Կրնա՛նք Եհովայի տալ
1 Գիտէի՞ր թէ մարդիկ կարող են Աստուծոյ բան մը տալ։ Աբէլ իր թանկարժէք խաշինքէն կարգ մը անասուններ Եհովայի զոհեց, եւ Նոյ ու Յոբ համանման ընծաներ մատուցանեցին։ (Ծննդ. 4։4. 8։20. Յոբ 1։5) Անշուշտ այսպիսի ընծաներ որեւէ կերպով Ստեղծիչը չհարստացուցին, քանի որ ամէն ինչ արդէն իրեն կը պատկանի։ Սակայն այս զոհերը ցոյց տուին թէ այս հաւատարիմ մարդիկը Աստուծոյ հանդէպ խոր սէր ունէին։ Ներկայիս, կրնանք մեր ժամանակը, կորովը եւ միջոցները գործածել Եհովայի «օրհնութեան պատարագ» մատուցանելու համար։—Եբր. 13։15
2 Ժամանակ. Ո՜րքան գնահատելի է նուազ կարեւոր բաներէ ժամանակ ‘ծախու առնել’՝ ծառայութեան մէջ լրիւ մասնակցութիւն բերելու համար։ (Եփ. 5։15, 16) Թերեւս կրնանք մեր յայտագիրը այնպէս մը յարմարցնել որ տարուան մէկ կամ աւելի ամիսներուն օժանդակ ռահվիրաներ ըլլանք։ Թերեւս կրնանք ծառայութեան համար մեր տրամադրած ժամերը աւելցնել։ Ամէն շաբաթ 30 վայրկեան աւելի ծառայելը, մեր ծառայութեան միջինին վրայ առնուազն երկու ժամ կ’աւելցնէ։
3 Կորով. Ծառայութեան տրամադրելիք կորով ունենալու համար, պէտք է խուսափինք այն ժամանցներէն ու աշխարհիկ աշխատանքներէն, որոնք մեզ ա՛յնքան ուժասպառ կը դարձնեն, որ չենք կրնար Եհովայի մեր լաւագոյնը տալ։ Նաեւ պէտք է մէկ կողմ դնենք մեր սիրտը ‘ճնշող’ մտահոգութիւնները, որոնք կրնան վատնել այն կորովը, զոր Աստուծոյ ծառայութեան համար կրնայ գործածուիլ։ (Առ. 12։25) Նոյնիսկ եթէ մտահոգուելու վաւերական պատճառ մը ունինք, ո՜րքան աւելի լաւ է ‘մեր հոգը Տէրոջը վրայ ձգել’։—Սաղմ. 55։22. Փիլ. 4։6, 7
4 Նիւթական միջոցներ. Նաեւ կրնանք մեր նիւթական միջոցներով քարոզչութեան թիկունք կանգնիլ։ Պօղոս Քրիստոնեայ հաւատակիցները քաջալերեց որ կանոնաւորաբար ‘դիզեն ինչ որ կրնան’, որպէսզի կարօտեալներուն տալու բան մը ունենան։ (Ա. Կորն. 16։1, 2) Նոյն կերպով, թերեւս կրնանք որոշ գումար մը յատկացնել մեր ժողովքին կարիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ համաշխարհային գործին համար։ Եհովա մեր սրտանց տուածը կը գնահատէ, նոյնիսկ եթէ անիկա քիչ է։—Ղուկ. 21։1-4
5 Եհովա մեզի առատաբար տուած է։ (Յակ. 1։17) Մեր գնահատութիւնը ցոյց կու տանք, իրեն ծառայելու համար առատաձեռնօրէն տրամադրելով մեր ժամանակը, կորովը եւ այլ միջոցներ։ Ասիկա ընելով Եհովան պիտի հաճեցնենք, «վասնզի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։—Բ. Կորն. 9։7