Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնէ Թագաւորութեան բարի լուրին հրատարակիչներ ըլլալու
1 Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ, իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի յանձնարարութիւնը արդարեւ հեռահաս էր։ Քրիստոսի աշակերտներուն պատուէր տրուեցաւ որ աւելի աշակերտներ ընեն, որոնք իրենց կարգին աշակերտելու գործը պիտի շարունակէին։ Յատկանշական վերջին ժամանակին ընթացքին,– որուն մէջ այժմ կ’ապրինք,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի աշխարհածաւալ վերջնական ծանուցման համար հիմ մը պիտի դրուէր։—Մատթ. 24։14
2 Մեր Աստուածաշունչի աշակերտները թերեւս մեր զաւակները կամ օտարներ են, որոնք յօժար են որ իրենց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք։ Անկեղծօրէն կը փափաքինք անոնց օգնել որ ընդունին իրենց պատասխանատուութիւնը. ուրիշներուն օգնել Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլալու։—Ղուկ. 6։40
3 Զանոնք պատրաստէ որ վկայութիւն մը տան. Աստուածաշունչի աշակերտներդ յորդորէ որ ուրիշներուն խօսին իրենց սորված բաներուն մասին։ Անոնց պատմէ դաշտի ծառայութեան մէջ պատահած քաջալերական փորձառութիւններ։ Զաւակներդ փոքր տարիքէն մարզէ որ իմաստալից կերպով ծառայութեան մասնակցին՝ իրենց կարողութեան համաձայն։ (Սաղմ. 148։12, 13) Խօսքով ու օրինակով ծառայութեան հանդէպ գնահատութիւնդ ցուցաբերէ։—Ա. Տիմ. 1։12
4 Եհովա կը գործածէ միայն զանոնք որ իր արդար չափանիշները կ’ընդունին եւ անոնց համաձայն կ’ապրին։ Անշուշտ նոր հրատարակիչները Թագաւորութեան փորձառու, նուիրուած ու մկրտուած քարոզիչներուն չափ չեն գիտեր, բայց Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն պէտք է հաւատան եւ զանոնք բացատրելու կարող ըլլան։ (Տեսնել՝ Կազմակերպուած գիրքը, էջ 79-82։) «Մեծ Բաբելոն»էն բոլորովին անջատուած ու քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալէ դադրած ըլլալով, անոնք ժողովքային հանդիպումներուն կանոնաւորաբար պէտք է ներկայ գտնուին։—Յայտ. 18։2, 4. Յովհ. 17։16. Եբր. 10։24, 25
5 Անմիջապէս որ համոզուիս թէ Աստուածաշունչի աշակերտներէդ մէկը որակեալ է չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու, ասիկա պէտք է վերակացու տեսուչին ուշադրութեան յանձնես։ Ան պիտի կարգադրէ որ երկու երէց անոր ու քեզի հետ հանդիպին, որոշելու համար թէ ան ժողովքին ընկերակցութեամբ Թագաւորութեան բարի լուրի չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու որակեա՛լ է կամ ոչ։ Ապա, քու առանձնաշնորհումդ պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի աշակերտիդ մարզումը շարունակել, մինչ քեզի հետ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցի։