (Մատթ. 20։28) Հետեւաբար Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ղուկ. 22։19) Աստուծոյ այս թանկագին պարգեւին հանդէպ գնահատութիւնդ, քեզ մղա՞ծ է որ սկսիս պատրաստուիլ գերադրական սիրոյ այս արարքը յիշատակելու համար։—Յովհ. 3։16
2. Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել Յիշատակատօնին համար։
2 Սիրտդ պատրաստէ. Յիսուսի մարդկային կեանքին վերջին օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերը նկատի առնելով, կրնանք այս տօնակատարութեան համար մեր սիրտը պատրաստել։ (Եզրաս. 7։10) Ասոր մէջ մեզի աջակցելու համար, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մասնաւոր յայտագիր մը կը գտնուի 2007–ի Աստուածաշունչը քննենք գրքոյկին եւ 2007–ի Օրացոյց–ին մէջ։ Ընթերցանութեան այս յայտագիրը սերտօրէն կը համապատասխանէ Յիսուսի կեանքին վերջին շաբթուան օրերուն, ներկայիս մեր գործածած օրացոյցին հիման վրայ։ Աստուածաշունչին մէջ ակնարկուած օրերն ու թուականները հրէական օրացոյցին համաձայն են, օրը հաշուելով արեւնամուտէ արեւնամուտ։ Այս տարբերութիւնը նկատի առնուած է ընթերցանութեան յայտագրին մէջ։ Տեղեկութիւնները աչքէ անցընելը եւ աղօթքով Աստուծոյ սիրոյն խորութեան վրայ խոկալը, մեզի պիտի օգնէ որ Յիշատակատօնի տօնակատարութենէն լիովին օգտուինք։
3. Ի՞նչպէս կրնանք հետաքրքրուած ու անգործունեայ անհատներուն օգնել որ Յիշատակատօնէն օգտուին։
3 Ուրիշները հրաւիրէ որ ներկայ գտնուին. Փետրուարի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածը յատուկ արշաւ մը ծանուցանեց, մարդիկը այս կարեւոր դէպքին հրաւիրելու համար։ Կարգադրութիւններ ըրա՞ծ ես որ այս արշաւին լիովին մասնակցիս։ Հրաւիրելիք ծանօթներուդ անուանացանկը պատրաստա՞ծ ես եւ սկսա՞ծ ես անոնց հետ խօսիլ։ Ծրագրէ Յիշատակատօնի երեկոյեան կանուխ գալ, հրաւիրեալներդ ու հետաքրքրուած այլ անհատները դիմաւորելու համար։ Թերեւս փափաքիս անոնց հետ նստիլ, որպէսզի Աստուածաշունչիդ ու երգարանիդ հետեւին։ Զանոնք ժողովքին միւս անդամներուն ծանօթացուր։ Յայտագրին աւարտին, անոնց հարցումներուն պատասխանելու համար ժամանակ յատկացուր։ Զանոնք հրաւիրէ որ 15 Ապրիլին ներկայացուելիք մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուին։ Մանաւանդ երէցները պէտք է հետաքրքրուին այն անհատներով, որոնք անցեալին ժողովքին հետ ընկերակցած բայց այժմ անգործունեայ դարձած են, զիրենք Յիշատակատօնին ու մասնաւոր դասախօսութեան հրաւիրելով։
4. Ի՞նչպէս կրնանք Յիշատակատօնէն ետք անհատներուն օգնել որ շարունակեն հոգեւորապէս յառաջդիմել։
4 Նոր հետաքրքրուած եւ անգործունեայ անհատներուն օգնէ որ յառաջդիմեն. Յիշատակատօնի դասախօսը հակիրճօրէն պիտի բացատրէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մեր կարգադրութիւնը եւ նոր հետաքրքրուած անհատները պիտի քաջալերէ որ շարունակեն Եհովայի մասին սորվիլ։ Կրնաս այս բացատրութիւնը որպէս հիմ գործածել, հրաւիրեալներուն յաւելեալ հոգեւոր օգնութիւն ներկայացնելու համար։ Եթէ անոնք այժմ Աստուածաշունչը չեն ուսումնասիրեր, Յիշատակատօնէն ետք շուտով անոնց վերայցելէ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ձրի կարգադրութիւնը ցուցադրէ։ Որպէսզի հոգեւորապէս յառաջդիմեն, անոնք նաեւ ժողովքային հանդիպումներուն պէտք է ներկայ գտնուին։ (Եբր. 10։24, 25) Ասիկա ի մտի ունենալով, զանոնք քաջալերէ որ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուին։ Երէցները կարգադրութիւն պիտի ընեն Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող անգործունեայ Քրիստոնեաներուն այցելելու, եւ դասախօսութեան մէջ ներկայացուած գաղափարներուն հանդէպ անոնց գնահատութիւնը կերտելու։ Ասիկա կրնայ զիրենք քաջալերել որ ժողովքին մէջ իրենց գործունէութիւնը վերսկսին։
5. Յիշատակատօնը տօնակատարելը մեր վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։
5 Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը մեզի առիթ կու տայ լրջօրէն խոկալու մեզի ի նպաստ Եհովայի ու Յիսուսի ըրած բաներուն վրայ։ Այս տեսակի խոկալը անոնց հանդէպ մեր սէրը կը խորացնէ եւ մեր վարքին կ’ազդէ։ (Բ. Կորն. 5։14, 15. Ա. Յովհ. 4։11) Հի՛մա է ժամանակը մենք մեզ եւ հետաքրքրուած անհատները պատրաստելու այս կարեւոր առիթին համար, որուն ընթացքին ‘Տէրոջը մահը կը պատմենք’։—Ա. Կորն. 11։26