«Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես»
1. Մեզմէ շատեր ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։
1 Աստուծոյ Խօսքը սիրելով հանդերձ, պատմութիւններու մանրամասնութիւնները կամ որոշ արտայայտութիւններ բովանդակող համարներու տեղը մտաբերելու դժուարութիւն ունի՞ս։ Կը փափաքի՞ս որ զաւակներդ Աստուածաշունչի հիմնական իրողութիւնները եւ ուսուցումները լաւ ըմբռնեն։ «Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես» յօդուածը, որ ամէն ամիս Զարթի՛ր–ի 31–րդ էջին վրայ լոյս կը տեսնէ, կրնայ թէ՛ անչափահասներուն եւ թէ չափահասներուն օգնել որ Աստուծոյ Խօսքին քաջածանօթ դառնան։—Գործք 17։11
2. Ի՞նչպէս կրնաս գործածել «Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես» խորագրով յօդուածին զանազան հատուածները։
2 Ի՞նչպէս կրնաս այս յօդուածը լաւագոյն կերպով օգտագործել։ Յունուար 2006–ի Զարթի՛ր–ը հետեւեալ թելադրութիւնները ներկայացուց. «Ակնարկ մը նետէ էջ 31–ին վրայ . . . ։ Էջին կարգ մը հատուածները երախաներու ուշադրութիւնը պիտի գրաւեն, իսկ այլ մասեր՝ Աստուածաշունչի յառաջադէմ աշակերտներու յիշողութեան ասպարէզ պիտի կարդան։ ‘Պատմութեան մէջ ե՞րբ’ խորագրով հատուածը քեզի պիտի օգնէ որ ժամանակագրական ցուցակ մը պատրաստես, որ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւնները ե՛րբ ապրեցան եւ կարեւոր դէպքերը ե՛րբ տեղի ունեցան։ ‘Այս թիւը կարդալէ ետք’ խորագրով հատուածին հարցումներուն պատասխանները պիտի գտնուին ամբողջ պարբերաթերթին մէջ, բայց միւս հարցումներուն պատասխանները պիտի տրուին որոշ էջի մը վրայ, հակառակ ուղղութեամբ տպուած։ Պատասխանները կարդալէ առաջ, ինչո՞ւ պրպտում չընես, ապա սորվածդ ուրիշներուն իմացնես։ ‘Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես’ խորագրով նոր երեսակը կրնաս նաեւ գործածել որպէս ընտանիք կամ խումբ Աստուածաշունչը քննարկելու համար»։
3. Կարգ մը ընտանիքներ այս յատկանշական երեսակէն ի՞նչպէս օգտուած են, եւ ո՞ր հատուածները շատ կը սիրես։
3 Արդարեւ շատ մը ընտանիքներ իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կը վարեն այս յօդուածին հիման վրայ։ Մայր մը կը գրէ. «Ամուսինս ու ես խորհեցանք որ լաւ գաղափար մըն է՝ ‘Երախանե՛ր՝ պատկերը փնտռեցէք’ հատուածը մեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէջ պարփակել, զայն մեր երեք տարեկան աղջնակին համար կենսալից ու հետաքրքրական դարձնելու համար։ Շատ հաճելի է զինք դիտել, մինչ խանդավառօրէն իր անձնական Զարթի՛ր–ի էջերը կը դարձնէ մինչեւ որ իր փնտռածը գտնէ»։ Պրազիլէն հայր մը կ’ըսէ. «Եօթը տարեկան տղաս ու ես Զարթի՛ր–ի այս յատկանշական երեսակը շատ կը սիրենք։ Անիկա Մոզէզի օգնած է որ ուշադիր ըլլայ, համարները բանայ, պատկերները ըմբռնէ եւ թուականները հասկնայ»։ Ութ տարեկան Աշլի կը գրէ. «Շնորհակալ եմ Զարթի՛ր–ի ետեւը գտնուող ‘Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես’ խորագրով յօդուածին համար։ Անկէ շատ բան կը սորվիմ Աստուածաշունչի մասին»։
4. Ընտանիքը ի՞նչպէս կրնայ այս յատկանշական երեսակը գործածել, Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ճոխացնելու համար։
4 Ինչո՞ւ պարբերաբար չգործածես «Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես» յօդուածը ընտանեկան ուսումնասիրութեան մէջ։ Կրնաս գործածել Ցանկ–ը կամ Դիտարանի գրադարան՝ Սի.Տի. ՌՈՄի վրայ, կարգ մը դժուար հարցումներուն պատասխանները գտնելու համար։ Ասիկա ընելով, զաւակներուդ պիտի սորվեցնես պրպտում կատարելը։ Եթէ աւելի մեծ զաւակներ ունիս, ինչո՞ւ անոնցմէ չխնդրես որ «Ո՞վ եմ ես» կամ «Պատմութեան մէջ ե՞րբ» հատուածին պատասխանները պրպտեն, ընտանեկան ուսումնասիրութենէն առաջ։ Ապա անոնք կրնան իրենց պրպտումին արդիւնքը ներկայացնել ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Այս էջը ազդուօրէն գործածելը կերպ մըն է, որով ծնողներ կրնան Աստուծոյ Խօսքը իրենց զաւակներուն մէջ դրոշմել, անոնց օգնելով որ մանկութենէն ի վեր «սուրբ գիրքերը» գիտնան։—Բ. Տիմ. 3։15. Բ. Օր. 6։7