Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/07 էջ 1
  • Մեր ծառայութեան մէջ աւելնանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր ծառայութեան մէջ աւելնանք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծառայութիւնդ ամբողջովին կը կատարե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Պատանի՛ եղբայրներ, կը ձգտի՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ձեր Ծառայութիւնը Ընդլայնելու Կերպեր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Եղբայրներուն օգնել որ ժողովքին մէջ ծառայեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 9/07 էջ 1

Մեր ծառայութեան մէջ աւելնանք

1 Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները յորդորեց որ Աստուծոյ ճամբուն մէջ քալեն եւ ‘անոր մէջ ա՛լ աւելի յառաջանան’։ (Ա. Թես. 4։1) Ասիկա մեզի համար ի՞նչ կը պարփակէ։ Մէկ բան որոշ է թէ՝ յարատեւաբար պէտք է հոգեւոր գործունէութեան մէջ աւելնալու կերպեր փնտռենք, միշտ ջանալով ‘մեր ծառայութիւնը լիովին կատարել’։—Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ

2 Շարժառիթ. Ծառայութեան մէջ աւելնալը յառաջ կու գայ Ստեղծիչին լիովին ծառայելու մեր փափաքէն։ Կ’ուզենք հոգեւորապէս աճիլ եւ մեր ծառայութիւնը բարելաւելու կերպեր փնտռել։ Լաւ սովորամոլութիւն մը եւ պատշաճ շարժառիթ մը մեզի պիտի օգնեն աստուածպետական նպատակակէտերու հասնելու։—Սաղմ. 1։1, 2. Փիլ. 4։6. Եբր. 10։24, 25

3 Մեր ծառայութիւնը ընդարձակելը կը պահանջէ որ առատաձեռն ու անձնազոհ հոգի մը մշակենք։ Այսպիսի հոգի մը մշակելը կարելի կ’ըլլայ երբ Յիսուսի ընտիր օրինակին վրայ աղօթքով խոկանք։ (Մատթ. 20։28) Իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին Յիսուս ուրիշներուն ծառայելով մեծ ուրախութիւն քաղեց։ (Գործք 20։35) Կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ մարդոց հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով, նաեւ մեր ծառայութեան մէջ աւելնալու պատեհութիւններուն նկատմամբ արթուն ըլլալով։—Եսա. 6։8

4 Ծնողքին դերը. Ուրիշներուն ծառայելու եւ մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու փափաքը կարելի է երախաներուն մէջ կանուխ տարիքէն քանդակել։ Երախաներ՝ ընտանիքի անդամներուն ժրաջանութիւնը եւ ծառայութիւնը ընդարձակելու անոնց խանդավառութիւնը նկատի պիտի առնեն։ Եղբայր մը երբ պատանի էր՝ մղուեցաւ իր ծառայութիւնը աւելցնելու, իր մեծ հօր հետ աստուածպետական ծրագիրներու մասնակցելով։ Իր մեծ հօր ժրաջանութիւնը եւ ուրախութիւնը տեսնելը զինք քաջալերեց որ իր եղբայրներուն ծառայելու պատեհութիւններ փնտռէ։ Այժմ ան օգնական ծառայ մըն է։

5 Եղբայրներու կարիքը. Ծառայութեան մէջ աւելնալը ‘աղէկ գործի ցանկալ’ է։ (Ա. Տիմ. 3։1) Այս կէտը եղբայրները կը քաջալերէ որ ձգտին որակեալ ըլլալ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներու։ Ասիկա մասնայատուկ հմտութիւններ կամ ուշագրաւ բնական կարողութիւններ չի պահանջեր։ Ձգտող եղբայր մը առաջ Թագաւորութիւնը պիտի խնդրէ եւ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր մասնակցութիւն մը բերէ։ (Մատթ. 6։33. Բ. Տիմ. 4։5) Ան պիտի ջանայ ուրիշներուն համար լաւ օրինակ մը հանդիսանալ։

6 Համայն աշխարհին մէջ. Եհովա՝ հաւաքումը կ’արագացնէ։ (Եսա. 60։22, ՆԱ) Ստիպողական կարիք կայ որ Յիսուսի օրինակին հետեւողները իրենց ծառայութիւնը լիովին կատարեն։ 2006–ի ծառայութեան տարուան համաշխարհային տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ 248,327 հոգի մկրտուեցաւ։ Ասիկա կը նշանակէ՝ միջին հաշուով ամէն օր աւելի քան 680 նորեկ։ Շարունակենք կերպեր փնտռել մեր ծառայութիւնը լիովին կատարելու համար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել