Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Sept.
«Մեր մեծամասնութիւնը կը փափաքի լաւ առողջութիւն եւ երկար կեանք ունենալ։ Կը խորհի՞ս թէ դրական տեսակէտ մը պահպանելը կրնայ մեր առողջութիւնը բարելաւել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Առակաց 17։22–ը։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ թէ ինչո՛ւ կ’արժէ լաւատեսական կեցուածք մը մշակել»։ Էջ 26–ի յօդուածը ներկայացուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Հոկտեմբեր 1
«Կը փափաքիմ այս խօսքին շուրջ կարծիքդ առնել։ [Կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4–ը։] Բնաւ հարց տուա՞ծ ես որ եթէ Աստուած ամենազօր ու արդար է, աշխարհի մէջ ինչո՛ւ այսքան շատ տառապանք եւ չարութիւն կայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլատրած է որ չարութիւնը մինչեւ օրս շարունակուի»։
Oct.
«Կը խորհի՞ս թէ ներկայիս պայմանները երախաներուն համար աւելի վտանգաւոր են քան՝ անցեալին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր կը զգան թէ հոս նկարագրուած վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը։] Այս պարբերաթերթը կարգ մը գործնական թելադրութիւններ կու տայ, թէ ծնողներ ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել մանկամոլներէ»։