Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր
2009–ի ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանն է՝ «Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ. . . որպէսզի զանիկա կատարես», հիմնուած՝ Կողոսացիս 4։17–ի վրայ։ Որպէս քրիստոնեաներ, այս յորդորը լուրջի կ’առնենք։ Մեր նպատակն է մեր ծառայութիւնը հաւատարմօրէն կատարել, ճիշդ ինչպէս Յիսուս ըրաւ (Յովհ. 17։4)։ Պօղոս առաքեալն ալ այս մարզին մէջ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։ Ան վճռած էր իր ծառայութիւնը ամբողջացնել (Գործք 20։24)։
Շրջանային տեսուչին դասախօսութիւնը ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս զանազան հրատարակիչներ իրենց ծառայութեան մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն։ Ապա «Ցանածդ մշակէ» դասախօսութիւնը պիտի ընդգծէ թէ ի՛նչպէս կրնանք իրապէս օգնել անոնց, որոնք «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» են (Գործք 13։48)։ Այցելու դասախօսը նախ համար առ համար նկատի պիտի առնէ Բ. Կորնթացիս 6։1-10–ը, «Ի՛նչպէս մենք մեզ կը յանձնարարենք որպէս ծառայողներ» խորագրով դասախօսութեան մէջ։ Իսկ յետմիջօրէին, ան ներկաներուն պիտի խօսի «Ծառայութիւնդ մեծապէս արժեւորէ» բնաբանին շուրջ։ Անկասկած պիտի քաջալերուիս «Երիտասարդն ու ծերը ծառայութեան մէջ հաճոյք կը գտնեն» եւ «Ծառայութիւնը կատարող դեռատիներ» խորագրով դասախօսութիւններով։ Մօտալուտ շրջանային առիթներէն մէկուն մէջ իրենց նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշել փափաքողները, շուտով վերակացու տեսուչը պէտք է տեղեկացնեն։ Մեր բոլոր համաժողովներուն մէկ երեսակն է Դիտարան–ի քննարկումը։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի շաբաթը ուսումնասիրուելիք պարբերաթերթը հետդ բեր։
Մինչ զգոյշ ենք որ մեր ծառայութիւնը կատարենք, կը ջանանք հոգ տանիլ որ այլ հետաքրքրութիւններ ու գործունէութիւններ շուքի մէջ չձգեն Եհովայի մեզի վստահած բաները։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի այս յայտագրին միջոցաւ հայթայթուած աստուածաշնչական քաջալերութիւնը, մեր բոլորին պէտք է օգնէ հասկնալու թէ ի՛նչ պէտք է ընենք մեր կեդրոնացումը պահպանելու եւ մեր ծառայութիւնը արժեւորելու համար, զայն լիովին կատարելու միտումով։